Գաղութային

ԵՕԹԸ ՍԱՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՈՒՄ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 26 նոյեմբեր 2011, ընթրիքի ընթացքին, դպրեվանքին մէջ նշուեցաւ հոկտեմբեր, նոյեմբեր եւ դեկտեմբեր ամիսներուն ծնած եօթը սաներու` Զոհրապ սրկ. Աշըգեանի, Սամուէլ սրկ. Լախոյեանի, Գաբրիէլ կիս. սրկ. Եղիայեանի, Շանթ Շառոյեանի, Պետրոս Մանճիկեանի, Աւետիս Ասայեանի եւ Մկրտիչ Քիւրիւմեանի տարեդարձները: Դպրեվանեցիներ «Բարի տարեդարձ» երգով իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին, շնորհաւորեցին իրենց եղբայրները եւ վայելեցին այս առիթով հրամցուած կարկանդակը: Տարեդարձի հիւրասիրութիւնը ստանձնած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան...

ՄԱՆԿԱԲՈՅՐ ԵՐԵԿՈՅ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 25 նոյեմբեր 2011, իրիկուան ժամը 7:00-ին, ականջալուր Յիսուսի «Ձգեցէք, որ մանուկները ինծի գան» (Մր. 10.14) հրահանգին, դպրեվանքի մէջ ելոյթ ունեցան երկու տիպար հայ մանուկներ, որոնք իրենց ծնողներով եւ հարազատներով դպրեվանք եկած էին: Նախ բեմ բարձրացաւ 5 տարեկան Մեղեդի Տէր Յարութիւնեանը, որ իր անմեղունակ շրթներով հայ դասական բանաստեղծներէն փունջ մը ոտանաւորներ ասմունքեց: Ապա բեմ բարձրացաւ 7 տարեկան միւս շնորհալի աղջնակը`...

ԼՕԽ-Ի «ԱՇԽԷՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ. ՏՕՆԱԿԱՆ ՊԱԶԱՐ

Ամէն տարի, Ամանորի նախօրեակին, ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը կը կազմակերպէ աւանդութիւն դարձած իր պազարը, Սուրբ Յակոբի տօնին առիթով, որ կը յատկանշուի հայկական ճաշերով, անուշեղէններով, ձեռային աշխատանքներով, ինչպէս նաեւ` Կաղանդ պապայի այցելութեամբ: Շաբաթ, 17 դեկտեմբեր 2011-ին, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշեալ պազարը, որ արձանագրեց վարչութեան ակնկալածէն աւելի յաջողութիւն` նիւթապէս եւ բարոյապէս, հակառակ ներկայի տնտեսական տագնապին: Այս...

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԵՒ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Հայ դպրոցի մարդակերտման առաքելութիւնը կրթական-մանկավարժական աշխատանքներով չի սահմանափակուիր միայն: Ընկերային եւ ընտանեկան արժէքներու փոխանցումը եւս կը ներկայացնէ առաջնահերթ կարեւորութիւն, վաղուան հայ մարդու առողջ կազմաւորման համար: Այս մտահոգութեամբ, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին տնօրէնութիւնը անցնող շաբաթներուն ձեռնարկեց աշակերտական հանդիպում-զրոյցներու շարքի մը, հիւր դասախօսներու ճամբով լուսարձակի տակ առնելով պատանեկան-երիտասարդական տարիքի յատուկ հարցադրումներ` բժշկական, գիտական եւ բարոյական նիւթերու շուրջ: Հանդիպումներուն շարքը առաւելաբար...

ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՆԴԷՍԸ Ս. ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2011-ին, Ս. Խանամիրեան ազգային քոլեճին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած Ամանորի հանդէսն ու պազարը, որոնք տօնական ուրախ ու խանդավառ մթնոլորտով ողողեցին դպրոցը: Ներկայ էին վարժարանի նախկին ուսուցիչներ, Ֆանարի Ս. մատրան տիկնանց յանձնախումբը, ԼՕԽ-ի «Հ. Սասուն»-ի եւ «Արազ» մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ վարժարանի բարեկամներ: Հանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտներ, որոնք իրենց երգերով, ասմունքներով, պարերով եւ...

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ

Լիբանանի անկախութեան 68-րդ տօնին առիթով, ուրբաթ, 18 նոյեմբեր, 2011-ին, նախօրօք առնուած ժամադրութեամբ, Հայ աւետարանական քոլեճի միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները, առաջնորդութեամբ քոլեճի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի եւ իրենց դաստիարակներուն, այցելեցին Լիբանանի խորհրդարան: Խորհրդարանին մէջ աշակերտները ընդունեց լիբանանեան խորհրդարանի անձնակազմէն գնդ. Պասսամ Ուէյտաթ: Այնուհետեւ խորհրդարանի մէջ ժողովասրահին մէջ, երեսփոխաններու աթոռներուն վրայ բազմած ներկաներուն ան լայն բացատրութիւններ տուաւ լիբանանեան  խորհրդարանի մասին, որմէ ետք...

ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

Կիրակի, 11 դեկտեմբեր 2011, երեկոյեան ժամը 4:30-ին, դպրեվանքը հիւրընկալեց Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական հիմնարկներու երրորդ ժողովը: Բացման աղօթքը կատարեցին դպրեվանքի ներկայացուցիչներ` Գէորգ սրկ. Սապունճեան եւ Սարգիս Կարապետեան: Առաջին հերթին տեղի ունեցաւ անդամներու ծանօթութիւն: Ապա խօսք առաւ ժողովին հիւրաբար ներկայ գտնուող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի նորընտիր քարտուղար հայր Փոլ Ռուհանա, որ ծանօթացուց սոյն խորհուրդին պատմականն ու ներկան: Ժողովականները որոշեցին ընկերային հաւաքոյթ մը...

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՇՄԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Շաբաթ, 10 դեկտեմբեր 2011, Հարիսայի «Բեթանիա» համագումարներու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հաշմանդամներուն նուիրուած քրիստոնէական համագումար մը, որուն նիւթն էր «Հաշմանդամին դերը եկեղեցիէն ներս»: Համագումարին մասնակցեցան զանազան դպրեվանքներէ հոգեւորական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը ներկայացուցին տեսչական կազմի անդամներ, ուսուցիչներ եւ սաներ` Վարանդ վրդ. Քորթմոսեան, Յովհաննէս աբղ. Սաղտըճեան, Մկրտիչ քհյ. Քէշիշեան, դոկտ. Ժան Սալմանեան, Գէորգ սրկ. Սապունճեան, Միքայէլ սրկ....

ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 121-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 10 դեկտեմբերին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ դաշնակցական ընկերներ ու համակիրներ համախմբուած էին` նշելու Դաշնակցութեան 121-ամեակի տօնակատարութիւնը: Անոնք հոգեհանգստեան արարողութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին եւ Հայ դատի հետապնդման ճամբուն վրայ նահատակուած այնճարցի դաշնակցական նուիրեալներու յուշակոթողին առջեւ, ուր ՀՄԸՄ- Այնճարի փողերախումբին ընկերակցութեամբ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղէն անդամներ ծաղկեպսակ զետեղեցին:...

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերուն նախօրեակին այցելութիւն մը տուաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2011-ին: Վերապատուելի Հայտոսթեան գնահատեց ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը ընդհանրապէս` շեշտելով ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերուն կարեւորութիւնը հայ աշակերտութեան համար, ինչպէս նաեւ` ազնիւ մրցակցութեան ոգիով ու բարի նախանձով լաւ արդիւնքներ արձանագրելու կարեւորութիւնը: Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան վերահաստատեց Հայկազեան համալսարանի հովանաւորութիւնը ԼԵՎԱՄ-ի խաղերուն, ինչպէս նախորդ չորս տարիներուն: ՀՄԸՄ-ի...

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ` ՆԱՀԱՏԱԿ ԵՒ ՆՆՋԵՑԵԱԼ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 11 դեկտեմբեր 2011-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ՀՄԸՄ-ի բոլոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար: Աւանդութիւն դարձած հոգեհանգստեան պաշտօնին ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, մասնաճիւղերու վարչութիւնները, Շրջանային վարչութիւնը, մասնաճիւղերու վարչութիւնները, Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու Շրջանային խմբապետական կազմը, նախկին կեդրոնական եւ շրջանային վարչութիւններու անդամներ, վեթերան քոյրեր, եղբայրներ, մարզիկներ եւ սկաուտներ:...

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ. ԿԱՐԻՆԷ ԹՈՐՈՍԵԱՆԻ ԱՅՑԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կրթութեան ազգային հիմնարկի նախադպրոցական եւ տարրական բաժինի վարիչ Կարինէ Թորոսեան Պէյրութ հրաւիրուեցաւ` Ճեմարանի մէջ մայրենիի դասաւանդման դասալսումներ կատարելու համար: Կ. Թորոսեան տարբեր դասալսումներ կատարեց Ճեմարանի եւ ազգային վարժարաններու մանկապարտէզի, տարրականի եւ նախակրթարանի դասարաններուն մէջ, սփիւռքեան պայմաններուն մէջ` մայրենիի մատուցման ձեւերուն, ինչպէս նաեւ անոր ընկալման եւ գործածութեան չափին մասին...

ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ԶՕՐ. ՓԱՆՈՍ ՄԱՆՃԵԱՆ` ԻՐ ՀԱՐԱԶԱՏ ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ

Ընդառաջելով տնօրէնութեան հրաւէրին` քաղաքի Հայ աւետարանական քոլեճի 1971-ի շրջանաւարտ լիբանանեան բանակի հանգստեան կոչուած եւ Լիբանանի կառավարութեան մէջ պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեան 2 դեկտեմբեր, 2011-ին այցելեց քոլեճ եւ եղաւ ատենամարզանքի հիւրը: Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկը սկսաւ լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք դպրոցի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան ներկայացուց իր երբեմնի աշակերտ, օրուան հիւր, պետական նախարար զօր....

ԱԶԳ. «ՅԱՌԱՋ – Գ. ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՔՈԼԵՃ. ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՆԱԽԱՃԱՇ` ԾՆՈՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլԵճի Ծնողական խորհուրդի կազմակերպութեամբ, «Նապաա Այնճար» ճաշարանին մէջ, ուրբաթ, 25 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, տեղի ունեցաւ տարեկան աւանդական նախաճաշը, որուն ներկայ էին` ծնողներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ ու հայրենակիցներ: Ձեռնարկին բացումը կատարելով` Ծնողական խորհուրդի ատենապետ Աշխէն Գազանճեան կարեւոր նկատեց հայ վարժարանին գոյատեւումն ու յառաջընթացը` ի նպաստ հայ աշակերտին ուսման ու անոր հանգրուանային զարգացումին: Ա. Գազանճեան զեկուցեց, որ նախորդ տարուան...

ԼՈՅՍԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Ազգ. Աբգարեան վարժարանի ուսուցչական կազմին, ուրբաթ, 9 դեկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան, վարժարանի շրջափակէն ներս իրագործուեցաւ հանդիսութիւն մը` Սուրբ Ծնունդի մեծադիր մսուրը ամբողջացնելու նպատակով: Հրաւիրուած էին պատկան մարմինները, ինչպէս նաեւ բարեսիրական եւ հայրենակցական միութիւններու վարչութիւնները` հաղորդուելու Սուրբ Ծնունդի խորհուրդով: Մթութեան մէջ պլպլացող լոյսով ներկաները խմբուեցան մսուրին շուրջ: Եկեղեցւոյ ղօղանջով Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ դպիրները ջահերով մօտեցան մսուրին եւ հնչեցուցին «Խորհուրդ...

ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ «ՍԱՆ ՄԸ ՈՐԴԵԳՐԷ» ԾՐԱԳՐԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ

Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս- պատրիարքին, հինգշաբթի, 1 դեկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Մեթրոփոլիթըն փալաս» հիւրանոցի «Նուրա հոլ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանին աւանդական դարձած տարեկան բարեսիրական ընթրիքը` ի նպաստ «Սան մը որդեգրէ» ծրագրին: Ընթրիքին ներկայ էին` հոգեւոր հայրեր, բարերարներ, վարժարանի բարեկամներ, տեսչական կազմի անդամներ եւ օժանդակ մարմիններու ներկայացուցիչներ: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի բարեկամներէն...

ՀԱՅ ԱՒԵՏ. Փ. ԵՒ Է. ԹՈՐՈՍԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 60-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ ՇԱՐՔԸ` ԱՄԲՈՂՋԱՑԱԾ

1951-ին հիմնադրուած Հայ աւետ. Թորոսեան վարժարանի 60-ամեակին առիթով , յատուկ յանձնախումբի կողմէ, այս տարուան համար ծրագրուած էր ձեռնարկներու շարք մը: Առաջինը մտերմիկ հաւաք մըն էր, որ կը խորհրդանշէր շրջանաւարտներու երախտագիտութիւնը հարազատ վարժարանին: Երկրորդը աշխատասիրութիւնը դրուատող երաժշտական թատերախաղի մը ներկայացումն էր` բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի: Ս. Զատկուան տօնավաճառին, այնուհետեւ մայրերու օրը կազմակերպուած նախաճաշին զուգահեռ, ծրագրուեցան«Դէպի Պատմական Հայաստան» շրջապտոյտի եւ վարժարանի տարեգիրքին պատրաստութեան...

«ՃԻՆԻՇԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ\Ի ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԲԱՐԳԱՒԱՃՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՄՍՈՒՐԸ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ

«Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի համայնքային բարգաւաճման (ՀԲՁ) յանձնախումբը, իր աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս մսուր մը զետեղեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերու շրջանին մէջ. հոն, ուր «Ճինիշեան»-ը շրջանի բնակչութեան գործակցութեամբ համայնքային բարգաւաճման ծրագիրներ կ’իրականացնէ: Մսուրը նախորդ տարիներու օրինակին հետեւելով` այս տարի եւս զետեղուեցաւ Պուրճ Համուտի նորակառոյց կամուրջին տակ, քաղաքապետարանի դաշտ չհասած, աջին գտնուող բաժինին տակ: Մսուրին պատրաստութիւնը, շինութիւնն ու զարդարանքը տեղի ունեցաւ...

ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԵՐՓՆԵՐԱՆԳ ՏԱՐԲԵՐԱԿՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՆԵՐԴԱՇՆԱԿ ԵՒ ԿՇՌՈՒԹԱՒՈՐ ԵՆ…

Լիբանանի կերպարուեստի յայտնի դէմքերէն Ժըպրան Թարազիի հերթական մէկ անհատական ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 2 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Վիլլա Աուտէյի մէջ (Էշրեֆիէ): Ժըպրան Թարազի ծնած է 1944-ին, Դամասկոս: Տակաւին մանուկ, ընտանիքին հետ կը մեկնի Ռապաթ (Մարոք) ուր կը մնայ մինչեւ 1958, երբ կը վերադառնայ Պէյրութ ու կը սկսի յաճախել «Ինթըրնեշընըլ քոլեճ»: Ան հասակ կ՛առնէ արուեստը գնահատող ընտանիքի մը մէջ`...

ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ 4-ՐԴ ՓԱՌԱՏՕՆ. ԶԱՔԱՐ ԵՒ ԿԱՄԻԼԱ ՔԷՇԻՇԵԱՆՆԵՐՈՒ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐՈՐԱԿ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ

«Պէյրութը կ’երգէ» հոգեւոր երաժշտութեան 4-րդ փառատօնի նախաձեռնութիւններուն շրջագիծին մէջ, կազմակերպութեամբ «Սոլիտեր»-ին, երէկ` երկուշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Քափուչինեան միաբանութեան Ս. Լուիս կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական խճանկար Բ.»-ը, որուն ընթացքին Զաքար Քէշիշեան եւ Կամիլա Քէշիշեան նուագեցին հայկական հոգեւոր, դասական եւ ժողովրդական երաժշտութիւններ: Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց հոգեւոր երաժշտութեան փառատօնի կազմակերպիչներէն  եւ նախաձեռնութեան հիմնադիր Միշլին  Ապի Սամրա, որ...

Page 112 of 114 1 … 111 112 113 114

Արխիւներ