Գաղութային

«Տունս Քաղցր Ա» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

«Տունս Քաղցր Ա» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի երիտասարդ մասնագէտներու յանձնախումբին, համագործակցութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի վարժարաններու շրջանաւարտներու յանձնախումբին, հինգշաբթի, 7 մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Տունս քաղցր ա» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը: Նախքան ժապաւէնին ցուցադրութիւնը` Լիբանանի երիտասարդ մասնագէտներու եւ Լիբանանի վարժարաններու շրջանաւարտներու յանձնախումբերուն անունով արտասանուեցան հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով խօսքեր, որոնց մէջ համառօտ կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ` ժապաւէնի բովանդակութեան, անոր մարդասիրական պատգամին եւ արցախահայութեան...

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչում ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տան Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչում ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տան Մէջ

«Պահանջատէր` մինչեւ արդար հատուցում» խորագիրով, նախաձեռնութեամբ ՔԱՀԼ-ի տնօրէնութեան, ուրբաթ, 24 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչում` աւելի քան 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին: Առաւօտեան կանուխ ժամերուն մամիկներն ու պապիկները արդէն իսկ սկսած էին  պատրաստուիլ: Նախաճաշէն անմիջապէս ետք անոնք հանդարտօրէն սկսան համախմբուիլ սպասման վայրը. զիրար ողջունելով` սկսան զրուցել Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին մասին: Ապա եռագոյն դրօշները ի ձեռին,...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ներկայացուցիչները Այցելեցին «Ազդակ»

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ներկայացուցիչները Այցելեցին «Ազդակ»

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` ատենապետ  տոքթ. Իշխան Եղիայեան, անդամներ` Հրայր Սէյիսեան եւ Զաւէն Տէր Պետրոսեան, 13 մայիսին այցելեցին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ տեսակցեցան տնօրէնութեան ու խմբագրութեան հետ: Շրջանային վարչութեան անդամները ներկայացուցին ընթացիկ տարուան ՀՄԸՄ-ի ծրագիրները` մայիսեան փառատօն, ՄիջՀՄԸՄ-ական խաղեր, բանակումներ, ԼԵՎԱՄ, մարզական նախաձեռնութիւններ եւ տարբեր աշխատանքներ: Ապա անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ մասնաճիւղերու լայնատարած գործունէութեան: «Ազդակ»-ի ներկայացուցիչները խօսեցան ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը...

Լիբանանի Առաջին Տիկին Նեհմաթ Աուն  Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան

Լիբանանի Առաջին Տիկին Նեհմաթ Աուն Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան

Լիբանանի Հանրապետութեան Առաջին տիկին Նեհմաթ Աունի նախաձեռնած «Քաղաքացիութեան դպրոց» ազգային ծրագիրը թեւակոխեց կիրարկման գործնական փուլը: Այս ծրագիրը, որ կը միտի հիմնաքարը դնել դպրոցական քաղաքացիութեան միասնական չափանիշի մը, առանցքային նշանակութիւն ունի նոր սերունդի քաղաքացիական դաստիարակութեան եւ հայրենիքի հանդէպ իրաւունքներու ու պարտականութիւններու գիտակցութեան սերմանման մէջ: Ծրագիրի առաջին տարուան համար ընտրուած լիբանանեան 150 վարժարաններու շարքին է Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը: Զատկուան...

Յիշատակի Ձեռնարկ` Վիգէն Զաքարեանի  Նահատակութեան 34-Ամեակին Առիթով

Յիշատակի Ձեռնարկ` Վիգէն Զաքարեանի Նահատակութեան 34-Ամեակին Առիթով

Երէկ` կիրակի, 10 մայիսին, ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 34-րդ տարելիցին առիթով Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ապա Շուշիի ազատագրման եւ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 34-ամեակին առիթով ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբի Վիգէն Զաքարեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սագօ Էմիրզէյեան, այնուհետեւ կատարուեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն` նահատակ Վիգէն Զաքարեանի կեանքը...

Լիբանանի Մէջ Երեք Հայկական Կուսակցութիւնները  Ծաղկեպսակ Զետեղեցին Պէյրութի  Նահատակաց Յուշարձանին Առջեւ

Լիբանանի Մէջ Երեք Հայկական Կուսակցութիւնները Ծաղկեպսակ Զետեղեցին Պէյրութի Նահատակաց Յուշարձանին Առջեւ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ երեք Հայկական կուսակցութիւններուն եւ ներկայութեամբ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, Պէյրութի քաղաքապետ Իպրահիմ Զէյտանի, եւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Վահրամ Պարսումեանի, Սերժ Մելքոնեանի, Յովհաննէս Պչագճեանի եւ Ճօ Մրատի, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, ԼՕԽ-ի, ՀՄՄ-ի, Նոր Սերունդ մշակութային միութեան, Թէքէեան մշակութային միութեան ներկայացուցիչներու, չորեքշաբթի, 6 մայիս 2026-ին Պէյրութի Նահատակաց հրապարակի յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղման արարողութիւն` ի յիշատակ 6...

Հայ Կեանքի Եւ Միջին Արեւելքի Նորագոյն  Զարգացումներուն Լոյսին Տակ.  Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի  Անդրադարձաւ Ազգային Զօրաշարժի Հրամայականին

Հայ Կեանքի Եւ Միջին Արեւելքի Նորագոյն Զարգացումներուն Լոյսին Տակ. Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Անդրադարձաւ Ազգային Զօրաշարժի Հրամայականին

11-12 ապրիլ 2026-ին, Փարիզի մէջ գումարուեցաւ Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովը` մասնակցութեամբ Հայաստանի եւ  Արցախի կողքին սփիւռքի 26 երկիրներէ եկած աւելի քան 155 հեղինակաւոր մտաւորական, քաղաքական, հանրային եւ համայնքային գործիչներու: Խորհրդաժողովը հանգամանօրէն քննեց համազգային մարտահրաւէրներու եւ աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններու պայմաններուն մէջ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ներկայիս պարզած պատկերը եւ համահայկական օրակարգերու շուրջ զօրաշարժի անհրաժեշտութիւնը: Այս առիթով «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան չորեքշաբթի, 6...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Ռայի Պատրիարքին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը եւ Հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գրիգոր Պատիշահ 7 մայիսին այցելեցին Պքերքէ, ուր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին առջեւ ծաղկեպսակ զետեղելէ ետք հանդիպում ունեցան մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ: Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան եւ Յարութ Մարկոսեան, Ռայի պատրիարքին ներկայացուց բռնագրաւեալ Արցախի մէջ ընթացող մշակութային ցեղասպանութեան...

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Աննախընթաց Նախաձեռնութեամբ Մը.  Փրոֆ. Յակոբ Փանոսեան Պարգեւատրուցեաւ «Գերազանց Ուսուցման Սաումա Պուժաուտէ» Մրցանակով

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Աննախընթաց Նախաձեռնութեամբ Մը. Փրոֆ. Յակոբ Փանոսեան Պարգեւատրուցեաւ «Գերազանց Ուսուցման Սաումա Պուժաուտէ» Մրցանակով

Իւրայատուկ նախաձեռնութեամբ մը Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը (AUB) որոշեց «Գերազանց ուսուցման Սաումա Պուժաուտէ» մրցանակով («Saouma Boujaoude Teaching Excellence Award») պարգեւատրել իր անձնակազմի երկու աւագ դասախօսներ, որոնցմէ մէկը` ի հպարտութիւն լիբանանահայութեան,  փրոֆ. Յակոբ Փանոսեանն էր:  Չորեքշաբթի, 29 ապրիլ  2026-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին համալսարանի «Ատա Տոճ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փրոֆ. Յակոբ Փանոսեանի եւ դեղագործութեան դասախօս դոկտ. Ումայա Մշարրաֆիէի պարգեւատրումը` ներկայութեամբ համալսարանի դասախօսներուն...

Տեղի Ունեցաւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ Բանակումի Նախապատրաստական Աշխատանքներու Առաջին Սեմինարը

Տեղի Ունեցաւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ Բանակումի Նախապատրաստական Աշխատանքներու Առաջին Սեմինարը

Կիրակի, 26 ապրիլ 2026-ին ՀՄԸՄ-ի Ճիւնիի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումին մասնակցող 106 անդամներէ բաղկացած ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի պատուիրակութեան սեմինարը, որուն նպատակն էր բանակումի ընդհանուր ծանօթացում եւ աշխատանքներու մեկնարկ: Սեմինարը բացուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ, ապա մասնակիցները բաժնուեցան խմբակներու: Սեմինարի բացումէն ետք Շրջանային խմբապետութիւնը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց բանակումին օրէնքները եւ մանրամասնութիւնները: Ընդհանուր կանոններու ներկայացումէն ետք պատուիրակութեան անդամները մասնակցեցան կլոր սեղանի,...

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Հոգեւոր Տէրը

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Հոգեւոր Տէրը

Երեքշաբթի, 5 մայիս 2026-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հանդիպում մը կայացաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տիրոջ եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին միջեւ: Հանդիպման ներկայ էին Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Տաճատ եպս. Աշըգեան: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու եկեղեցիներուն գործակցութեան, ինչպէս նաեւ վեհափառ հայրապետին Վատիկան կատարելիք այցելութեան առնչուած հարցեր:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւը Ողջունող Նամակ Մը Յղեց Եւրոպական Միութեան Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտրա Տէ Վալէին յղեց նամակ մը, որուն մէջ ողջունեց Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ «Աջակցութիւն Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական դիմակայունութեան» բանաձեւի որդեգրումը եւ այդ «կարեւոր» բանաձեւի որդեգրումը նկատեց հայ ժողովուրդի, Եւրոպական Միութեան եւ ընդհանրապէս Եւրոպայի հասարակաց արժէքներու, մասնաւորաբար մարդու իրաւունքներու եւ արդարութեան մէկ արտայայտութիւնը, ինչպէս նաեւ ճիշդ ուղղութեամբ քայլ մը: Հայ դատի...

Հայկազեան Համալսարանը Կը Նշէ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ Տարելիցը

Հայկազեան Համալսարանը Կը Նշէ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ Տարելիցը

Հայկազեան համալսարանը ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը` յարգելով 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը եւ վերահաստատելով իր անսասան յանձնառութիւնը` պատմական ճշմարտութեան, արդարութեան եւ հայկական ինքնութեան պահպանման հանդէպ: Ապրիլ 24-ի երեկոյեան Հայկազեան համալսարանի ընտանիքի անդամները համախմբուեցան «Մուկար» պարտէզին մէջ` մասնակցելու յուզիչ արարողութեան մը, որ յատկանշուեցաւ` լոյսով, երաժշտութեամբ, խորհրդածութեամբ եւ աղօթքով: Մասնակիցները, կազմելով խորհրդաւոր շրջանակ մը, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին մոմերով ու սպիտակ ծաղիկներով...

Սուրբ Սեղանի Վերաօծում Եւ Սրբապատկերի Օծում Ազունիէի Ազգային Բուժարանի Մատրան Մէջ

Սուրբ Սեղանի Վերաօծում Եւ Սրբապատկերի Օծում Ազունիէի Ազգային Բուժարանի Մատրան Մէջ

Օրհնութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, շաբաթ, 25 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան, միաբան հայրերու խումբ մը` գլխաւորութեամբ կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեանի, այցելեց Ազունիէ, ուր Ազգային բուժարանի մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ սեղանի վերաօծումը եւ տէրունի սրբապատկերի օծումը: Սրբազան արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ազգային բուժարանի խնամակալութեան անդամները եւ տեղւոյն հոգատարութեան յանձնուած մեծ հայրիկներ ու մայրիկներ: Արարողութեան միացան նաեւ Լիբանանի Հայոց թեմի քահանայ հայրեր:...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ  Սէուտական Արաբիոյ Դեսպան Ուալիտ Պուխարին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպան Ուալիտ Պուխարին

Հինգշաբթի, 30 ապրիլ 2026-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կարեւոր զրոյց մը տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին միջեւ` ընդհանրապէս շրջանը եւ յատկապէս Լիբանանը յուզող հարցերու շուրջ: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց տագնապալից ներկայ ժամանակներուն Լիբանանի մէջ հանդարտութիւնն ու ապահովութիւնը պահելու առաջնահերթութիւնը: Դատապարտելով իսրայէլեան թափանցումը հարաւային Լիբանանի...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

27 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ: Շրջանային վարչութիւնը ներկայացուց վարչութեան հետագայ աշխատանքներու ծրագիրը: Քաղաքապետ Մ. Պօղոսեան բարձր գնահատեց միութեան ներդրումը եւ դերակատարութիւնը, յատկապէս նոր սերունդներու դաստիարակութեան եւ զարգացման մէջ` մարզական եւ սկաուտական շարժումներու միջոցով անոնց ջամբելով մարդկային ու ազգային վեհ սկզբունքներ: Քաղաքապետը յիշեց, որ ինք եւս անդամակցած է...

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչումներ` ԼԵՄ-ի Նախաձեռնութեամբ

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչումներ` ԼԵՄ-ի Նախաձեռնութեամբ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, չորեքշաբթի, 22 ապրիլ 2026-ի երեկոյեան Այնճարի «Հետուիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչման հսկում: Ձեռնարկը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն, Մուսա Լերան անկոտրում կամքին եւ պայքարի նոր թափ տալու անհրաժեշտութեան: Օրուան պատգամը յղեց Սամիկ Կարապետեան: Ան խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ յիշողութեան կարեւորութեան եւ զայն լոկ իբրեւ ցաւ չկրելու, այլ յիշատակը վերածելու...

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ Անթիլիասի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ Անթիլիասի Մէջ

Լիբանանի ներկայ իրավիճակէն մեկնելով եւ ապահովական նկատառումներով, Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի առիթով այս տարի տեղի ունեցաւ ոգեկոչման համեստ, բայց խորիմաստ ձեռնարկ մը` շաբաթ, 25 ապրիլ 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէին եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան գործակցութեամբ, մասնակցութեամբ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղի, «Աղբալեան» պատանեկան միութեան եւ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղին: Ծրագիրը բացուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի շեփորախումբին...

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչում Ֆանարի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչում Ֆանարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, չորեքշաբթի, 22 ապրիլ 2026-ին Ֆանարի մէջ նշուեցաւ ապրիլեան նահատակներու յիշատակը: Ոգեկոչման ընթացքը սկիզբ առաւ երեկոյեան ժամը 7:00-ին` մասնակցութեամբ ու առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շեփորախումբին: Լիբանանի, Հայաստանի ու Արցախի քայլերգներէն ետք բացման խօսքը արտասանեց  Ճօ Պասթաճեան, որ ընդգծեց, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը կը համապատասխանէ 1948-ի Միջազգային պայմանագիրին, Հռոմի կանոնագիրին, այսինքն «ICC»-ի եւ Թուրքիոյ ոճրային օրէնսգիրքի ցեղասպանութեան սահմանումին: Ան...

ՀՅԴ Սարդարապատ Կոմիտէին Նախաձեռնութեամբ Ապրիլեան Եղեռնի Ոգեկոչում Եւ Ծաղկեպսակի Զետեղում

ՀՅԴ Սարդարապատ Կոմիտէին Նախաձեռնութեամբ Ապրիլեան Եղեռնի Ոգեկոչում Եւ Ծաղկեպսակի Զետեղում

ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի կազմակերպութեամբ, հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի մէջ գործող երեք հայ յարանուանութիւններուն եւ մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի անդամներուն ու շեփորախումբին, ինչպէս նաեւ` ՀԿՄ-ի սկաուտներուն եւ երիտասարդականին, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի եւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան անդամներուն, կիրակի, 26 ապրիլ 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչում` Պուրճ Համուտի «Աշճեան» փողոցի վրայ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան...

Page 12 of 364 1 … 11 12 13 … 364

Արխիւներ