Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նաքքաշի Շրջանը Օժտուեցաւ Իր Վերանորոգուած «Հրայր Մարուխեան» Կեդրոնով

December 5, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG-20131129-WA0006Ուրբաթ, 29 նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Նաքքաշի հայ բնակչութիւնն ու շրջանին դաշնակցական ընկերները միասնաբար ապրեցան հպարտութեան եւ հոգեկան երջանկութեան անմոռանալի պահ մը: Առիթը ՀՅ Դաշնակցութեան «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէութեան համանուն բարեզարդուած կեդրոնի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնն էր, որուն հրաւէրին, ինչպէս միշտ, այս անգամ նաեւ ընդառաջած էին բոլորը:

Ամբողջական վերանորոգման ենթարկուած ակումբը կարծես կ՛արձագանգէր այս փոքր «ժողովրդային տունը» լեցուցած ներկաներուն ժպտերես գոհունակութեան: Ուրախ էին բոլորը, որ երկար տարիներ ետք, շնորհիւ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի եւ ակումբի վարչութեան միացեալ ճիգերուն` այս հայահոծ շրջանը վերջապէս կ՛օժտուէր իր ներկայանալի եւ շրջանի հայութեան կարիքներուն գոհացում տուող կեդրոնով:

Վերանորոգուած կեդրոնի վարչութեան անունով հանդիպումին բացումը կատարելով` Ճորճիկ Սալորեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց Սարգիս Կիրակոսեանը` փոխանցելու «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի եւ ակումբի վարչութեան խօսքը:

Սարգիս Կիրակոսեան նախ կատարեց հակիրճ պատմականը «հիմա ձեզ ժպտերես դիմաւորող մեր այս երկրորդ տուն»-ին, որ շուրջ քառասուն տարի առաջ, քանի մը գաղափարապաշտ ընկերներու ճիգերուն շնորհիւ, հաստատուեցաւ շէնքի պահակի փոքրիկ սենեակին մէջ, ապա` անոնց ամբողջական ներդրումով ու նուիրումով սենեակ առ սենեակ ծաւալեցաւ եւ այս ծաւալը ստացաւ, որպէսզի դառնայ ո՛չ միայն Դաշնակցութիւն-ժողովուրդ ամէնօրեայ հանդիպումի կեդրոն մը, այլեւ` հաւատքի, ուխտի եւ դաշնակցական գործի ոգեղէն ամրոց մը:

Այս առումով, մեր արդիական ակումբներուն եւ համալիրներուն զուգահեռ, ան յատկապէս ծանրացաւ Դաշնակցութիւն-ժողովուրդ սերտ կապը վառ ու ամրապինդ պահող նմանօրինակ կեդրոններու կարեւորութեան վրայ` իբրեւ շրջանի հայ ազգաբնակչութեան կարիքներուն հասնող եւ վստահութիւն ու հպարտութիւն ներշնչող գաղափարի միջնաբերդ:

Եզրափակելով իր խօսքը` ան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Դաշնակցութեան հրաւէրներուն միշտ եւ ամենայն խանդավառութեամբ ընդառաջած շրջանի հայ ազգաբնակչութեան, զայն նկատելով այս վերանորոգ կեդրոնին առաջին տէրը, իսկ անոր իրերայաջորդ վարչութիւններն ու պատասխանատու մարմինները` հայ ժողովուրդի համեստ ծառաները:

Ապա, շրջանի ծխատէր Խաչիկ քհնյ. Միսիրեան օրհնեց Նաքքաշի հայ բնակչութեան այս վերանորոգ տունը եւ անոր վարչութեան մաղթեց բարի եւ ազգօգուտ նորանոր գործունէութիւն:

Նախորդը

Հովանաւորութեամբ Տեղեկատուութեան Նախարար Ուալիտ Տաուքի Մարալ Մանիսալեան Եւ Լիւսի Թորգոմեան Մասնակցեցան «Արթ Աֆ Լիվինկ» Խորագրեալ Հաւաքական Ցուցահանդէսին

Յաջորդը

Պուրճ Համուտէն Սկսած Կեանք. «Վարդանին Անցեալը…»

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.