Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Անկախութեան Տօնը Այնճարի Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլէճին Մէջ

December 4, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

harach-(1)_NOV2013

Հինգշաբթի, 21 նոյեմբեր 2013-ին Այնճարի «Յառաջ- Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի աշակերտները հաւաքուեցան «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահ` տօնելու համար Լիբանանի անկախութեան 70-րդ տարեդարձը:

Նախակրթարանին երգչախումբը   Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով   բացումը կատարեց  տօնակատարութեան :

Աշակերտութեան անունով խօսք արտասանեց 10-րդ դասարանի աշակերտուհի Արաքս Խօշեան, որ անդրադառնալով Լիբանանի անկախացման բարդ պայմաններուն ու անոր յաջորդող 70 տարիներու վերիվայրումներուն` հաստատեց, որ անկախութեան ուղին միշտ կը պահանջէ ունենալ հայրենասէր եւ գիտակից քաղաքացիներ,որոնք պէտք է միաւորուին անկախութեան գաղափարին շուրջ եւ յանձնառու ըլլան այդ գաղափարէն սերած արժէքներուն:

Ապա նախակրթարանին երգչախումբը ներկայացուց Լիբանանի նուիրուած հայրենասիրական երկու երգեր` միախառնուած: Այնուհետեւ նախակրթարանի իւրաքանչիւր դասարան լիբանանեան հայրենիքն ու անկախութիւնը փառաբանող արտասանութիւններով ելոյթ ունեցաւ:

11-րդ դասարանէն Լէա Մաալուֆի ասմունքը ոգեւորեց ներկաները իր փոխանցած ապրումներով , որմէ ետք նախակրթարանին պարախումբը գրաւեց բեմն ու ներկաներուն ուշադրութիւնը` արաբական տօնական պարով մը:

harach-(2)_NOV2013Օրուան պատգամը փոխանցեց Այնճարի  քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, որ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի « Եթէ Լիբանանը հայրենիքս չըլլար, կ՛ընտրէի զայն իբրեւ հայրենիք» խօսքին մէջբերումով վեր առաւ լիբանանեան հայրենիքին համամարդկային եւ քաղաքակրթական արժէքները, ինչպէս նաեւ` սահմանադրութեամբ քաղաքացիներուն շնորհուած առաւելութիւնները:

Ան հայ համայնքը լիբանանեան համակեցութեան առանցքներէն մէկը նկատեց` մեկնելով հայ համայնքի հիմնարար դերակատարութենէն եւ սահմանադրութեամբ գլխաւոր համայնքներէն մէկը ըլլալու իրողութենէն: Ան խրախուսեց աշակերտները` ապրելու եւ գործելու իբրեւ լիարժէք քաղաքացիներ, պատուիրելով անոնց լիովին ընկալելու սահմանադրութեամբ իրենց վերապահուած իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները քաղաքացիական կրթութեան դասաւանդութեանց ընդմէջէն:

Լիբանանի սահմանադրութեան հայ համայնքին ընձեռած առանձնայատկութիւնները պահպանելու համար քաղաքապետը անհրաժեշտ նկատեց հայ համայնքի կարողականութիւնը ուժեղացնելու քայլերը,  մասնաւորաբար` լիբանանաեան վարչական թէ տնտեսական համակարգին մէջ դիրքերու նուաճումով:

Ան նաեւ կոչ ուղղեց, որ` «իբրեւ հայ համայնքի պատկանող լիբանանցիներ, գուրգուրալու եւ պաշտպանելու այն պետութիւնը, որ մեզ ընդունած է իբրեւ իր էութեան բաղկացուցիչ մէկ տարրը եւ մեզի շնորհած է ազատութիւն` գոյատեւելու մեր մշակոյթով, կրօնով ու յատկապէս մեր լեզուով»:

Իր խօսքի աւարտին քաղաքապետը մաղթեց , որ անկախութեան 70-ամեակը խաղաղութեան եւ բարգաւաճման նոր մեկնակէտ մը հանդիսանայ:

Տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ երկրորդականի պարախումբին խրոխտ ու գեղեցիկ ելոյթով, որ իր բեմականացումով խորհրդանշեց Լիբանանի վերընձիւղումը` իբրեւ խաղաղութեան եւ իրաւատիրութեան հայրենիք:

Նախորդը

Լիբանանի Անկախութեան Տօնակատարութիւն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.