Արամ Ա. Կաթողիկոս Թեսաղոնիկէի Մէջ Կը Հանդիպի Քաղաքական Անձնաւորութիւններու Հետ
Հինգշաբթի, 25 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր շքախումբով եւ Թեսաղոնիկէի հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ, այցելութիւն տուաւ Թեսաղոնիկէի նահանգապետ Ափոստոլոս Ծիծիքոսթասի: Նահանգապետը բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին եւ պատմական, քաղաքական, մշակութային ու տնտեսական մարզերուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց: Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ պատմութեան ընթացքին Յունաստանի ունեցած կարեւոր դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ այսօրուան աշխարհին ու յատկապէս Եւրոպական Միութեան մէջ Յունաստանի իւրայատուկ ներդրումին: Կէսօրին,...










