Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Նոյեմբեր 29, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Արդարեւ, շաբաթ, 26 նոյեմբերի առաւօտեան տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, ապա սկսաւ մատաղի պատրաստութիւնը, որուն զուգահեռ կատարուեցաւ ժամերգութիւն:

Կիրակի, 27 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 9:30-ին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան ժամանեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին դիմաց, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, Ազգային Երեսփոխանական ժողովի անդամներուն, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, շրջանի պատկան մարմիններուն եւ թաղականութեան կողմէ: Ապա թափօրը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի գլխաւորութեամբ, ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը մատուցեց ս. պատարագ:

Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ ընդհանուր եկեղեցւոյ հետ միասին, այս շաբաթ մեր եկեղեցին ալ տօնախմբեց Աստուածամօր տաճարի ընծայման յիշատակը,  բացատրելով, որ ընծայել` կը նշանակէ նուիրել:  Սրբազան հայրը անդրադարձաւ այն դրուագին, թէ ինչպէ՛ս Մարիամ ուխտի զաւակ էր, եւ իր ծնողները` Յովակիմն ու Աննան, յառաջացած տարիքի մէջ, աղօթքով կրցած էին զաւակ ունենալու բախտին արժանանալ եւ,  հետեւաբար, Աստուծոյ պարգեւած շնորհքին դիմաց, իրենց զաւակը տաճարին ընծայեցին, որպէսզի ան հասակ առնէ աղօթաբոյր ու բարեպաշտ մթնոլորտի մէջ:

Առաջնորդ սրբազանը անդրադառնալով Աստուածամօր տաճարի ընծայման` նշեց, որ մեր երախտիքն ու հաւատարմութիւնը կը յայտնենք Աստուծոյ, որ միշտ մեզ կ՛արժանացնէ իր անբաւ շնորհքներուն, աւելցնելով, որ Աստուածածնայ տօներուն առիթով մեր եկեղեցին առաւելաբար կը փառաւորէ հաւատացեալ ու խոնարհ հայ մայրերուն օրինակը, որովհետեւ մեր աւանդութեան մէջ մայրը ոչ միայն կը մեծցնէ իր զաւակները, այլեւ իր գուրգուրանքովն ու անձին օրինակովը զանոնք կը դաստիարակէ եւ իր դաւանած հոգեւոր ապրումներով նաեւ ուղղութիւն կու տայ անոնց կեանքին: Սրբազանը ըսաւ, որ ընտանիքի մը անդամներուն միջեւ միութեան ու զօրութեան ամենակարեւոր օղակը մայրն է, եւ այն, ինչ որ մենք սովորաբար ընտանեկան կեանք ու մթնոլորտ կը կոչենք, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` ընտանիքէն ներս մեր մայրերուն կողմէ իրենց զաւակներուն փոխանցուած նուիրումի այն օրինակը, որ կ՛ընդգրկէ իրարմով ապրելու, սիրով, սրբութեան զգացումով զիրար պաշտպանելու ու միեւնոյն յարկին տակ Աստուծոյ օրհնութեամբ աճելու եւ մեծնալու շնորհքները:

«Մեր կեանքին մէջ շատ բան փոխուած է: Արդարեւ, մինչեւ երէկ մեր հաւաքականութեան կեանքին կարեւորագոյն յատկանիշը մեր մայրերուն կողմէ տուներէն ներս պահպանուող ընտանեկան կեանքն էր` իր լայն իմաստով ու սրբութեան հասկացողութեամբ: Մինչդեռ այսօր մեր տուներէն ներս շատ հազուագիւտ է ընտանեկան մթնոլորտը, եւ միայն քիչեր  իրենց զաւակներուն հետ նոյն սեղանին շուրջ նստելով, իբրեւ հարազատներ ու միեւնոյն տան անդամներ, միասնաբար հաց կիսելու վայելքը կ՛ապրին», շեշտեց առաջնորդ սրբազան հայրը եւ իր խօսքը ուղղելով մայրերուն ու ծնողներուն` ըսաւ, որ լաւ հագուելու ու լաւ վայելելու պահանջները կրնան բնական ըլլալ, սակայն մայրութիւնը արժէք է, երբ մայրը իր զաւակները դաստիարակելու հասկացողութեամբ կ՛ապրի իր կեանքը: Պէտք չէ մոռնանք, թէ ինչ որ կու տանք մեր զաւակներուն, այդ է, որ անոնք կը վերադարձնեն մեզի ու ընկերութեան:

«Աստուածամօր ընծայման տօնը մեզի կը յուշէ, որ մեր ժառանգած կրօնական ու ազգային աւանդութիւններուն մէջ արժէքաւոր բաներ կան, որոնց պէտք ունինք յատկապէս այսօր: Եւ բոլորս ալ գիտենք, թէ բարքերու ապականութեան ներկայ պայմաններուն մէջ ինչպիսի՛ բարոյական ու ընկերային ցաւալի կացութիւններու մէջ կը գտնուի մեր ընկերութիւնը եւ ի՛նչ տեսակի փոթորիկներ կը սպառնան քայքայել մեր ընտանիքները: Անպայմանօրէն դրամով չի կրնար պայծառանալ մեր կեանքին վիճակը»,  հաստատեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ մեր ընտանեկան յարկերէն ներս օրհնութեան եւ սրբութեան պակասը առաւելաբար պէտք է տագնապեցնէ մեր մայրերը, որոնք փոխանակ անգիտակից կերպով հետեւելու ամէն տեսակի նորաձեւութիւններու` պէտք է անդրադառնան, որ հին մտայնութեան վերագրուող պարկեշտութիւնը, ընտանեկան պատուախնդրութիւնը, աստուածավախ հաւատքը այսօր ալ կրնան դրախտ մը շինել մեր տուներէն ներս: Սրբազան հայրը բոլոր մայրերուն ուղղելով իր խօսքը` ըսաւ, որ ծնողները անկասկած ակնկալութիւններ ունին իրենց զաւակներէն, սակայն ակնկալութիւն ունենալու համար նախ պէտք է վաւերական մայր ըլլալ ու ընտանեկան յարկերէն ներս պահպանել հաւատքի զգացում ու սրբութեան եւ երկիւղածութեան շունչը, որպէսզի իբրեւ հաւաքականութիւն` բարոյապէս ու ազգային մարզերէ ներս նահանջ չապրինք, աւելցնելով, որ պէտք է անդրադառնանք, թէ մեր զաւակներուն մէջ հաւատքի զգացումը հրաշքով երկինքէն պիտի չյայտնուի, այլ կաթիլ-կաթիլ պիտի գոյանայ մեր հաւատացեալ մայրերու աղօթքի մրմունջներով ու մեր տուներէն ներս պաշտպանուող բարեպաշտական սովորութիւններով:

«Արդարեւ, պէտք է նոր ճիգով վերստեղծենք ու վերապրինք աւանդական ընտանեկան կեանքի փորձառութիւնը, վստահ ըլլալով, որ այսօր ալ, ճշմարիտ մօր նայուածքին տակ, մօր աղօթքովն ու գուրգուրանքովը տարբեր ոճով կրնան մեծնալ մեր զաւակները», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը` աղօթելով, որ Աստուածամայրը շարունակէ ըլլալ հաւատքի նեցուկ բոլոր այն մայրերուն համար, որոնք համեստ, խոնարհ եւ բարեպաշտ հոգիով կը շարունակեն իրենց ընտանիքներէն ներս պահպանել հաւատք ու սրբութեան զգացում ու իրենց զաւակները առաջնորդել աստուածահաճոյ ճանապարհներով», շեշտեց առաջնորդը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Նախորդը

Այցելութեան Մը Առիթով

Յաջորդը

Էրիք Իսրայէլեան Բռնցքամարտի Աշխարհի Ախոյեան

RelatedPosts

Գաղութային

«Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան Լրատուութեան Ճշգրտութեան Բանալիներէն Մէկուն

Յունուար 28, 2023
Արցախի Զօրակցական Հաւաք Այնճարի Մէջ` Ընդդէմ Ազրպէյճանի Կողմէ Ծաւալուած Հայաթափման Արշաւին
Գաղութային

Արցախի Զօրակցական Հաւաք Այնճարի Մէջ` Ընդդէմ Ազրպէյճանի Կողմէ Ծաւալուած Հայաթափման Արշաւին

Յունուար 28, 2023
«Հայ Ազգային Երգը» Նիւթով Դասախօսութիւն ԼՕԽ-ի Կեդրոնին Մէջ
Գաղութային

«Հայ Ազգային Երգը» Նիւթով Դասախօսութիւն ԼՕԽ-ի Կեդրոնին Մէջ

Յունուար 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In