Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ջիւան Աւետիսեանի «Դրախտի Դարպասը» Ժապաւէնը Ցուցադրուեցաւ Լիբանանահայ Հանրութեան Եւ Աշակերտութեան

November 28, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին հրաւէրով Լիբանան գտնուող հայրենի տաղանդաւոր բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի արցախեան նիւթով երրորդ ժապաւէնը` «Դրախտի դարպասը» շաբաթ, 26 նոյեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին ցուցադրուեցաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: (Ձեռնարկին մանրամասնութիւնները` «Ազդակ»-ի յաջորդ թիւով):

Մինչ այդ, շաբթուան ընթացքին եւս լիբանանահայ աշակերտները առիթ ունեցան դիտելու այս ժապաւէնն ու բեմադրիչին նախորդ` «Թեւանիկ» ժապաւէնը եւ զրուցելու բեմադրիչին հետ:

Հինգշաբթի, 24 նոյեմբեր 2022-ին ժապաւէնը ցուցադրուեցաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ: Ցուցադրութեան աւարտին աշակերտները առիթը ունեցան բեմադրիչին ուղղելու իրենց հարցումները:

Նոյն օրը Ջիւան Աւետիսեան այցելեց Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Լսարանական միութեան աշակերտներուն հետ: Տրուած ըլլալով, որ աշակերտները օր մը առաջ դիտած էին «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնը, անոնք հարցումներ ուղղեցին բեմադրիչին, եւ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական զրոյց: Ապա բեմադրիչը խօսեցաւ ժապաւէնին կարեւորութեան ու իր ստեղծագործական անցած ճանապարհին  մասին եւ ցուցադրեց իր «Թեւանիկ» ժապաւէնէն հատուածներ:

Ուրբաթ, 25 նոյեմբեր 2022-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ ցուցադրուեցաւ բեմադրիչին «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնը, որուն ներկայ գտնուեցան 6-րդէն 12-րդ դասարանի աշակերտները: Բարի գալուստի խօսք արտասանեց վարժարանի կրթական տնօրէն Գրիգոր Էքմեքճեան, ապա ժապաւէնի աւարտին Ճիւան Աւետիսեան արտասանեց իր սրտի խօսքը եւ պատասխանեց աշակերտներու հետաքրքրական հարցումներուն:

Նոյն օրը երեկոյեան «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնը ցուցադրուեցաւ դպրեվանքին մէջ: Նշան սրկ. Անտրեան ներկայացուց Ջիւան Աւետիսեանի կենսագրականը, ապա դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան բարի գալուստ մաղթեց բեմադրիչին` ուրախ առիթ նկատելով անոր դպրեվանք այցելութիւնը: Ժապաւէնի աւարտին բեմադրիչ Աւետիսեան խօսեցաւ ժապաւէնի աշխատանքի գործընթացին եւ դժուարութիւններուն մասին, ապա սաներուն առիթ տրուեցաւ հարցումներ ուղղելու, այնուհետեւ հայր սուրբը դպրեվանքի անունով յուշանուէր մը յանձնեց Ջիւան Աւետիսեանին:

Նախորդը

Կենսունակ Համայնքի Մը Սպասումով

Յաջորդը

Մոնտիալ 2022. Անակնկալներու Մոնտիալը

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.