Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հովանաւորութեամբ Տեղեկատուութեան Նախարար Ուալիտ Տաուքի Մարալ Մանիսալեան Եւ Լիւսի Թորգոմեան Մասնակցեցան «Արթ Աֆ Լիվինկ» Խորագրեալ Հաւաքական Ցուցահանդէսին

December 5, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքի, «Ապրելու արուեստը» (Art of Living 2013, Ideas and Trends for the Home) թեմայով, առտնին պիտոյքներու թէ գեղարուեստական ստեղծագործութեանց յատուկ կազմակերպուած հաւաքական ցուցահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ 27 նոյեմբերէն 1 դեկտեմբեր 2013-ին` «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ, լիբանանցի ծանօթ արուեստագէտներու կողքին (արուեստագէտ Պեռնար Ռըննօ …) մաս կազմեցին նաեւ երկու հայ արուեստագիտուհիներ` Մարալ  Մանիսալեան (Մարալ Մանիս) եւ Լիւսի Թորգոմեան: Իւրաքանչիւրը յատուկ կրպակի մը մէջ ներկայացնելով  իր գեղանկարչական ստեղծագործութիւնները` սքանչելի  երանգ մը տուած էր այս ցուցահանդէս-վաճառքի յատկապէս արուեստի գեղանկարչական բաժինին:

Maral-ManissalianՄարալ Մանիսալեան նախապէս մասնակցած է զանազան ցուցահանդէսներու, ինչպէս` անցնող ամրան, սեպտեմբեր 2013-ին, մասնակցած է »Զէյթունա Պէյ»-ի գեղանկարչական մրցանքին, արժանանալով յատուկ մրցանակի իր ստեղծագործած «խաղաղութիւն» խորագրեալ գեղանկարչական պատկերով: Ան աւարտած է արուեստագի տուհի Մարալ Փանոսեանի գլխաւորած «Էյ թու Զետ» գեղարուեստի հիմնարկը: Այժմ ան կը հետեւի Լիբանանեան համալսարանի Գեղարուեստի հիմնարկի դասընթացքներուն: Ունի բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, բնութեան, խաղաղութեան թէ զանազան թեմաներով, ուր տիրական է գերիրապաշտ (սուրիալիստ) ոճը: Ան կը ստեղծագործէ գեղանկարչական զանազան  ձեւերով` աքրիլիք, նաթիւր մորթ, իւղաներկ, կրաֆիթ, ածուխ, կուաշ եւ այլն:

Lucy-Torkomian-photo-3Նմանապէս` արուեստագիտուհի Լիւսի Թորգոմեան, որուն ստեղծագործութեանց առանցքը կը կազմէ վերացական աշխարհը: Ջրաներկի օգտագործման իր հմտութեամբ, արուեստագիտուհի Թորգոմեան արդէն իսկ իւրայատուկ դրոշմ մը տուած է իր գործերուն, արժանանալով բազմաթիւ արուեստագէտներու գնահատանքին: «Ազդակ»-ի հարցումներուն պատասխանելով այս երկու տաղանդաւոր երիտասարդ հայուհիները պատմեցին, թէ ինչպէ՛ս կ՛ընդառաջեն արուեստի, յատկապէս գեղարուեստական կոչերու եւ հրաւէրներու` մասնակցելով հաւաքական ցուցահանդէսներու: Լիւսի Թորգոմեան նաեւ կազմակերպած է անձնական ցուցահանդէս, ուր գոյներու խայտաբղէտ խճանկարը կը ցոլացնէ անոր խանդավառ  նկարագիրն ու գեղարուեստական նրբաճաշակ ձիրքերը: Ի պատասխան այն հարցումին, թէ որքանո՛վ ազդուած է  իր եղբօր` պարարուեստի աշխարհի ծանօթ դէմքերէն  Խուանիթոյէն (Խաչիկ Թորգոմեան), Լիւսի Թորգոմեան ըսաւ. «Իրաքանչիւրս ի՛ր ոճը ունի, ես առաւելաբար գեղարուեստական աշխարհի վերացական մթնոլորտով տարուած եմ» :  Ու իրապէս ան թեւ ու թռիչք տուած է իր վառ երեւակայութեան, մինչ Մարալ Մանիսալեան աշխարհը «բարեկարգելու» իր ազատատենչ գաղափարները (խաղաղութիւն…) կը դրսեւորէ արուեստի իր հմտութեամբ:

 

Նախորդը

Միօրեայ Սեմինար Դպրեվանքին Մէջ

Յաջորդը

Նաքքաշի Շրջանը Օժտուեցաւ Իր Վերանորոգուած «Հրայր Մարուխեան» Կեդրոնով

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.