Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանը Կը Նշէ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ Տարելիցը

May 5, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկազեան համալսարանը ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը` յարգելով 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը եւ վերահաստատելով իր անսասան յանձնառութիւնը` պատմական ճշմարտութեան, արդարութեան եւ հայկական ինքնութեան պահպանման հանդէպ:

Ապրիլ 24-ի երեկոյեան Հայկազեան համալսարանի ընտանիքի անդամները համախմբուեցան «Մուկար» պարտէզին մէջ` մասնակցելու յուզիչ արարողութեան մը, որ յատկանշուեցաւ` լոյսով, երաժշտութեամբ, խորհրդածութեամբ եւ աղօթքով: Մասնակիցները, կազմելով խորհրդաւոր շրջանակ մը, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին մոմերով ու սպիտակ ծաղիկներով եւ լռութեամբ զանոնք զետեղեցին «Անմոռուկ» խորհրդանշական յուշարձանին առջեւ` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: Պաշտօնական հիւրերուն կարգին էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ, նաեւ` դասախօսներ, համալսարանի անձնակազմը եւ ուսանողներ:

Ոգեկոչումը լոկ յիշատակում չէր. անիկա արժանապատուութեան, արդարութեան, վերածնունդի եւ յիշելու բարոյական պատասխանատուութեան հաւաքական վերահաստատումն էր: Հաւաքը նաեւ յարգեց յիշատակը մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու բոլոր զոհերուն` տարբեր ազգերու եւ պատմական ժամանակաշրջաններու:

Յայտագիրը ընդգրկեց երաժշտական կատարում մը` երաժշտական ակումբի անդամ Մարք Կուլկուլեանի կողմէ, որ նուագեց Շարլ Ազնաւուրի յուզիչ «Իլ սոն թոմպէ» («Անոնք ինկան») ստեղծագործութիւնը` իբրեւ յարգանքի տուրք անմեղ զոհերուն: Այնուհետեւ համալսարանի հոգեւոր տեսուչ վեր. Ուիլպերթ Վան Սաանէն առաջնորդեց ներկաները աղօթքով:

Իր խօսքին մէջ համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան հանդէս եկաւ յիշողութեան, արդարութեան եւ բարոյական պատասխանատուութեան շուրջ  խորհրդածութեամբ: «Յիշողութիւնը արդարութեան համար պայքարելու հիմնական գործիքներէն մէկն է,- ըսաւ ան: – Սակայն պատմութեան շրջումը ոճրագործի կողմէ կիրարկուող ժխտողականութեան մեքենականութիւն մըն է: Յիշելը եւ արդարութիւն պահանջելը քաղաքական խաղաթուղթեր չեն ազգերու սեղանին վրայ, այլ բնական հակազդեցութիւն` Ցեղասպանութեան դէմ»:

Շեշտելով ոգեկոչման բարոյական եւ հոգեւոր կողմերը` վեր. Հայտոսթեան աւելցուց. «Յարգելով նահատակներուն յիշատակը` մենք կը հաստատենք իւրաքանչիւր մարդկային կեանքի սրբազան արժանապատուութիւնը, քանի որ անմեղներուն եւ անոնց սերունդներուն աղաղակը երբեք չի կորսուիր Աստուծոյ առջեւ»:

Ան նաեւ ընդգծեց ապրիլ 24-ի շարունակական այժմէականութիւնը. «Ապրիլ 24-ը միայն թուական մը չէ. անիկա խիղճի կոչ է: Նոյն այդ խիղճը այսօր կոչուած է սգալու Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման նոր ձեւերը, ինչպէս նաեւ` մեր տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող ամէն տեսակի ցեղասպանութիւններու նոր դրսեւորումները»:

Անդրադառնալով համալսարանի ակադեմական առաքելութեան` վեր. դոկտ. Հայտոսթեան եզրափակեց. «Ասիկա կրթական հաստատութիւն է. հետեւաբար մեր որդեգրած գլխաւոր բարոյական կոչումն է սորվեցնել մեր համայնքին` ապրիլ խաղաղութեան եւ արդարութեան համար, եւ ոճիրները կոչել իրենց անուններով` անկախ անկէ, թէ ո՛վ է յանցագործը, ե՛րբ գործուած է ոճիրը, կամ ի՛նչ է անոր տարողութիւնը»:

Հայկազեան Համալսարանը Կը Նշէ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ Տարելիցը
Հայկազեան Համալսարանը Կը Նշէ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ Տարելիցը
Հայկազեան Համալսարանը Կը Նշէ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ Տարելիցը
Նախորդը

Նախագահ Տանըլտ Թրամփ Կողմնակից Է Թուրքիոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ուրացման

Յաջորդը

Այցելութիւն Արեւմտեան Թրակիա «Մի՛ Մոռնաք Մեզ»

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.