Չորեքշաբթի, 16 նոյեմբեր 2022-ին առաւօտեան ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը այցելեց ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն եւ հանդիպում-ժողով մը ունեցաւ Շրջանային վարչութեան հետ: Արծարծուեցան դիմագրաւուած դժուարութիւնները եւ ապագայ ծրագիրները:
Այնուհետեւ Կեդրոնական վարչութիւնը ականատես եղաւ իր աջակցութեամբ շարունակուող ԼՕԽ-ի «Վ. Տեկիրմենճեան» խոհանոցի «Տաք ճաշ» ծրագիրի օրուան ճաշի պատրաստութեան աշխատանքներուն եւ ճաշերու բաշխման գործընթացին: Ապա շրջեցաւ կեդրոնի բաժանմունքները եւ մօտէն ծանօթացաւ կեդրոնի գործունէութեան:
Անկէ ետք ՀՕՄ-ականները այցելեցին ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի վաճառատուն եւ ականատես եղան հայկական դարաւոր արժէքները պահպանող, հայկական ասեղներով աշխատցուած ու այդտեղ ցուցադրուած գեղեցիկ ձեռագործներու:
Նոյն օրը, յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին Ազգ. Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ Կեդրոնական վարչութիւնը հանդիպում ունեցաւ ԼՕԽ-ականներու հետ` ներկայութեան ԼՕԽ-ի նախկին շրջանային վարչութիւններու, Շրջանային վարչութեան յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններու անդամներու:
Հանդիպումը սկսաւ ՀՕՄ-ի քայլերգով, ապա Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան հանդէս եկաւ բարի գալուստի խօսքով: Ան ըսաւ. «ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան աջակցութիւնն ու մեզի նեցուկ կանգնիլը առաւել կը գօտեպնդեն մեզ` յաւելեալ ուժով ու կորովով շարունակելու մեր սրբազան առաքելութիւնը, շրջանցելու բոլոր դժուարութիւնները եւ հասնելու Լիբանանի տարածքին դժուարութեան մատնուած հայ կարիքաւորին, անկարին, հիւանդին եւ աշակերտին»:
Ցուցադրուեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին եւ Շրջանային վարչութեան գոծունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Նայիրի Տէրտէրեան, որ սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց ՀՕՄ-ի աշխարհատարած գործունէութիւնը: Ան շեշտը դրաւ Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներու եւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք թշնամիին կողմէ Արցախի կազի մատակարարումի կասեցման պատճառով, Արցախի բնակարանները արեւային վահանակներով օժտելու ծրագիրներուն, Լիբանանի նաւահանգիստի պայթումին եւ տնտեսական ծանր պայմաններու լոյսին տակ լիբանանահայութեան օժանդակելու ծրագիրին, Հայաստանի «Մօր ու մանկան կեդրոն»-ին, «Չինուորի տուն» եւ զոհուած հերոսներու զաւակներուն հասնելու ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ` Սուրիոյ ու Ջաւախքի հայ կարիքաւորներուն սատարելու ծրագիրներուն:
Ն. Տէրտէրեան բարձր գնահատեց ԼՕԽ-ի գործունէութիւնն ու լայնատարած աշխատանքները: Աւարտին Կեդրոնական վարչութիւնը պատշաճ հիւրասիրութեամբ պատուեց ներկաները:
Հինգշաբթի, 17 նոյեմբեր 2022-ին Կեդրոնական վարչութիւնը մեկնեցաւ Այնճար: Նախ այցելեց Այնճարի քաղաքապետարան, ուր դիմաւորուեցաւ քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանին կողմէ: Ապա ուղղուեցաւ դէպի ԼՕԽ-ի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» դարմանատուն եւ մօտէն ծանօթացաւ կեդրոնի գործունէութեան, որմէ ետք այցելեց «Աղթամար» մասնաճիւղի Ձեռարուեստի կեդրոնը:
ՀՕՄ-ի ատենապետ Նայիրի Տէրտէրեան դրուատիքով արտայայտուեցաւ եւ գնահատեց տարուած աշխատանքները:
Եզրափակելով իրենց այցելութիւնը վարչութիւնը այցելեց ԼՕԽ-ի «Ա. եւ Ա. Գլպաշեան» կազդուրման կայան:
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ