Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Առաջին Տիկին Նեհմաթ Աուն Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան

May 12, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի Հանրապետութեան Առաջին տիկին Նեհմաթ Աունի նախաձեռնած «Քաղաքացիութեան դպրոց» ազգային ծրագիրը թեւակոխեց կիրարկման գործնական փուլը: Այս ծրագիրը, որ կը միտի հիմնաքարը դնել դպրոցական քաղաքացիութեան միասնական չափանիշի մը, առանցքային նշանակութիւն ունի նոր սերունդի քաղաքացիական դաստիարակութեան եւ հայրենիքի հանդէպ իրաւունքներու ու պարտականութիւններու գիտակցութեան սերմանման մէջ:

Ծրագիրի առաջին տարուան համար ընտրուած լիբանանեան 150 վարժարաններու շարքին է Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը:

Զատկուան արձակուրդի նախօրեակին Լիբանանի Առաջին տիկին Նեհմաթ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի մեծաւոր Արամ Գարատաղլեանի հետ, որ ներկայացուց «Քաղաքացիական դպրոց» ծրագիրի ծիրին մէջ վարժարանին ծաւալած գործունէութիւնն ու կրթական հետեւողական քայլերը: Տիկին Աուն, տպաւորուած վարժարանի կենսունակութենէն, յայտնեց իր փափաքը` այցելելու կրթօճախ, անձամբ ծանօթանալու տարուող ժրաջան աշխատանքներուն եւ անմիջական կապ հաստատելու աշակերտութեան հետ:

Չորեքշաբթի, 29 ապրիլ 2026-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին Առաջին տիկին Նեհմաթ Աուն այցելեց վարժարան, ուր դիմաւորուեցաւ նախակրթարանի աշակերտութեան կողմէ` լիբանանեան դրօշակներով,  հայկական աւանդական արարողութեամբ, իսկ ՀԿՄ-ի անդամ վարժարանի աշակերտներէն բաղկացած շեփորախումբին հնչեցուցած յաղթական նուագներ: Ան դիմաւորուեցաւ` վարժարանի մեծաւոր Արամ Գարատաղլեանի, վարժարանի հոգեւոր վարիչ Լեւոն վրդ. Ստեփանի, Զալքայի քաղաքապետ Միշէլ Ասսաֆ Մըրրի, փոխքաղաքապետ Ժան Ապու Ժաուտէի եւ բաժնի պատասխանատուներու կողմէ:

Պատուիրակութիւնը առաջնորդուեցաւ դէպի տնօրէնութեան գրասենեակ, ուր անոր կը սպասէր Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան կաթողիկոս-պատրիարքը` ընկերակցութեամբ վարժարանի քրիստոնէականի ուսուցիչ Արամ վրդ. Աբրահամեանի:

Տնօրէնութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Արամ Գարատաղլեան, որ ողջունելով Առաջին տիկնոջ այցելութիւնը` հաստատեց, որ վարժարանը անոր հարազատ տունն է: Ապա ներկայացուց վարժարանի վարչական կազմի անդամներն ու բաժանմունքներու պատասխանատուները, որմէ ետք անդրադարձ կատարեց դպրոցի առաքելութեան: Ան ապա յայտնեց, որ վարժարանը արդէն իսկ հետեւողական աշխատանք կը տանէր քաղաքացիական դաստիարակութեան ջամբման ուղղութեամբ, եւ Առաջին Տիկնոջ նախաձեռնած այս ծրագիրը եկաւ ա՛լ աւելի զարգացնելու եւ համակարգելու այդ առանցքային մեկնակէտը:

Գարատաղլեան հաստատեց, որ 2026-ի տարեսկիզբէն սկսեալ վարժարանը իր բոլոր բաժանմունքներով ժրաջան աշխատանքի լծուած է` մշակելով իւրաքանչիւր տարիքային խումբի համապատասխան յատուկ յայտագիրներ: Այս ծրագիրները կը միտին կերտել ապագայի գիտակից ու լաւ քաղաքացիներ` զարգացնելով անոնց գիտելիքներն ու նուիրուածութիւնը հայրենիքի հանդէպ:

Տեսակցութեան ընթացքին խօսուեցաւ վարժարանի պատմական ուղիին, անոր կրթական առաքելութեան եւ «Քաղաքացիութեան դպրոց» ծրագիրի արձանագրած յառաջդիմութեան մասին: Արծարծուեցան նաեւ կրթական եւ քաղաքացիական դաստիարակութեան վերաբերող շարք մը կարեւոր հարցեր` շեշտելով դպրոցի դերը նոր սերունդի ձեւաւորման մէջ:

Տեսակցութեան աւարտին Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարք Առաջին տիկինը պարգեւատրեց հայոց հզօրագոյն գահակալ Մեծն Տիգրանի հազուագիւտ պղինձէ դրամով մը, որ իր մէջ կը խտացնէ Հայոց պատմութեան փառապանծ էջերն ու մեր արքայից արքայի հզօրութեան խորհուրդը: Այն սոսկ յուշանուէր չէ, այլ յարգանքի տուրք եւ խորհրդանշական պատգամ` հաստատելու համար հայ մշակոյթի ու պատմութեան անժամանցելի ներկայութիւնը Լիբանանի հողին վրայ:

Այս առիթով Առաջին տիկինը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց վարժարանին կատարած աշխատանքներուն համար` շեշտելով, որ ինք հիացած է այն մեծ ներդրումով, զոր Ս. Խաչ- Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը կատարած է քաղաքացիական դաստիարակութեան ծրագիրի ծիրին մէջ: Ան յատկանշական նկատեց այն իրողութիւնը, որ այս վարժարանը առաջին հայկական դպրոցն է, զոր ինք ընտրած է այցելել` հիմնուելով անոր ցուցաբերած լուրջ պատրաստուածութեան վրայ:

Այցելութեան յաջորդող փուլերը յագեցած էին աշակերտական խանդավառ ելոյթներով եւ կրթական ու ընկերային նախագիծներու ցուցադրութեամբ:

Առաջին տիկինը այցելեց մանկապարտէզի բաժինը, ուր «Ծաղիկ» դասարանի փոքրիկները զայն դիմաւորեցին Լիբանանի վիրաւոր հարաւին նուիրուած հայրենասիրական երգով մը, այցելեց մանկապարտէզի բոլոր դասարանները, որմէ ետք ան հիւրընկալուեցաւ Դ. դասարանի աշակերտութեան կողմէ, որոնք միասնաբար եւ մեծ ներշնչումով երգեցին Լիբանանի քայլերգը: Տիկին Աուն այցելեց Յատուկ ուսուցման բաժանմունք, ուր դիմաւորուեցաւ լիբանանեան դրօշակը կրող բլիթներով: Այստեղ ան մօտէն ծանօթացաւ բաժանմունքի նուիրեալ գործունէութեան եւ այն մարդասիրական առաքելութեան, զոր վարժարանը կը տանի յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու դաստիարակութեան մէջ: Ապա վարժարանի 4-րդ յարկի հանդիսասրահին մէջ Գ. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Made in Lebanon» (Լիբանանեան արտադրութիւն) խորագիրով յատուկ յայտագիր մը, որուն նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել եւ քաջալերել տեղական արտադրութիւնը (օճառ, կարկանդակ, կրկնեփուկ, տուրմ, մածուն եւ այլն…):

Այնուհետեւ վարժարանի խորհրդաժողովներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լիբանանի կաթողիկէ վարժարաններու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Եուսէֆ վրդ. Նասըր: Յատկանշական էր ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն ելոյթը, որոնք մեծ հմտութեամբ ներկայացուցին իրենց մշակած «Ճանապարհային անվտանգութեան նախագիծ»-ը (Road Safety Project): Յայտնենք, որ սոյն ծրագիրը կը նախատեսուի իրականացնել Զալքայի քաղաքապետարանի հետ սերտ համագործակցութեամբ` նպատակ ունենալով գործնական լուծումներով նպաստել վարժարանի շրջակայքի երթեւեկի անվտանգութեան ապահովման:

Այցելութեան աւարտին Առաջին տիկին Նեհմաթ Աուն լուսանկարուեցաւ վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ:

Մեկնումէն առաջ ան իր սրտի խօսքն ու տպաւորութիւնները արձանագրեց վարժարանի «Ոսկեայ մատեան»-ին մէջ` բարձր գնահատելով վարժարանի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին տարած երախտաշատ աշխատանքը: Իր գրառման մէջ ան յատկապէս շեշտեց. «Լիբանանի պատմութեան մէջ արմատացած հայութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր հանդիսացած է հասարակութեան կեդրոնական սիւներէն մէկը: Այսօր, այցելելով այս կրթական հաստատութիւնը եւ տեսնելով ձեր տարած աշխատանքը «Քաղաքացիութեան դպրոց» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս, մենք ականատես կը դառնանք այդ պատմական ժառանգութեան կենսագործման»:

 

Նախորդը

Մայրերու Օրուան Առթիւ Առաքինի Մօր Խրատը Իր Զաւակին

Յաջորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշի. Յաղթանակի Եւ «Պարտութեան» Վկան

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.