Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը Քանատայի Մէջ Ներկայացուցած Է Ղարաբաղեան Հարցը
Հոկտեմբեր 28-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, որ Քանատա կը գտնուի, «Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային անվտանգութիւնը եւ մարդու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութիւնը» խորագիրով դասախօսութիւն ներկայացուցած է Օթթաուայի «Քարլթըն» համալսարանին մէջ. ընթացքին ան խօսած է ազրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ներկայ հանգրուանին մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է անկախութեան տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղի ունեցած ձեռքբերումներուն եւ առկայ մարտահրաւէրներուն: Դասախօսութեան ներկայ եղած են Քարլթընի...













