Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչում ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տան Մէջ

May 14, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Պահանջատէր` մինչեւ արդար հատուցում» խորագիրով, նախաձեռնութեամբ ՔԱՀԼ-ի տնօրէնութեան, ուրբաթ, 24 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչում` աւելի քան 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին:

Առաւօտեան կանուխ ժամերուն մամիկներն ու պապիկները արդէն իսկ սկսած էին  պատրաստուիլ: Նախաճաշէն անմիջապէս ետք անոնք հանդարտօրէն սկսան համախմբուիլ սպասման վայրը. զիրար ողջունելով` սկսան զրուցել Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին մասին: Ապա եռագոյն դրօշները ի ձեռին, «Պայքար` մինչեւ յաղթանակ» բացագանչելով ուղղուեցան հոն, ուր զետեղուած էր Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած խորհրդանշական յուշակոթողը:

Որքան ազդեցիկ էր տեսնել անոնց եռանդն ու հայրենասիրական ոգին, որ կը բացայայտէր անոնց երակներուն մէջ հայու արեան կանչը: Կարծէք թէ վերջին հասնողներն ըլլային Տէր Զօրի անապատներու արհաւիրքէն:

Ցեղասպանութեան նուիրուած յայտագիրը սկիզբ առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով, զոր երգեցին մամիկներն ու պապիկները:

Ոգեկոչման բացման խօսքը արտասանեց Յարութ Հարպոյեան: Ամէն բանէ առաջ փառք տուաւ  Բարձրեալն Աստուծոյ, ապա ՔԱՀԼ-ի տնօրէնութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց մամիկներուն ու պապիկներուն, որոնք տակաւին կ՛ապրին իրենց անցեալի յուշերով,  աւելցնելով. «Դուք ապրեցաք տքնաջան օրեր եւ կարողացաք տոկալ բոլոր դժուարութիւններուն»:

Ան դիտել տուաւ, որ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն` Հայոց ցեղասպանութենէն, արդէն իսկ անցած են 111 տարիներ, սակայն անիկա տակաւին կ՛ոգեկոչուի Լիբանանի մէջ եւ աշխարհի վրայ ամէն տեղ, ուր հայ կայ:

Հարպոյեան նշեց, որ մամիկներուն ու պապիկներուն յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ են` բարբարոս թուրքին կատարած անմարդկային ցեղասպանութիւնը, հայ ժողովուրդին անցած դարերու տառապանքն ու Գողգոթայի ճանապարհը: «Դուք ձեր խիղճը խեղդեցիք եւ զայն վերածեցիք վրէժի ու պայքարի», հաստատեց ան:

Յայտագիրի երկրորդ բաժինով պատսպարեալներէն Ֆրանսիքա Աշգարեան մեներգեց ազգագրական երգերէն «Կոտորածն անգութ», «Ո՞ւր է մայրիկ իմին հայրիկը», «Կռունկ, ուսկից կու գաս» եւ «Անգին եղբայր», ապա իրենց մասնակցութիւնը ունեցան Արփինէ Գազեզեան եւ Գաբրիէլ Քարտաշեան: Ապա խօսք առաւ Հրանդ Մաքտէսեանը, որ բարձր գնահատելով` արժեւորեց հայուն հայ մնալու կարեւորութիւնը եւ թելադրեց հեռու մնալ թրքաբարոյ երգերէն եւ թրքերէն խօսակցութիւններէն` մեր կեանքին մէջ:

Ապա Վաչէ Եոզկաթեան իր խօսքին մէջ կոչ ուղղելով նոր սերունդին` ըսաւ. «Հայ դատին նկատմամբ մնացէք պահանջատէր` մինչեւ արդար հատուցում»: Ապա Մակի Գէորգեան արտասանեց Դանիէլ Վարուժանին «Դերենիկը»:

Ի վերջոյ, Մայտա Անտոնեան կատարեց փակման խօսքը. ան արժեւորեց ՔԱՀԼ-ին տարած երկար տարիներու ծառայութիւնն ու ժրաջան աշխատանքը` ապահովելով պատսպարեալներուն կարիքներն ու խնամելով զանոնք, վառ պահելով անոնց ընտանեկան թէ ընկերային տրամադրութիւնը:

Ապա ան ըսաւ. «Դուք մեր արժէքաւոր մասնիկներն էք եւ կենդանի լոզունգները, որ անդադար կը հնչեցնէք մեր մտքին ու խղճին: Անտոնեան նշեց, որ ՔԱՀԼ-ը այն տապանն է, որ դարեր առաջ կանգ առաւ Արարատ լերան գագաթը. այսօր ՔԱՀԼ-ին նաւարկութիւնը կը պարտի պատուարժան տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեանին, անոր աչալուրջ հսկողութեան եւ տնօրինութեան, մաղթելով անոր առողջութիւն եւ համբերութիւն: Բուռն ծափահարութիւններու ներքոյ պատսպարեալներն ու պաշտօնէութիւնը խունկ վառեցին յուշակոթողին դիմաց:

Նախորդը

Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման Տօնը

Յաջորդը

Փառք Այն Երիտասարդութեան, Որուն Պայքարի Զրահը Վիգէնն Է*

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.