Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 121-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ

December 20, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 10 դեկտեմբերին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ դաշնակցական ընկերներ ու համակիրներ համախմբուած էին` նշելու Դաշնակցութեան 121-ամեակի տօնակատարութիւնը: Անոնք հոգեհանգստեան արարողութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին եւ Հայ դատի հետապնդման ճամբուն վրայ նահատակուած այնճարցի դաշնակցական նուիրեալներու յուշակոթողին առջեւ, ուր ՀՄԸՄ- Այնճարի փողերախումբին ընկերակցութեամբ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղէն անդամներ ծաղկեպսակ զետեղեցին:

Ձեռնարկին ներկայ էին` գիւղին հոգեւոր պետերը, քաղաքապետը եւ գիւղին մէջ գործող միութիւններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Քարոզչական յանձնախումբին անունով խօսք փոխանցեց դոկտ. Կարօ Փիլաւճեան, որ արժեւորեց Դաշնակցութեան անցած ուղին` վեր առնելով անոր հիմնական առաքելութիւնները, հայրենակերտման, հայակերտման ու հայապահպանման եռեակ ճակատներուն վրայ:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ Եւիկ Աշգարեան, որ նշեց, թէ Դաշնակցութիւնը հարազատ ծնունդն է հայ ժողովուրդին եւ իր ամէնօրեայ ներդրումով դէմ յանդիման կը կանգնի հայ ժողովուրդը այլասերող ու ապազգայնացնող որեւէ յոռի երեւոյթի դիմաց:

«Հիմա որ տարեդարձային դիպուածով անցեալը կը դիտենք, կը հաստատենք, թէ Դաշնակցութիւնը յաւերժական գոյութիւն մըն է, որ պատմութիւն չէ, այլ պատմութիւն կերտող է», ըսաւ Եւիկ Աշգարեան` եզրափակելով, որ Դաշնակցութիւնը մեկնելով իր գործի կուսակցութեան էութենէն, պատնէշի վրայ է` ծառանալու Հայ դատը հարուածող որեւէ դաւադրութեան դէմ:

Նարէ Թազեան ասմունքեց Չարենցի «Ամբոխները խելագարած» բանաստեղծութիւնը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւօ Կիտանեան, որ նշեց, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան օրէն իսկ կը գործէ ժողովուրդին համար եւ իր կազմակերպական լայն ցանցով կը կենսագործէ անոր հաւաքական իղձերը: Ան ըսաւ, որ տարեդարձի այդ օրը աշխատանքի հաշուետուութեան պահ կը համարուի: Մեկնելով գաղութային իրականութենէն` ան անդրադարձաւ Դաշնակցութեան կրկնակի պատկանելիութեան եւ անկէ բխող առաքելութեանց:

Պատգամախօսը մանրամասնեց լիբանանահայ գաղութին մէջ անցնող տարեշրջանին տեղի ունեցած կրթական-մշակութային, ընկերային եւ ազգային տարբեր բնագաւառներու մէջ արձանագրուած աշխուժութիւնն ու յաջողութեամբ պսակուած ձեռնարկները, որոնք ՀՅ Դաշնակցութեան հովանիին տակ գործող տարբեր միաւորներու եւ ուղեկից միութիւններու կողմէ ծրագրաւորուած ու կազմակերպուած աշխատանքներու արդիւնքն են:

Աւօ Կիտանեան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը իր ուրոյն դիմագիծով ու որոշումներով մասնակից ու դերակատար է Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ. ան լիբանանահայ քաղաքական իրական ներկայացուցչութեան վերականգնումը անհրաժեշտ լծակ համարեց ի սպաս գաղութի ամրակայման ու բարգաւաճման:

Ան մարտահրաւէր համարեց թրքական թափանցումը միջինարեւելեան եւ լիբանանեան քաղաքական թատերաբեմին վրայ ու տարբեր բնագաւառներու մէջ:

Աւօ Կիտանեան դատապարտեց Պէյրութն ու Պոլիսը քոյր քաղաքներ հռչակելու Պէյրութի քաղաքապետութեան որոշումը:

Անդրադառնալով Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին` ան կարեւոր համարեց  քաղաքական առողջ մշակոյթի եւ իրաւ ժողովրդավարութեան կայացումը, իբրեւ կայունութեան գործօն:

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (20 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

Յաջորդը

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՈՂՋՈՒՆԵՑ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.