Արտասովոր Երեւոյթ Մը Ս. Խանամիրեան Ազգային Վարժարանէն Ներս
Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան վարժարանի մանկապարտէզի Ա. վիճակացոյցի բաշխումը այս տարի ունէր արտասովոր բնոյթ: Ուրբաթ, 20 դեկտեմբեր 2013-ին իրենց զաւակներուն վիճակացոյցները ստանալէ, լսելէ ետք թելադրանքները եւ հիւրասիրուելէ ետք ծնողները առիթը ունեցան ներկայ ըլլալու իրենց զաւակներուն յատուկ մրցանակաբաշխութեան: Այս տարի մանկապարտէզի աշակերտները պզտիկ ու զարդարուած բեմ բարձրացան իրենց ծնողներուն ներկայութեան եւ ստացան հայոց լեզուի, արաբերէն ու անգլերէն լեզուներու եւ ընկերասիրութեան մրցանակներ, որոնք...




