Գաղութային

«ՀԱՅԿԱԿԱՆ Է, ՊԱՏՈՒԱԿԱՆ Է» ԿԱՐԳԱԽՕՍԻՆ ՆԵՐՔԵՒ. ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ «ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՀԱՄԵՐԳ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ կազմակերպութեամբ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, կիրակի, 4 դեկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, աւելի քան 650 հանդիսականներու ներկայութեան  Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական է, պատուական է» ժողովրդային երգերու համերգ` ի նպաստ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ աղքատախնամին, կատարողութեամբ եկեղեցւոյ «Նարեկացի» երգչախումբին, գեղարուեստական խմբավար` Երուանդ Քէշիշեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ...

ԼՕԽ-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ «ԿԱՄԱՒՈՐԻ ՕՐ»-ՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. «ՊԷՏՔ Է ԿԵԴՐՈՆԱՆԱՆՔ ԿԱՄԱՒՈՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ ԴԻՄԱՑ ՑՑՈՒՈՂ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ» ԸՆԴԳԾԵՑ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի քարոզչական յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, շաբաթ, 3 դեկտեմբերի առաւօտուն, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամաւորներու օր»-ուան նուիրուած ձեռնարկ մը: Ներկայութեամբ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքի բարեկամներուն ու բազմաթիւ ԼՕԽ-ականներու, Գարմէն Ֆեսլեան ձեռնարկը կազմակերպած ԼՕԽ-ի քարոզչական յանձնախումբին անունով ողջունեց ներկաները` նշելով սոյն հանդիսութեան նպատակն ու իմաստը: «Կամաւոր գործիչներ իրենց յօժար աշխատանքով...

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐ. Ս. ԹԱԴԷՈՍ ԵՒ Ս. ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ` ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Հայոց առաջին լուսաւորիչներուն` Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն տօնին եւ Կիրակնօրեայի օրուան առիթով` կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինին շաբաթ, 3 դեկտեմբերի առաւօտեան Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Ս. պատարագին մասնակցեցան Ս. Աստուածածին, Ս. Սարգիս, Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Սրբոց Վարդանանց, Ս. Գէորգ, Հայ առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան, մայրավանքի, Ֆանարի, Ռաուտայի, Ռըմէյլի Ս....

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՅՆՃԱՐԻ «ԿԱՔԱՒԻԿ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ՔԱՋԱԼԵՐԱԿԱՆ ԵԼՈՅԹԸ

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Համազգայինի Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 40-ամեակին առիթով կիրակի, 4 դեկտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Կաքաւիկ» մանկապատանեկան պարախումբի երկրորդ ելոյթը: Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով արտասանեց Սիլվա Քիւրքճեան, որ նշեց, թէ «Կաքաւիկ» դէպի նոր բարձունքներ սլանալու ընթացքին մէջ է, եւ պարախումբի...

«ՆԱՐԵԿԻ ՏԻՐԱՄՕՐ» ԿԵԴՐՈՆԻ ՍՏԱՄՈՔՍԻ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ԲԱՑՈՒՄ

Շաբաթ, 3 դեկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին տեղի ունեցաւ «Նարեկի Տիրամօր» ընկերաբժշկական կեդրոնի ստամոքսի հետազօտական բաժանմունքի բացումը` ներկայութեամբ Հայ կաթողիկէ համայնք Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին: Բացման խօսքը արտասանեց կեդրոնի տնօրէն տոքթ. Կոստան Եափուճեան, որ յայտարարեց, թէ կեդրոնի տարբեր բաժանմունքներուն կողքին աւելցած է ստամոքսի հետազօտութեան բաժինը, որ նուէրն է «Էօվր տ՛էրինա»-ի ու Հայ կաթողիկէ աղքատախնամ միութեան եւ կ՛արժէ 20 հազար տոլար: Ան...

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ. ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 60-ԱՄԵԱԿ

29 նոյեմբեր 1951-ին կը մահանայ Հայ Ճեմարանի հիմնադիրներէն Լեւոն Շանթ: Չորեքշաբթի, 30 նոյեմբեր 2011-ին «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ Լսարանական միութիւնը նշեց մեծ հայուն ու մեծ մանկավարժին մահուան 60 -ամեակը` ներկայութեամբ միջնակարգի ու երկրորդականի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն: Ձեռնարկին բացման խօսքը կարդաց Լսարանական Միութեան նախագահ Սարհատ Գեթսեմանեան, ապա Թ. դասարանէն Գուրգէն Փափազեան ասմունքեց Լեւոն Շանթի «Ես պատրանքը սիրեցի» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք...

ԱԶԳԱՅԻՆ «ՅԱՌԱՋ-Գ. ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՔՈԼԷՃ. ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ՎԱՅԵԼԵՑԻՆ «ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ» ԵՐԳԱԽԱՌՆ ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԸ

Եզրափակելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հռչակած «Հայ մանուկի տարի»ն, Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլեճի հրաւէրով ու կազմակերպութեամբ, Այնճարի մանուկները գեղեցիկ առիթը ունեցան հանդիսատես ըլլալու Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինին ներկայացուցած «Հայ մանուկին իրաւունքը» երգախառն թատրոնը` կատարողութեամբ «Ծիածան» մանկապատանեկան թատերախումբին եւ բեմադրութեամբ Յարութ Հարպոյեանի: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ «Յառաջ» մանկապարտէզի վարիչ-մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեան, որ ողջունելով հանդիսատեսները, թատերախումբն ու անոր բեմադրիչն ու պատասխանատուները`...

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ ԱԶԳԱՅԻՆ «ՅԱՌԱՋ-Գ. ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՔՈԼԷՃԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 25 նոյեմբերի կէսօրուան ժամը 1:30-ին, նախակրթարանի եւ միջնակարգ-երկրորդականի աշակերտութիւնը հաւաքուեցաւ վարժարանի «Մուսա Լեռ» սրահին մէջ` հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ նշելու Լիբանանի անկախութեան տարեդարձը: Հաւաքին ներկայ էին գիւղի հոգեւոր հովիւ տէր Աշոտ քհնյ. Գարագաշեան, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, վարժարանի խնամակալութիւնը, Շրջանաւարտից միութեան վարչութիւնն ու ծնողական խորհուրդը: Հաւաքին բացման խօսքը արաբերէնով փոխանցեց Ը. դասարանէն Շողեր Արուշեան, որ վեր առնելով անկախութեան գաղափարը` շեշտեց...

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻՆ ՄԷՋ

Անկախութիւն. սքանչելի բառ մը, որ կը նշանակէ կախեալ չըլլալ ոեւէ մէկէն իսկ հայրենիքի անկախութիւն... այս մէկը շքեղ ըլլալէ աւելի` հպարտութեան եւ ինքնավստահութեան զգացում կու տայ անհատին. այսպիսի զգացումներէ մղուած` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէնութիւնը այս տարի եւս որոշած էր տարբեր շուքով տօնել Լիբանանի անկախութիւնը: Արդարեւ, 25 նոյեմբեր 2011-ին, լիբանանեան բանակի յատուկ ուժերու ջոկատը հրաւիրուած էր Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ` նորահաս...

ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՅՆՃԱՐ. ՔՈՅՐ ՄԱՐԻ ՌՈՔԻ ԴԱՄԲԱՐԱՆԻ ԶԵՏԵՂՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Այնճար հայաւանի 70 տարիներու պատմութեան մէջ իրենց յատուկ տեղը ունին զուիցերիական-գերմանական Հիլֆսպունտ միսիոնարութեան 3 քոյրերը, այսինքն քոյրեր` Հետուիկ, Աննա, եւ Մարի Ռոք: Անոնք երկար տարիներ մեծ նուիրումով ծառայեցին Այնճարի ժողովուրդին, ինչպէս սան - սանուհիներուն` Հայ Աւետ. Երկրորդական վարժարանի գիշերօթիկ դպրոցին մէջ: Այդ քոյրերէն Մարի Ռոք 1975-ին կը մահանայ եւ կը թաղուի Այնճարի գերեզմանատան մէջ: Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմէն զերծ չմնաց քոյր...

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ` ՀԲԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

22 նոյեմբերը Լիբանանի ազգային տօնն է` անկախութեան տօնը: Մայրիներու այս չքնաղ երկիրը շատոնց իր հիւրընկալ գիրկը լայն բացած է հայուն, եւ մենք, բնական ու նպաստաւոր պայմաններ գտնելով հինաւուրց այս երկրին մէջ, Միջերկրականի այս տաքուկ ափին հաստատ քայլերով կը շարունակենք կերտել հազարամեայ մեր պատմութեան նորագոյն էջը: Լիբանանը եղաւ ա՛յն երկիրը, ուր հայը քանի մը  տասնեակի հասնող կրթօճախներ, եկեղեցիներ, ակումբներ, տպարաններ եւ...

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ. «ԻՆՉՊԷ՞Ս ԱՊԱՀՈՎԵԼ ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԴԱՍԻ ԱՌՈՂՋ ՄԹՆՈԼՈՐՏ»

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ հինգշաբթի, 17 նոյեմբեր 2011-ին, տեղի ունեցաւ «Ինչպէ՞ս ապահովել դպրոցական յաջողութիւն եւ դասի առողջ մթնոլորտ» նիւթով դասախօսութիւն մը: Նիւթը ներկայացուց մանկավարժ-հոգեբան Ռիթա Բարմաքսըզեան: Դասախօսութիւնը բաժնուած էր երկու մասերու: Առաջին բաժինին մէջ դասախօսը շեշտեց հայ դպրոցին եւ հայ ուսուցիչին տարած աշխատանքներուն կարեւորութեան մասին: Իսկ երկրորդ բաժնին մէջ ան խօսեցաւ ծնողներու զանազան դերերուն մասին, որպէսզի...

ԼՈՒՐԵՐ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ

ԴՊՐԵՎԱՆԵՑԻՆԵՐ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻՆ ՄՏԵՐՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Կիրակի, 20 նոյեմբեր 2011-ին Ս. պատարագէն ետք, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, աւելի քան ժամ մը, դպրեվանեցիներ այցելեցին հայ գիրքի 33-րդ ցուցահանդէսը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. հայրապետ կիրակի, 13 նոյեմբերին, կատարած էր հայ գիրքի 33-րդ ցուցահանդէսին բացումը եւ ուղղած իր հայրապետական պատգամը` 2012 տարին Հայ գիրքի տարի հռչակելով: Այս առթիւ, դպրեվանեցիներ հանդէս եկած էին Ս. Թարգմանիչ...

ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ՇԱՄԼԵԱՆ ԹԱԹԻԿԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ. ԿԵԱՆՔԸ ՄԵՐ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

Մեզի վստահուած փոքրիկներուն դպրոցական առաջին փորձառութիւնները ճոխ ու դաստիարակիչ դարձնելու միտումով բազմազան ծրագիրներ եւ յայտագիրներ կը մշակուին դպրոցին մէջ: Այսպէս, վերամուտի խանդավառ առաջին օրէն ետք մեր աշակերտները ունեցան հաւաքական բազմաթիւ յայտագիրներ, ինչպէս` Լիբանանի անկախութիւն, հայ գիրքի ցուցահանդէսի տրուած այցելութիւն: Նման յայտագիրներու ամէնէն յատկանշական եղաւ Մարաշի հայրենակցական միութեան յատկացուած օրը: Օրուան յայտագիրը ընդգրկեց Մարաշի յատուկ ձեռագործի եւ այլ իրերու ցուցադրութիւն, գեղարուեստական...

ԱԶԳԱՅԻՆ «ՅԱՌԱՋ-Գ. ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՔՈԼԵՃԸ ՋԱՏԱԳՈՎ` ԲՆԱՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՈՒ ՄԻՋԱՎԱՅՐԻ ՄԱՔՐՈՒԹԵԱՆ

Բնապահպանման ու միջավայրի մաքրութեան պաշտպանութեան պատգամով, Ազգային «Յառաջ» նախակրթարանը գեղեցիկ նախաձեռնութեամբ մը, հինգշաբթի, 17 նոյեմբերին մաքրեց Այնճարի կարգ մը պողոտաները: Աշակերտութիւնն ու ուսուցչակազմը միջավայրի պաշտպանութեան կարգախօսներով ու ցուցանակներով շրջեցան Վագըֆ եւ Խըտըրպէկ թաղամասերուն մէջ եւ մաքրութեան յատուկ ու բծախնդիր աշխատանք տարին նախապէս ճշդուած ճամբաներու վրայ: Ապա անոնք Համազգայինի «Ռուբէն Նագեան» կերպարուեստի դպրոցին շրջափակը հիւրասիրուեցան գիւղի քաղաքապետութեան կողմէ: Այնուհետեւ բոլորը ուղղուեցան...

ԴԷՊԻ ՀԱՅՔ

Չորեքշաբթի, 16 նոյեմբեր 2011-ի միջօրէին ՀԲԸ Միութեան Դարուհի- Յովակիմեան վարժարանին հիւրերն էին «Դէպի Հայք» կազմակերպութեան տնօրէն Սեւան Գապաքեանն ու ՀԲԸՄ Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի շրջանաւարտ եւ «Դէպի Հայք» ծրագրի մասնակից Քաթրին Մուղալեանը: «Դէպի Հայք» միջազգային բարեգործական հիմնադրամը ստեղծուած է 2003-ին: Ծրագրին հիմնական խնդիրն ու նպատակն է զարգացնել ու ամրապնդել կապը հայրենիքի  ու սփիւռքի երիտասարդներուն միջեւ` վերջիններուն հնարաւորութիւն տալով մասնակցելու Հայաստանի առօրեայ կեանքին...

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՔԱՐԱՆԹԻՆԱՅԻ ԶՕՐԱՆՈՑ

Նախապէս առնուած ժամադրութեամբ` երեքշաբթի, 29 նոյեմբեր 2011-ին` առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Ազգ. Աբգարեան վարժարանի աշակերտները ուղղուեցան Քարանթինայի զօրանոցը` Լիբանանի անկախութեան տօնին առթիւ իրենց պատրաստած յայտագիրը ներկայացնելու համար զինուորներուն: Շեփորախումբի ղեկավարը ընդունելէ ետք աշակերտները մէկ առ մէկ ծանօթացուց շեփորախումբի գործիքներուն: Ապա իւրաքանչիւր զինուոր նուագեց իր գործիքը, եւ աշակերտները սորվեցան իւրաքանչիւր նուագարանի առանձնայատկութիւնները: Հերա Տէտէեան, Հայրապետ Հայրապետեան, Պարոյր Տօնիկեան, Բաթրիք Պարատղի, Սեւան Հայրապետեան`...

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՏԵՐՄԻԿ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՅԱՋՈՂ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՓՈՐՁԸ

Շաբաթ, նոյեմբեր 19-ը Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին համար յատուկ օր մըն էր: Այդ օրուան նախօրեակին «Հայկական է, ինչ պիտի ընեմ` գամ» ըսողներ կային, բայց այդ օրէն ետք «Հայերէն է, կ՛երթանք» ըսողները այլեւս շատ պիտի ըլլան: Փորձ մըն էր պատահածը, եւ կարեւորը` յաջող փորձ մը, գնահատելի հայկական խրախճանք-քարաօքէի երեկոյ մը, որ կազմակերպուած էր աշակերտական խմբակին կողմէ: Մթնոլորտը հաճելի էր, եւ...

ԽՆՁՈՐԻ ՕՐ

Աշնանային ցուրտ քամիին հետ Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի մանկապարտէզ «ներխուժեցին» կարմիր, դեղին ու կանաչ խնձորներ: Աննախընթաց երկու դասապահեր,  իւրաքանչիւրը երկու ժամուան տեւողութեամբ, տեղի ունեցան երեքշաբթի, 15 նոյեմբեր 2011-ին: Մանկապարտէզի աշակերտները բարձրացան խնձորներով զարդարուած սրահը, ուր կը գտնուէին նաեւ իրենց ծնողները: Շրջանակաձեւ համախմբուած (ծնողք, աշակերտ)` տեղի ունեցաւ խնձորի «արարողութիւն»: Արդի մանկավարժական մեթոտով տեղեկութիւններ փոխանցուեցան այդ օգտաշատ աշնանային պտուղին մասին, կազմակերպուեցան...

ԴՊՐԵՎԱՆՔԵԱՆ ԿԵԱՆՔԸ ԿԸ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԻ «ԶՈՒԱՐԹ ԵՐԵԿՈՅ»-ՈՎ

Դպրեվանքեան կեանքը ճոխ է արտադասարանային դաստիարակիչ ձեռնարկներով: Սակայն անոնց կողքին յատուկ տեղ կը գրաւէ նաեւ հաւաքական զուարճութեան մթնոլորտը` աւանդական «Զուարթ երեկոյ»-ով, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 18 նոյեմբեր 2011-ին, աւարտական Դ. ընծայարանի դասարանի սարկաւագներուն կազմակերպութեամբ: Դպրեվանեցիներ երեք խումբերու բաժնուեցան «Արարատ», «Արագած» եւ «Կայծակ Խաչեր» անուններով եւ զանազան խաղերու մասնակցելով` փորձեցին  նիշեր ապահովել: Արտակարգ եռանդ մը կը տիրէր սաներուն մօտ եւ երգելով,...

Page 113 of 114 1 … 112 113 114

Արխիւներ