Գաղութային

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Աշակերտներ Վայելեցին Մուշեղ Իշխանի Մտերմութիւնը

Հ. Պ. Յաճախ կը շեշտենք, թէ հոգեմտաւոր դաստիարակութեան առընթեր նոյնքան ալ հարկ է արժեւորել ֆիզիքական աշխատանքը` որպէս մարդկային կեանքի զարգացման ներդաշնակ եւ հաւասարակշռուած արտայայտութիւն: Արդ, հայ վարժարանի նուիրական առաքելութեան բաղադրիչ մաս են առհասարակ արտադպրոցական նախաձեռնութիւններ, որոնց կայացումով եթէ երբեք մէկ կողմէ հայ աշակերտին մօտ կ՛ամրապնդուին ինքնավստահութեան եւ չարքաշութեան, վերուելակերպի ու ընկերականութեան արժանիքներ, միւս կողմէ անոնք պատեհ առիթներ կ՛ընձեռեն ծանօթութիւններու եւ...

«Բաց Դռներ» Նազարեան Վարժարանին Մէջ

ՀԲԸՄ-ի Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանի մանկապարտէզի բաժինը երկրորդ տարին ըլլալով կը կիրարկէ «Բաց դռներ» օգտակար եւ տեղեկատուական ծրագիրը, որպէսզի աշակերտներուն ծնողները մօտէն ծանօթացնէ կիրարկուող ուսուցման  արդիական  միջոցներուն: Դպրոցին ղեկավարութիւնը ընտրած է ուսուցման այնպիսի ծրագիր մը, որ երեխաներուն համար հաճելի եւ տպաւորիչ ըլլան դասաւանդուող նիւթերը, միեւնոյն ժամանակ մանուկներուն մէջ արմատանան ինքնավստահութիւնը, ինքնուրոյնութիւնը եւ կարողութիւններ դրսեւորելու ունակութիւնը: Դպրոց ժամանած ծնողները երկու դասապահերու...

Լիբանանի Անկախութեան 70-ամեակ Եւ Բաց Դռներու Օր

Լիբանանի Հանրապետութիւնը իր փաստացի քաղաքական անկախութիւնը ձեռք բերաւ 1943 թուականի նոյեմբեր 22-ին, օր, որ արդէն եօթտասնամեակէ մը ի վեր ծնունդ տուած է ազգային ամէնէն հպարտառիթ տօնին`  Անկախութեան տօնին: Ամէն տարի այս թուականին, լիբանանահայերը սիրով կը նշեն այս թանկագին տօնը: Այս տարի ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանը իր ամբողջ կազմով այցելեց Ռումիէի զօրանոցը, որպէսզի աշակերտութիւնը մօտէն ծանօթանայ իր ծննդավայրի զինուորական ուժին,...

ԼՕԽ-ի «Նայիրի» Մասնաճիւղի Ընկերային Հանդիպում

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղին վարչութիւնը իր ընկերային առաջին հանդիպումը կազմակերպեց երեքշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2013-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին նորակառոյց սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մարինա Նորամանեանի: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք ատենապետ Մարօ Թազեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը` ողջունելով բոլորը եւ ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը վերջերս մահացած մասնաճիւղի ընկերուհիներէն` «Նայիրի» մասնաճիւղի հիմնադիր Մարի Սագճեան-Սէթեանի,...

Ընկերային Հաւաքոյթ

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղը (Ամանոս) 29 հոկտեմբեր 2013-ին, կազմակերպած էր ընկերային հաւաքոյթ մը` «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբին մէջ, համախմբելով շրջանի ԼՕԽ-ականները եւ համակիրները (թիւով 90 հոգի): ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի ատենապետ Ժանեթ Հաւաթեան անդրադարձաւ հայ մօր պարտականութիւններուն, որոնք հակառակ ծանր ըլլալնուն` հայ դպրոցին, հայ եկեղեցիին, մեր միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն օգնութեամբ կը դառնան տանելի: Ան կարեւոր նկատեց մեր երիտասարդութիւնը դաստիարակելը, որպէսզի...

ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» Մասնաճիւղին Ընկերային Հանդիպումը

Տարեկան իր ձեռնարկներու ծիրին մէջ ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» (Քարանթինա-Մար Մխայէլ) մասնաճիւղի վարչութիւնը իր ընկերային հանդիպումը կազմակերպեց հինգշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2013-ի շրջանի ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» ակումբի սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի նախկին թէ ներկայ վարչականներու, հրաւիրեալներու եւ ԼՕԽ-ի բարեկամ հայուհիներու: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ կազմակերպուած եւ կազմակերպական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սօսի Արամեանի ներկայութեամբ կայացած այս ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս երգեցողութեամբ: Ապա ատենադպրուհի...

Նախաճաշի Ձեռնարկ «Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղի

Հինգշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2013-ին տեղի ունեցաւ «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի նախաճաշի ձեռնարկը, «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Ազատուհի Սարգիսեանի, մասնաճիւղի եւ քոյր մասնաճիւղերու անդամներու, հիւրերու եւ բարեկամուհիներու: Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Արաքսի Գըլըճեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ԼՕԽ-ին տարած բազմաբնոյթ ծառայութիւնները, նուիրումն ու պարտաւորութիւնները` մասնաւորաբար ընդգծելով ձեռնարկներու բարենպաստ ներդրումը յարաբերութիւններ մշակելու գծով: Այս առիթով ան վերանորոգեց...

Աշնանային Ճաշկերոյթ

ԼՕԽ-ի Մար Եուսեֆի «Անահիտ» մասնաճիւղը ձեռնարկած էր ընկերային հանդիպումի մը, որ տեղի ունեցաւ 22 հոկտեմբերին, «Աշնանային ճաշկերոյթ» անուան տակ, շրջանի ակումբի «Սարգիս եւ Արշալոյս Ներսէսեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեանի, բարերարներու, քաջալերող շուրջ 65 անդամներու եւ համակիրներու: Ձեռնարկի բացումը կատարեց Աստղիկ Կէտիկեան: Օրուան բանախօս Սիրուն Վարդապետեան լսատեսողական երիզի ընդմէջէն եւ սահիկներու ցուցադրութեամբ բացատրեց տարբեր ձեւի արկածներու ընթացքին...

Խորովածի Երեկոյ

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղին վարչութիւնը, որպէս 2013-2014 տարեշրջանի առաջին ձեռնարկ, ուզեց սովորականէն տարբեր բան մը յաջողցնել: Ուստի ծրագրեց, աշխատեցաւ եւ ի գին դժուարութիւններու կրցաւ իրականացնել խորովածի երեկոյ մը, Ժտէյտէի քաղաքապետութեան հանրային պարտէզին մէջ,19 հոկտեմբեր 2013-ին: Ներկայ եղան շուրջ 70 անձեր` կոմիտէութենէն, «Անի» ակումբի վարչութենէն, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութենէն, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան յանձնախումբերէն, հարազատներ եւ բարեկամներ: Վարչութեան ատենապետ Հուրի Պաճիքեան բացման խօսքով ներկայացուց...

ՀՄԸՄ «Պէյրութ»-ի Մասնաճիւղի Արծուիկներու Անակնկալը Իրենց Ծնողներուն

Կա՞յ աւելի գեղեցիկ, առաքինի եւ հպարտութիւն պատճառող արարք քան այն, որ միութեան անդամներ սկաուտական տարեշրջանի վերամուտին, իրենց պատասխանատուներուն աջակցութեամբ, միութենավայել աշխատանքով մը հանդէս կու գան եւ ծնողներուն կը հրաւիրեն կահաւորուած եւ նորոգուած իրենց սենեակի բացման հանդիսութեան: Վայրը` ՀՄԸՄ «Պէյրութ»¬ի ակումբ. թուական` շաբաթ, 16  նոյեմբեր, 2013: Թէեւ գողտրիկ հաւաք մըն էր, որուն հրաւիրուած էին ծնողներ, սակայն իր խորհուրդով եւ իմաստով մեծ...

Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան Քոլեճի Թարգմանչաց Տօնակատարութեան . «Մեր Սեփական Հոգիով Ընկալեցինք Փոքրիկ Հայաստանի Մը Հայեցի Շունչն Ու Ոգին» Ըսաւ Սէյրանուհի Օհանեան

Հինգշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2013-ին Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահը ժամադրավայրն էր Յառաջ - Գ. Կիւլպէնկեան ազգային վարժարանի աշակերտութեան եւ անձնակազմին` դիմաւորելու համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հրաւէրով Լիբանան գտնուող` հայրենի հրատարակչատուներու եւ գրադարաններու տնօրէններու պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ` Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան վարչութեան պետ Սէյրանուհի Օհանեանի եւ միասնաբար տօնակատարելու թարգմանչաց տօնը: Քայլերգներու յոտնկայս ունկընդրութենէ ետք, վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան ողջոյնի խօսքով դիմելով հայրենի հիւրերուն`...

Հայ Աւետ. Քոլեճի Պատմութեան Ակումբի Այցը Նախագահական Պալատ

          Յատուկ արտօնութեամբ Հայ աւետ. քոլեճի Պատմութեան ակումբի 42 անդամները,  առաջնորդութեամբ դպրոցի տնօրէն եւ Ակումբի խորհրդատու տոքթ. Զաւէն Մսըրլեանի եւ ընկերակցութեամբ պատմութեան դասատու Պրն. Հաննա Պշարայի, այցելեցին Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի Պաապտայի պալատը: Հոն աշակերտները դիմաւորուեցան նախագահական պալատի փրոթոգոլի պատասխանատուներէն Իլիաս Հասունի կողմէ, որ աշակերտները պտըտցուց պալատի բոլոր ժողովասրահներն ու ընդունելութեան սրահները, ներառեալ` նախարարաց խորհուրդի գրասենեակը, նախագահին...

Էդիկ Մինասեան Եւ Մհեր Յովհաննիսեան Այցելեցին Մեսրոպեան Վարժարան

Երեքշաբթի, 12 նոյեմբեր 2013-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան այցելեցին ՀՅԴ Լիբանանի Քարոզչական մարմինին հրաւէրով Լիբանան այցելած պրն. Էդիկ Մինասեան (Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ, պատմութեան գիտութիւններու, տոքթոր) եւ  Մհեր Յովհաննիսեան (Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն, պատմութեան գիտութիւններու թեկնածու): Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէր Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ներկայացուցիչ Վարդան Ադամեան: Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնԿրէկուար Գալուստին եւ...

Մեսրոպեան Վարժարանի Մանկապարտէզը Կ’օժտուի Ինթըրաքթիւ Պորտերով

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի 9 դասարանները նոյեմբեր ամսուան սկզբնաւորութեան օժտուեցան ինթըրաքթիւ պորտերով: Այսուհետեւ, մանկաապարտէզի 205 աշակերտները իրենց բոլոր դասանիւթերու կրթական ծրագիրներուն պիտի հետեւին նոր միջոցներով եւ արդիական մեթոտներով:  Տարեշրջանի ընթացքին, մասնագէտներու ընկերակցութեամբ պիտի կայանան մանկավարժական եւ մեթոտաբանական հանդիպումներ` քննութեան առարկայ դարձնելու գործիքի գործածութեան նոր եղանակները եւ մնայուն կերպով հետեւելու արհեստագիտական նորարարութիւններուն: Յայտնենք նաեւ, որ արդիականացման շրջագիծին մէջ, վարժարանի...

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի Մասնաճիւղի 2013-2014 Տարեշրջանի Սկաուտական Պաշտօնական Բացման Արարողութիւն

              Կիրակի, 3 նոյեմբեր 2013-ի յետմիջօրէին, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին ու խմբապետութեան, ծնողներու եւ բարեկամներու հոծ ներկայութեամբ, աննախընթաց եւ արժանավայել կերպով ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի 90-ամեակը ոգեկոչող՝ 2013-2014 տարեշրջանի աշխատանքներու վերամուտը։ Ակումբի շրջափակի մուտքին, ինչպէս միշտ, այս տարի եւս յատուկ բծախնդրութեամբ, պատրաստուած էին 90-ամեակը խորհրդանշող ցուցատախտակներ։ Ներկաներուն բաժնուեցաւ սկաուտներուն կողմէ պատրաստուած ձեռային աշխատանք...

Սբ. Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանը Տօնեց Թարգմանչաց Օրը

ԱՐՄԻՆԷ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Նիւ Եորքի Սբ. Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանը տօնեց Թարգմանչաց օրը, հոկտեմբեր 28-ին, 2013, եկեղեցւոյ «Գալստեան» սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էին ծնողներ եւ հայ լեզուն քաջալերող անհատներ: Բացումը կատարուեց Ե. դասարանի աշակերտների մուտքով, վեր բռնած՝ դպրոցի, հայկական եւ ամերիկեան դրօշները: Դաշնամուրի ընկերակցութեամբ, երգեցին դպրոցի, Միացեալ Նահանգների եւ Հայաստանի օրհներգները: Վարժարանի երկարամեայ նուիրեալ, տնօրէնուհի Զարմինէ Պօղոսեանը իր ողջոյնի խօսքի մէջ շնորհակալութիւն...

Մեսրոպեան վարժարանի Նախկին Սաներու Հաւաք

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան,11 հոկտեմբեր 2013-ին, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի նախկին սաներու հաւաք՝ ներկայութեամբ շուրջ 150 մեսրոպեանականներու: Հանդիպումին ընթացքին Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ ներկայացուց Մեսրոպեան վարժարանի 75-ամեակի ծրագիրը` ձեռնարկներուն եւ աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները: Ան հաստատեց, որ վարժարանը 75 տարիներու ընթացքին հայեցի ու հոգեւոր դաստիարակութեամբ պատրաստած է սերունդներ, որոնք հասած են բարձր դիրքերու եւ նուիրուած...

Հայ Գիրի Եւ Դպրութեան Տօնը Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

Թարգմանչաց տօնը տօնն է հայ գիրի ու դպրութեան, տօնն է Ս. Մեսրոպի եւ Ս. Սահակի եւ անոնց աշակերտութենէն ծնած թարգմանիչներու: Հայ ժողովուրդը ամէն տարի կը նշէ այբուբենի գիւտը եւ Ե. դարու գրական եւ մատենագրական հարուստ վաստակը: Արդարեւ, ուրբաթ, 25 հոկտեմբեր 2013-ի ատենամարզանքը նուիրուած էր Թարգմանչաց տօնին: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, 11-րդ դասարանի աշակերտուհի Նայիրի Յակոբեան բացման խօսքով...

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարանի Թարգմանչաց Տօնը

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, գեղեցիկ զուգադիպութեամբ, հայ գիրերու գիւտը  կը նշուի վերամուտին: Արդարեւ, Թարգմանչաց տօնը հայկական վարժարան յաճախող աշակերտներուն համար մնայուն յուշարար եւ պատգամ է: Առանց այբուբենի՝ հայ ժողովուրդի գոյատեւումը կը խաթարուի, եւ հայը կրնայ կորսնցնել իր ինքնութիւնը: Այս առումով հայ վարժարանին դերը կը մնայ հրամայական եւ անառարկելի: Թարգմանչաց տօնը լուսարձակի տակ առնելու եւ ոսկեդարու թարգմանիչները գովերգելու համար Ազգային Աքսոր Գասարճեան...

Այնճարի Կաթողիկէ Հայ Քոյրերու Վերանորոգուած Վարժարանի Բացման Հանդիսութիւն

              Երկուշաբթի, 22 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, տեղի ունեցաւ Այնճարի Հայ Քոյրերու վերանորոգուած վարժարանի բացումը: Վարժարանը վերանորոգուած եւ կահաւորուած է արդիական սարքաւորումներով` Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպանատան եւ Ճափոնի ժողովուրդին նիւթական աջակցութեամբ: Հանդիսութեան ներկայ էին Ճափոնի դեսպանը` Սեյշի Օցուքա, Ալիշան քհնյ. Աբարդեան, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Աբրահամ Մալքճեան, Ազգային Յառաջ...

Page 84 of 114 1 … 83 84 85 … 114

Արխիւներ