Գաղութային

Մոսկուայի Մէջ Բագրատունի Հանդիպում  Ունեցաւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան  Ներկայացուցիչին Հետ

Մոսկուայի Մէջ Բագրատունի Հանդիպում Ունեցաւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ներկայացուցիչին Հետ

Աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա կեցութեան շրջագիծին մէջ, Յակոբ Բագրատունի այցելեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ նախարարութեան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի Լիբանանի եւ Սուրիոյ հարցերու գլխաւոր տեղակալ Թիմոր Սերքեւիչ Փեշաթքինի հետ: Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումին արծարծուեցան շրջանային զարգացումները` Իրանի վրայ ամերիկեւիսրայէլեան եւ Լիբանանի վրայ Իսրայէլի կատարած յարձակումներուն լոյսին տակ: Ռուս դիւանագէտը լայնօրէն պարզեց տիրող իրավիճակը եւ այդ ուղղութեամբ Ռուսիոյ...

Լիբանանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանատունը  ՀՅԴ Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Պիտի Փոխանցէ  «Լոնտոնի Առնչակից Բաժանմունքին»

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Եւ Պէյրութի Մէջ Շրջանային Գրասենեակի Տնօրէնին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Խալետ Էնանիի եւ Պէյրութի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջանային գրասենեակի տնօրէն Փաոլօ Ֆոնթանիի յղեց նամակ մը` անդրադառնալով Արցախի մէջ հայկական մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան դէմ գործուող մշակութային ցեղասպանութեան: Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ նշեց. «Ձեզի կը գրենք` արտայայտելու մեր խոր մտահոգութիւնն ու աներկբայելի դատապարտումը Լեռնային Ղարաբաղի/Արցախի մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան...

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Աշակերտական Ոգեկոչում` Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանի Շրջափակին Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Աշակերտական Ոգեկոչում` Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանի Շրջափակին Մէջ

Չորեքշաբթի, 22 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչում: Վարժարանի աշակերտները, իրենց ձեռքին ծաղիկներով եւ Լիբանանի, Հայաստանի, Մխիթարեան միաբանութեան եւ վարժարանի դրօշներու առաջնորդութեամբ, համախմբուեցան Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին շուրջ, ուր դիմաւորեցին այս առթիւ վարժարան ժամանած հիւրերը: Ձեռնարկին մեկնարկը տուաւ Յարութ Հարպոյեան, յայտագիրին մասնակցեցան վարժարանի տարբեր դասարաններու աշակերտներ` ասմունքով, նուագով ու պարով:...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտները Այցելեցին Պիքֆայայի Յուշարձան

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտները Այցելեցին Պիքֆայայի Յուշարձան

Հինգշաբթի, 23 ապրիլ 2026-ի յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդը, խմբապետութիւնը, շեփորախումբը, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերու երէց-պարմանուհի փաղանգներն ու խմբապետական կազմերը այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին: Ս. Աստուածածինի շրջափակը խորանին առջեւ տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ` դպրեվանքի սաներու կատարողութեամբ: Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ սկաուտական արարողութիւն: Ապա սկաուտները, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ,...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտներէն Եւ Մարզիկներէն Կազմուած Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Այնթուրայի Սեն Ժոզեֆ Դպրոցը Եւ Ճիպէյլի «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտներէն Եւ Մարզիկներէն Կազմուած Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Այնթուրայի Սեն Ժոզեֆ Դպրոցը Եւ Ճիպէյլի «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի առիթով, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներէն եւ մարզիկներէն կազմուած պատուիրակութիւն մը այցելեց Այնթուրայի Սեն Ժոզեֆ դպրոցը եւ Ճիպէյլի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու սրբադասուած նահատակներուն, որոնց մէկ մասը ջարդէն ճողոպրած` հաստատուեցաւ վերոնշեալ վայրերը` իբրեւ որբանոց: Այնթուրայի Սեն Ժոզեֆ դպրոց այցելութեան ընթացքին դպրոցի պատմութեան արխիւները հետազօտող Շարլ Հայէք պատուիրակութեան մանրամասնութեամբ ներկայացուց...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Յիշել, Յիշեցնել Եւ Պահանջել.  Ա՛յս Պէտք Է Ըլլայ Ուխտը Իւրաքանչիւր Հայուն»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Յիշել, Յիշեցնել Եւ Պահանջել. Ա՛յս Պէտք Է Ըլլայ Ուխտը Իւրաքանչիւր Հայուն»

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակը Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ եւ լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կազմակերպութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ կառուցուած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատրան դիմաց ոգեկոչուեցաւ սրբադասեալ նահատակներուն յիշատակը, հինգշաբթի, 23 ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին: Հոծ թիւով հայորդիներու շարքին ներկայ էին պաշտօնական անձնաւորութիւններ: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով...

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

Հայկական Երեք Կուսակցութիւններու Միացեալ Յայտարարութիւն. Չճանչցուած Ցեղասպանութիւնը Տուն Կու Տայ Նորերու

Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով, Լիբանանի մէջ, մենք` հայկական երեք կուսակցութիւնները կը վերահաստատենք մեր նահատակներուն հանդէպ հաւատարմութիւնը` կառչած մեր իրաւունքներուն եւ վճռական` շարունակելու պայքարը յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան: Լիբանանէն` այն երկրէն, որ գրկեց մեր ժողովուրդը ջարդերէն ետք, կը յիշենք, թէ հայերը հասան իբրեւ տեղահանուածներ` ծանրաբեռնուած Ցեղասպանութեան ցաւերով, սակայն յաջողեցան վերականգնիլ եւ նպաստել այս երկրի կառուցման` դառնալով անոր հիւսուածքի անբաժանելի մասը:...

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Մատուցուեցաւ  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն  Նուիրուած Սուրբ Պատարագ

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Մատուցուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն Նուիրուած Սուրբ Պատարագ

Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ ոգեկոչման առիթով, ուրբաթ, 24 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մեր ժողովուրդի զաւակները համախմբուեցան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` մասնակցելու սուրբ եւ անմահ պատարագին, կատարելու Բարեխօսական կարգ եւ ծաղկեպսակներ զետեղելու Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատրան առջեւ: Արդարեւ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ, կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեան մատուցեց սուրբ պատարագը: Ներկայ էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, Լիբանանի մէջ...

Հայրապետական Ս. Պատարագ` Նուիրուած  Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակին

Հայրապետական Ս. Պատարագ` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակին

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը 24 ապրիլ 2026-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան 111 ամեակին նուիրուած հայրապետական Ս. պատարագ` առընթերակայութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեանի եւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Լեւոն վրդ. Ստեփանեանի, իսկ արարողապետն էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ Արամ վրդ. Աբրահամեան:...

Հայ Աւետարանական Ապրիլեան  Միացեալ Ոգեկոչում

Հայ Աւետարանական Ապրիլեան Միացեալ Ոգեկոչում

Պէյրութի եւ շրջանի Հայ աւետարանական եկեղեցիները միասնաբար ոգեկոչեցին ապրիլեան նահատակներուն յիշատակը Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, ուրբաթ, 24 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան: Լիբանանի հայ աւետարանական հովիւներ եւ ժողովուրդը ներկայ եղան պաշտամունքին, ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան առաջին քարտուղար` Ալիք Ղարիբեան: Պաշտամունքը սկսաւ աստուածաշնչական ընթերցուածներով, երգով եւ աղօթքով` առաջնորդութեամբ վեր. Ժիրայր Ղազարեանի, վեր. Հրայր Չօլագեանի եւ պատ. Ճորճ...

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին.   Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչման Լիբանանահայ Վարժարաններու Միացեալ Հաւաք` Աւելի Քան 1200 Աշակերտներու Մասնակցութեամբ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին. Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչման Լիբանանահայ Վարժարաններու Միացեալ Հաւաք` Աւելի Քան 1200 Աշակերտներու Մասնակցութեամբ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն, եւ ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներու, տնօրէններու եւ ուսուցիչներու, հինգշաբթի, 23 ապրիլ 2026-ի կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Նահատակաց յուշարձան-մատրան դիմաց տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի աշակերտական հաւաք: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու...

Հսկումի Երեկոյ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ

Հսկումի Երեկոյ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ

Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին, 23 ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Զմմառու Տիրամօր վանքին Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան նահատակներու յիշատակին հսկումի երեկոն, որ կը կրէր «Սրբութեան լոյսը` Ցեղասպանութեան խաւարէն» խորագիրը: Ներկայ էին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կղերական դասը, ներկայ ու նախկին պետական նախարարներ եւ երեսփոխաններ, պետական եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Լիբանանի...

«Ազատամարտ» Ակումբէն Քայլարշաւ Դէպի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

«Ազատամարտ» Ակումբէն Քայլարշաւ Դէպի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին, ապրիլ 24-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին տեղի ունեցաւ աւանդական քայլարշաւ «Ազատամարտ» ակումբէն Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան: Քայլարշաւին մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի տարազաւորները , ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղի անդամները, «Ազատամարտ-Մուրատ» պատանեկան միութեան անդամները, ԼՕԽ-ականներ ու հայորդիներ: Խորհրդաւոր էր պատկերը սկաուտներուն, յատկապէս մոկլիներուն, արծուիկներուն եւ գայլիկներուն, որոնք մէկական ծաղիկ իրենց ձեռքին` խրոխտ քայլերով ու...

ՀԲԸՄ-ի Ընտանիքը Կը Վերահաստատէ Յանձնառութիւնը Պահանջատիրութեան Երթին

ՀԲԸՄ-ի Ընտանիքը Կը Վերահաստատէ Յանձնառութիւնը Պահանջատիրութեան Երթին

Անգամ մը եւս վերահաստատելով իր մնայուն կառչածութիւնը յիշելու, յիշեցնելու եւ պահանջելու ուղեգիծին, ՀԲԸՄ-ի ընտանիքը 24 Ապրիլ 2026-ին իր մասնակցութինը բերաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111րդ տարելիցի ոգեկոչումին: Կանուխ առաւօտեան, ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի գանձապահ տիար Յակոբ Տանձիկեան եւ անդամներ տիկ. Միրէյ Խանամիրեան, դոկտ. Դալար Աթէշեան եւ տիար Յակոբ Ճըղըլեան ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ փողերախումբին, Անդրանիկ Սեւանի ու Անդրանիկ Անթիլիասի խումբ մը սկաուտներու հետ այցելեցին Տանն...

«Ազդակ»-ի 86-րդ Առցանց  Լսարան. Թուրքիոյ Պետական-Ուժային Կառոյցներու Համակարգը Գործադրած Է Ցեղասպանութեան Բոլոր Փուլերը

«Ազդակ»-ի 86-րդ Առցանց Լսարան. Թուրքիոյ Պետական-Ուժային Կառոյցներու Համակարգը Գործադրած Է Ցեղասպանութեան Բոլոր Փուլերը

«Ազդակ»-ի  86-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 22 ապրիլ 2026-ին, Պէյրութի ժամով 18:00-ին։ Դասախօսն էր Աշխէն Բասէնցեան, նիւթ՝ «Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեան ընթացքին օսմանեան բանակին եւ այլ կազմաւորումներու ներգրաւուածութիւնը (1914-1918)»։ Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան։ Պատմութեան մագիստրոսի կոչում ունեցող դասախօսը ներկայացուց թեման՝ նշելով այն պետական կառոյցները, որոնք մասնակցեցան Ցեղասպանութեան գործադրութեան ընդհանուր որոշումին։ Խիստ արդիական կը հնչէ  ներկայացումը՝...

Երեք Հայ Հոգւոր Պետերու Հանդիպում  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Երեք Հայ Հոգւոր Պետերու Հանդիպում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հրաւէրով, չորեքշաբթի, 22 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ գումարուեցաւ միջհամայնքային խորհրդակցական ժողով մը: Ժողովին կը մասնակցէին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարք եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահի տեղապահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան: Ժողովին մասնակցելու համար հրաւիրուած էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր...

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի, 19 ապրիլին, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Պատարագի ընթացքին սրբազան հայրը միւռոնով օծեց արուեստագէտ հանգուցեալ Գրիգոր Զոհրապ Քէշիշեանի վրձինին պատկանող երկու սրբապատկերներ, որոնք եկեղեցւոյ նուիրուած էին արուեստագէտին քրոջ աղջկան` Թալին Գանլըճեանի կողմէ: Յայտնենք, որ ան նաեւ Գրիգոր Զոհրապ Քէշիշեանի չորս արուեստի...

«Ազդակ»-ի Վաստակաշատ Նախկին Խմբագրապետ Սարգիս Մահսէրէճեանի Յիշատակին Հոգեհանգիստ Եւ Յուշ Հանդիպում

«Ազդակ»-ի Վաստակաշատ Նախկին Խմբագրապետ Սարգիս Մահսէրէճեանի Յիշատակին Հոգեհանգիստ Եւ Յուշ Հանդիպում

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, կիրակի, 19 ապրիլ 2026-ին ս. պատարագի աւարտին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն «Ազդակ»-ի վաստակաշատ խմբագրապետ Սարգիս Մահսէրէճեանին յիշատակին` նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեանի: Ապա, կէսօրուան ժամը 12:30-ին «Ազդակ»-ի Փիւնիկ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սարգիս Մահսէրէճեանին նուիրուած յուշ-հանդիպում մը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սէրուժ Խանճիհանեան, որ Սարգիս Մահսէրէճեանը...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութւնը Այցելեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութւնը Այցելեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան

17 ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը այցելեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան` վերջինիս կեդրոնին մէջ: Հանդիպումի ընթացքին Շրջանային վարչութիւնը անդրադարձաւ յառաջիկայ երկու տարիներու նախատեսած գործելաձեւին եւ  ծրագիրին: Ան ներկայացուց ԼԵՎԱՄ-ի, սկաուտական, մարզական, քարոզչական, կազմակերպչական աշխատանքներու ընթացքը եւ յառաջացուցած յանձնախումբերը: Այս ամառ Լիբանանէն աւելի քան 106 սկաուտներ պիտի մեկնին Հայաստան` մասնակցելու համար ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումին, որ տեղի...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակներ Յղեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Երկիրներու Դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին առիթով նամակներ յղեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն: Հայ դատի մարմինը այդ երկիրներուն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար իր խոր գնահատանքը արտայայտելով նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած պետութիւններուն սկզբունքային դիրքորոշումը անոնց պատմական ճշմարտութեան, մարդկային արժանապատուութեան եւ արդարութեան ու հաշուետուութեան համաշխարհային արժէքներուն նկատմամբ յանձնառութեան արտացոլացումն է: Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նշեց,...

Page 13 of 364 1 … 12 13 14 … 364

Արխիւներ