Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան Թարգմանչաց Տօնի Արժանաւոր Նշում

October 25, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1010_aksorՈւրբաթ, 10 հոկտեմբեր 2014-ին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի աշակերտները իւրայատուկ հանդիսութեամբ նշեցին Ոսկեդարու անմահանուն կերտիչներուն` Մեսրոպ Մաշտոցի, Վռամշապուհ թագաւորի, Սահակ կաթողիկոսի եւ թարգմանիչ վարդապետներուն յիշատակը:

Յայտագիրը սկսաւ լիբանանեան եւ հայաստանեան քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վեցերորդ դասարանէն Նաթալի Մարգարեան: Ան ներկայացուց 1608 տարիներ առաջ հայ ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւնները, որոնցմէ կարեւորագոյնը` սեփական գիրերու բացակայութիւնը: Ն. Մարգարեան երախտագիտութիւն յայտնեց Մեսրոպ Մաշտոցին եւ թարգմանիչ վարդապետներուն, որոնց շնորհիւ որպէս հայ մեր ինքնութիւնը պահեցինք: Ան ներկայ աշակերտութեան անունով  ուխտեց հաւատարիմ մնալ այբուբենին` միշտ հայերէն խօսելով, կարդալով ու գրելով:

10710522_10152800038474559_4500889967098681466_nԲացման խօսքին յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիրը, որուն ընթացքին նախակրթարանի առաջինէն վեցերորդ դասարաններու աշակերտները բանաստեղծութիւններով գովերգեցին թարգմանիչ սերունդը: Ապա վեցերորդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ» վերնագիրով համադրուած թատրոն մը, ուր ներկայացուեցան Մեսրոպ Մաշտոցի մտահոգութիւնն ու տագնապը, նաեւ` Սահակ կաթողիկոսին ու Վռամշապուհ արքային հետ հանդիպումները: Աշակերտները որպէս ժողովուրդ մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Մեսրոպ Մաշտոցը նմանօրինակը դառնալով 406 թուականին` գիրերու գիւտէն ետք անոր  Վաղարշապատ մայրաքաղաք մուտքի մթնոլորտին: Բեմայարդարումը եւ տարազներու բաժինը լաւագոյնս կը յարմարէին նիւթին:

Վերջին բաժինով վարժարանի երգչախումբը խմբերգեց «Ով մեծասքանչ դու լեզու»-ն:

Հուսկ բեմ բարձրացաւ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի տնօրէն Արեգնազ Աղասարգիսեան: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես պատրաստուած յայտագիրին եւ յատուկ կերպով գնահատեց յայտագիրին մաս կազմող աշակերտները: Ա. Աղասարգիսեան մատնանշեց հայկական ինքնութեան պահպանման կարեւորութիւնը, Մեսրոպ Մաշտոցի առանձնայատուկ դերը հայկական: Ան ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր աշակերտ զինուոր է մեր կեանքին մէջ, եւ այբուբենը մեր զէնքը: Վարժարանի տնօրէնը խրախուսեց աշակերտները, որ տէր կանգնին այբուբենին, հայկական ընտանիք կազմեն եւ միշտ հայերէն խօսին: Ան իր խօսքը եզրափակեց` կոչ ուղղելով, որ միշտ անմար պահեն Մեսրոպ Մաշտոցի ջահը:

Թարգմանչաց այս ձեռնարկը իր անջնջելի դրոշմը պիտի ձգէ աշակերտներու յիշողութեան մէջ:

Նախորդը

Մեսրոպեանի Աշակերտները Նշեցին Թարգմանչաց Տօնը

Յաջորդը

Իպոլան Եւ ՏԱՀԵՇ-ը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.