Տոքթոր Յ. Նագուլեանի Գործերը Կը Ցուցադրուին Տուպայի Մէջ
Տոքթոր Յարութիւն Նագուլեանի (Arthur K.) հերթական մէկ անհատական ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ հոկտեմբերի 21-ի երեկոյեան, Տուպայի «Հիլթըն տապըլ թրի» պանդոկի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Տոմինիաք ամոլին եւ ներկայութեամբ Լիբանանի եւ Եգիպտոսի հիւպատոսներուն: Ցուցադրութեան դրուած են երեսունէ աւելի ստեղծագործութիւններ, որոնք կարելի է բաժնել երեք գլխաւոր շարքերու` Լիբանանի կղմինտրածածկ տուներ, փիւնիկեան մշակոյթէն ներշնչուած համադրական գործեր եւ հայկական ժայռապատկերներու, խորհրդանշաններու կերպարներ: Բացման խօսքէն ետք...

















