Գաղութային

Զրոյց-Քննարկում` «Հայատառ Մամուլին Դիմագրաւած Խնդիրները» Նիւթին Շուրջ

ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ Կիրակի, 15 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նիկոսիոյ Ազգային առաջնորդարանի «Վ. Իւթիւճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական զրոյց-քննարկում մը ընդհանուր նիւթ ունենալով` «Հայատառ մամուլին դիմագրաւած խնդիրները»: Ձեռնարկը նուիրուած էր թեմի առաջնորդ Վարուժան արք. Հերկելեանի մամլոյ-հրատարակչական գործունէութեանց 25-ամեակին, որոնց մէջ յատկանշելի են «Արծիւ» ամսաթերթի եւ «Գառնի» մատենաշարի խմբագրական աշխատանքները:  Ձեռնարկը կազմակերպուած էր կիպրահայ հայատառ մամուլի օրկաններուն, ի մասնաւորի Հրայր...

Նախկին Սոֆիա Յակոբեանականներ Կը Պատրաստուին Քոլեճի 50-ամեակի Տօնակատարութիւններուն

Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի 50-ամեակի տօնակատարութիւններու պատրաստութեան ծիրին մէջ, դեկտեմբերին տեղի ունեցան նախկին Սոֆիա Յակոբեանականներու երեք հանդիպումներ, որոնք յաջորդաբար համախմբեցին քոլեճին 1968-1985, 1986-2000 եւ 2001-2013 տարիներու 150 շրջանաւարտներ: Հանդիպումներուն ընթացքին տեսերիզով ցուցադրուեցան 50-ամեակի առիթով քոլեճին վաստակաւոր ուսուցիչներուն սրտի խօսքերը` ուղղուած իրենց երբեմնի աշակերտներուն: Իր կարգին, տնօրէնութիւնը շրջանաւարտներուն փոխանցեց 50-ամեակի ծրագիրները (յուշամատեանի եւ տեսերիզներու պատրաստութիւն, գեղարուեստական երեկոյ, յոբելենական ճաշկերոյթ):...

Ս. Խաչ – Հարպոյեան Վարժարանի Ս. Ծննդեան Եւ Ամանորեան Տօնակատարութիւնները

          Ս. Ծննդեան եւ նոր տարուան տօները առիթ եղած են օգնութեան ձեռք երկարելու նիւթապէս դժուար կացութեան մէջ գտնուողներուն: Այս նպատակէն մեկնելով` Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի տարբեր կարգերու աշակերտներ նախաձեռնեցին զանազան բարեսիրական քայլերու` օգտակար դառնալու համար կարիքաւոր անձերու կամ ընտանիքներու: Առ այդ, 8-րդ դասարանի աշակերտները կազմակերպեցին վաճառքի օր մը եւ անոր հասոյթը յատկացուցին թերաճ մանուկներու «Զուարթնոց» կեդրոնին: 11-րդ...

996990

Հակառակ Հալէպի Հայահոծ Թաղերուն Մէջ Հրասանդի Տեղատարափին, «Յանուն Ազգի Փրկութեան» Խորագիրով Տօնակատարութիւն ՀՅԴ-ի 123-ամեակին Նուիրուած

Այսօր ուխտի վերանորոգման օրն էր: Այսօր երեք դարերու մէջ գործող եւ պատմութիւն ունեցող կուսակցութեան հաշուետուութեան պահն էր: Այսօր հաւաքական կամքով պայքարը շարունակելու վճռականութեան արտայայտութեան առիթն էր: Այսօր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 123-ամեակի համաժողովրդային տօնակատարութիւնն էր: Սուրիոյ հայութիւնը անխտիր եկած էին զօրակցելու եւ իրենց վստահութիւնը փոխանցելու հայութեան իրաւունքներուն պաշտպան կուսակցութեան:  Բոլորը եկած էին միասնաբար շարունակելու արեան ճամբով կերտուած պատմութեան դժուար, բայց պանծալի...

khohanots-1

Ծերերու Կաղանդի Հաւաք

ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2013-ին` կէսօրուան ժամը 12:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ 180 ծերունիներու Ամանորի ձեռնարկ: Ծերունիները հրաւիրուած էին միասնաբար ճաշելու եւ ուրախ ժամեր անցընելու. անոնք այն պարագաներն են, որոնք խոհանոցէն շաբաթը երկու անգամ կը ստանան տաք ճաշ: Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ...

logo-lokh1

ԼՕԽ-ի «Նայիրի» Մասնաճիւղի Կաղանդի Պազարը

Դեկտեմբեր ամիսը յատուկ իմաստ մը ունի հայութեան համար: 7 դեկտեմբերի աղէտալի երկրաշարժին պատճառած սուգին ու կսկիծին առընթեր, այս ամսուան ընթացքին կը նշենք նաեւ հայ ժողովուրդի սուրբերէն Սուրբ Յակոբի տօնը: Ան նաեւ առիթ մըն է` Քրիստոսի ժամանումը աւետող օրհնաբեր նախաձեռնութեանց կազմակերպումին համար: Այս իմաստով,  համայն աշխարհին ու յատկապէս քրիստոնեաներուն եւ հայութեան կողմէ կը կազմակերպուին Կաղանդի յատուկ ցուցահանդէս-վաճառքի ձեռնարկներ: Նման ձեռնարկ մը...

hayashen

Հայկական Ձեռագործներուն Նուիրուած Հաւաքոյթ

ԼՕԽ-ի Հայաշէն մասնաճիւղի վարչութիւնը, 21 նոյեմբեր 2013-ին առաւօտեան ժամը 10:30-ին կազմակերպեց նախաճաշ մը` ակումբին վերանորոգուած «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչը եւ հրաւիրեալներ: Բարի գալուստի խօսքը փոխանցելէ ետք մասնաճիւղի ատենապետ Շաքէ Պաղտասարեան ըսաւ, թէ նկատի ունենալով, որ ձեռնարկի կայացման թուականը մօտ է ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ցուցահանդէսին, վարչութիւնը յարմար նկատեց հրաւիրել հայկական...

ԼՕԽ-ի «Արագած» Մասնաճիւղ. Ծերերու Կաղանդ Պապուկի Հաւաքոյթ

ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի աւանդութիւն դարձած ծերերու Կաղանդ պապուկ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2013-ի յետմիջօրէին Արագածի ժողովրդային Տան «Ս. Գալայճեան» սրահին մէջ: 140 կարիքաւորներ համախմբուելով մտերմաբար` մասնաճիւղի վարչութեան ներկայութեամբ հաճելի մթնոլորտով ուրախ ժամեր անցուցին: Վարչականները` շրջանի ԼՕԽ-ականներուն կատարած սրտաբուխ օժանդակութեանց շնորհիւ կարողացած էին համադամ ուտեստեղէններ սպասարկել ծերերուն: Ձեռնարկի ընթացքին Կաղանդ պապուկին այցելութիւնը մեծ ուրախութիւն պատճառեց անոնց, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ստացաւ...

krataran-1

ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանը Տօնեց Ամանորը

          Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ գրադարանի յանձնախումբին, շաբաթ, 21 դեկտեմբեր 2013-ին, «Արագած» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Կաղանդի ձեռնարկ` ներկայութեամբ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներու, յանձնախումբի անդամներու, հիւրերու, ծնողներու եւ 120 մանուկներու: Բարի գալուստի խօսք արտասանեց գրադարանի պատասխանատու Արփի Շարլագեան եւ շնորհաւորեց ներկաները` մաղթելով, որ Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը առողջ եւ ուրախ օրեր բերեն բոլորին: Ապա...

«Շուշանիկ» Մասնաճիւղի Հաւաքոյթ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղին, 5 դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Նիկոլ Դուման ակումբի «Սարգիս Ազնաւորեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` ներկայութեամբ աւելի քան 100 անձերու: Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Պերճուհի Գասպարեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց ներկաներուն, որոնք միշտ կը քաջալերեն մասնաճիւղի ձեռնարկները: Գասպարեան նկատել տուաւ, որ ազգը ոտքի պահողը իր մշակոյթն է: Օրուան բանախօսն էր ԼՕԽ-ի...

«Ռուբինա» Մասնաճիւղի Հաւաք

ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած առաջին ընկերային հանդիպումը տեղի ունեցաւ 14 նոյեմբեր 2013-ին, «Ռուբէն» ակումբի սրահին մէջ: Ներկայ էին 80 հրաւիրեալներ եւ ԼՕԽ-ականներ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի ատենապետ Զեփիւռ Պոնիագրապեան արտասանեց բացման խօսքը: Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսը` Սիրուն Վարդապետեանը, որ օգտակար գիտելիքներ փոխանցեց ներկաներուն` սահիկներու ցուցադրութեամբ, նիւթ ունենալով «Արկածներու կանխարգիլումը տարեցներու մօտ»: Ան բացատրեց արկածներու անմիջական օգնութեան եւ նախազգուշութեան...

ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական Յանձնախումբի Այցելութիւնը Պէյրութի Ազգային Թանգարան

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը նախանձախնդիր է իր առաքելութեան, օգտակարը եւ շահեկանը իրար միացնելով կը կազմակերպէ ձեռնարկներ: Այս ծիրին մէջ երեքշաբթի, 3 դեկտեմբեր, 2013-ին յանձնախումբը կազմակերպած էր այցելութիւն մը` Պէյրութի ազգային թանգարան: Հակառակ օդի աննպաստ պայմաններուն, աւելի քան հարիւր ԼՕԽ-ականներ երեք փոխադրակառքերով ուղղուեցան թանգարան, ԼՕԽ-ականներ եկան նոյնիսկ հեռաւոր Այնճարէն: Անոնց կ՛ընկերանային Շրջանային վարչութենէն Ազատուհի Սարգիսեան եւ Սանդուխտ Հերկելեան: Մուտքին ԼՕԽ-ականները...

Թմրամոլութեան Վերաբերող Դասախօսական Հաւաքներ

Այլ մոլութիւններու կողքին, ինչպէս` ծխախոտի, ոգելիցի չարաչար օգտագործումը, մարդկային  ընկերութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուի այլ վտանգաւոր երեւոյթի մը` թմրամոլութեան, որ վարակիչ ախտի մը նման հետզհետէ մուտք կը գործէ ամէն միջավայրի մէջ: Նման երեւոյթներու դէմ պայքարիլն ու մատնանշումները կատարելը կարեւոր է. համապատասխան լուծումներ գտնելու ու այս մոլութեան առաջքը առնելու մտահոգութեամբ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը դասախօսութեանց ճամբով կը միտին հանրութիւնը իրազեկ դարձնել թմրամոլութեան նիւթով:...

Թէյասեղան. «Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղ

Հինգշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2013-ին` առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ Ամանորի եւ Սուրբ ծննդեան տօներուն առիթով, «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը ազնիւ գաղափարը ունեցած էր մասնաճիւղի անդամները հրաւիրելու թէյասեղանի մը շուրջ` ստեղծելով տօնական մթնոլորտ: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս անդամներու խմբային երգեցողութենէն ետք, խօսք առաւ վարչութեան ատենապետ Արաքսի Գըլըճեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան յոյս յայտնեց, որ 2013 տարին իր աւարտին...

logo-lokh1

«Անի» Մասնաճիւղի Ամանոր

Հինգշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2013-ին ԼՕԽ-ի Ժտէյտէի «Անի» մասնաճիւղի Ամանորի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Անի» ակումբին մէջ: Երեք քայլերգներու (Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի) յոտնկայս ունկնդրելէ ետք, վարչութեան ատենապետ Հուրի Պաժիքեան արտասանեց բացման խօսքը: Ան ներկայացուց վարչութեան գործունէութիւնը: Ան ողջունեց ներկաները, որոնց շարքին էին երկու հիմնադիր անդամներ` Պայծառ Գլընճեան եւ Շուշան Արսլանեան, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան, յանձնախումբերու եւ այլ մասնաճիւղերէ անդամներ եւ ներկաներ:...

Աւանդական Ամանորի Հանդիպում

Նոր տարուան սեմին աւանդութիւն դարձած է, որ ԼՕԽ-ականներ միասնաբար ուրախ մթնոլորտի մէջ դիմաւորեն գալիք տարին, որպէսզի ունենան բեղուն գործունէութիւն տարուան ընթացքին: ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» (Մար Մխայէլ) մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր աւանդական իր ամանորի հանդիպումը, երեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2013-ին, ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» ակումբին սրահին մէջ` ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի նախկին թէ ներկայ վարչականներու, ԼՕԽ-ականներու, հրաւիրեալներու եւ ԼՕԽ-ի բարեկամ հայուհիներու: Վարչութեան ատենապետ Վրէժուհի Փափազեան բարի...

Կաղանդի Հայկական Աւանդական Պազար

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Լիբանանի Տիկնանց համախմբումը 6-7-8  դեկտեմբերին ունեցաւ հայկական աւանդական կաղանդի պազարը` յաջորդական երեսուներորդ տարին ըլլալով: Լիբանանի 2013-ի Գեղեցկութեան թագուհի Գարըն Ղըրաուի պազարին բացումը կատարեց: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀԲԸՄ-ի Տիկնանց համախմբումի ատենապետ Գալին Եավէրեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց միութեան նպատակն ու տարած աշխարհացրիւ գործունէութիւնները: Համախմբումին կողմէ Գարըն Ղըրաուիին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը` ՀԲԸՄ-ի Էջմիածնի Հայորդաց տան ուսանողներուն կողմէ...

yeghishe-(2)

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան Այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Ուրբաթ, 20 դեկտեմբեր 2013-ին, Ազգ. Ե.  Մանուկեան քոլեճի մեծ ընտանիքը ընդունեց  Լիբանանի Հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Շահէ  եպս. Փանոսեանի հովուապետական  անդրանիկ այցելութիւնը. անոր կ՛ընկերակցէին   Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ տոքթ. Յակոբ Եագուպեան եւ գործավար Մարալ Անթոյեան: Խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական  կազմն  ու  աշակերտութիւնը ծափողջոյններով ու ծաղկեփունջով դիմաւորեցին սրբազանը: Տեսչարանին մէջ` տնօրէնութեան ու  խնամակալութեան անդամներուն հետ ունեցած  կարճատեւ հանդիպումէ ետք առաջնորդ  սրբազանը վարժարանի սրահին...

aksor1712

Լիբանանի Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանին Անդրանիկ Այցելութիւնը Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան

Երեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2013-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի աշակերտները ցնծութեան վայրկեաններ ապրեցան: Առիթը` Լիբանանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին` վարժարան կատարած այցելութիւնն էր: Տնօրէնութիւնը, հոգաբարձութիւնն ու վեցերորդ դասարանի աշակերտները ծափողջոյններով դիմաւորեցին առաջնորդ սրբազան հայրն ու Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի անդամները ու միասնաբար ուղղուեցան «Բակուր Աղասարգիսեան» սրահ, ուր մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններու դասարանները համախմբուած էին իրենց...

mesrobian-(1)

Ս. Ծննդեան Համերգ` Մեսրոպեանի Երգչախումբին Կողմէ Ներկայացուած

19 դեկտեմբեր 2013-ին ՀԿՄ-ի «Յ. Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծնունդի համերգ, կատարողութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի երգչախումբին եւ ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու: Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Վանեսսա Նաժժար, որ նշեց, թէ Քրիստոսի ծնունդը իւրաքանչիւրին կու տայ նոր կեանք եւ նոր ոգի` վերանորոգելու ուխտը եւ հաւատքը: Ան աւելցուց, որ հոգեւոր համերգը առիթ...

Page 82 of 114 1 … 81 82 83 … 114

Արխիւներ