Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Պէյրութի Մասնաճիւղի 2013-2014 Տարեշրջանի Տարեկան Բանակում

October 3, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_3862Կիրակի, 31 օգոստոս, 2014-ի յետմիջօրէին, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբի դաշտին մէջ վերջին գոյքի զետեղումով վերջ գտաւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի 2013-2014 տարեշրջանի տարեկան բանակումը` Պասքինթա գիւղի Մարժ շրջանին մէջ:

Բանակումին նպատակն էր վերանորոգել մասնաճիւղային սկաուտական ոգին եւ խրախուսել սկաուտներն ու խմբապետները` միաժամանակ աւելի կապելով զանոնք ՀՄԸՄ-ին:

Բանակումը նախորդող շաբաթներուն մասնաճիւղին սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը կատարեցին կազմակերպչական անհրաժեշտ աշխատանքները, ինչպէս նաեւ սկաուտական խմբաւորումները հերթական հաւաքներով պատրաստեցին բանակումին անհրաժեշտ գոյքերը եւ յայտագիրները:

Ուրբաթ, 22 օգոստոս 2014-ին, մասնաճիւղի երէց, պարմանուհի, արի եւ արենուշ խմբաւորումները պատրաստեցին բեռնակառքերը, եւ երէցներու «Զարեհեան» փաղանգը բարձրացաւ Պասքինթա. երէցները այս տարի կը նշեն «Զարեհեան» փաղանգին 25-ամեակը: Շաբաթ, 23 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին, պարմանուհիներու «Մեղրի» փաղանգը եւ արիներու Ա. խումբն ու արենուշներու Բ. Խումբը մեկնեցան բանակավայր եւ անմիջապէս պատրաստելու սկսան բանակավայրի մուտքն եւ դրօշակի կայմի շինութիւնը:

Աստիճանաւոր գայլիկ-արծուիկները բանակումին միացան երկուշաբթի, 25 օգոստոսի առաւօտեան: Յաջորդող 2 օրերը յատկացուած էին բանակավայրերու յարդարման եւ ձեռային աշխատանքներուն:

Չորեքշաբթի, 27 օգոստոսին, բանակավայր ժամանեցին նաեւ փոքր գայլիկներն ու արծուիկները, եւ սկսան բոլոր խումբերուն յայտագիրները: Գայլիկներն ու արծուիկները իրենց աշխուժութեամբ նոր կեանք տուին բանակավայրին:

Բանակումին ընթացքին տեղի ունեցան  տարբեր տեսակի սկաուտական աշխատանքներ, որոնցմէ  պէտք է նշել հետեւեալները. երէցներու երկօրեայ հետազօտական արշաւ դէպի Պասքինթա գիւղ եւ շրջակայքը. արի-արենուշներու  արշաւ եւ խաղեր, դասախօսութիւն Թրիաթլոնի մասին` Գէորգ Ալթունեանին կողմէ. գայլիկ-արծուիկ հանգրուանային խաղեր, դասախօսութիւն մաքրութեան մասին, դասախօս` Շաղիկ Չափարեան, չմոռնանք նաեւ մարզական չարքաշ խաղերը եւ զանազան այլ մրցում-խաղերը:

Չորեքշաբթի երեկոյեան բանակավայր այցելեցին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը: Հինգշաբթի առաւօտեան տեղի ունեցաւ մասնաճիւղային հանգրուանային մեծ խաղ` բանակավայրին մէջ, մասնակցութեամբ բոլորին` ամէնէն մեծ երէցէն մինչեւ ամէնէն փոքր արծուիկը:

Ուրբաթ, 29 օգոստոսին բանակավայր հասան մասնաճիւղին մոկլիները` 3-6 տարեկան, թիւով 28 հոգի, բանակողներուն թիւը բարձրացնելով 182-ի, աննախընթաց թիւ մը` մասնաճիւղի  յետպատերազմեան 25 տարիներու պատմութեան մէջ

Շաբաթ, 30 օգոստոս 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն սկսեալ բանակավայր սկսան ժամանել ծնողները եւ հիւրերը: Սկաուտները կը կրէին  ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի յատուկ թի-շըրթները:  Բազմաթիւ ծնողներ, հիւրեր եւ այլ մասնաճիւղերէ սկաուտներ, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղին վարչութիւնը, սկաուտական խորհուրդը, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը ներկայ գտնուեցան փակման արարողութեան եւ մրցանակներուն բաշխման: Դրօշակի պաշտօնական արարողութեամբ եւ «Յառաջ նահատակով» վերջ գտաւ բանակումը: Խօսք առաւ մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդը, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք բոլորին, շնորհաւորեց մրցանակակիրները եւ թիւով 182 սկաուտներն ու խմբապետական կազմը` խոստանալով միշտ նեցուկ կանգնիլ սկաուտներուն, հասնելու համար նորանոր նուաճումներու:

Արարողութենէն ետք սկսաւ պաշտօնական խարուկահանդէսը:

Ներկաներուն մեկնումէն ետք անմիջապէս սկսաւ հայկական շուրջպարն ու քեֆը որմէ ետք սկաուտները սկսան քակել ձեռայիններն ու հաւաքել բանակավայրը: Այս աշխատանքը շարունակուեցաւ ամբողջ կիրակի օրը, որմէ ետք մասնակիցները  վերադարձան Պէյրութ:

 

Նախորդը

Պոլսոյ «Վարդանանց» Երգչախումբի Ելոյթին Նախօրեակին Հարցազրոյց` Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանին Եւ Խմբավար Ատրուշան Հալաճեանին Հետ

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ Աշակերտներուն Թիւը Հետզհետէ Կը Նուազի

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.