Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԵՐՓՆԵՐԱՆԳ ՏԱՐԲԵՐԱԿՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՆԵՐԴԱՇՆԱԿ ԵՒ ԿՇՌՈՒԹԱՒՈՐ ԵՆ…

December 12, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի կերպարուեստի յայտնի դէմքերէն Ժըպրան Թարազիի հերթական մէկ անհատական ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 2 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Վիլլա Աուտէյի մէջ (Էշրեֆիէ):

Ժըպրան Թարազի ծնած է 1944-ին, Դամասկոս: Տակաւին մանուկ, ընտանիքին հետ կը մեկնի Ռապաթ (Մարոք) ուր կը մնայ մինչեւ 1958, երբ կը վերադառնայ Պէյրութ ու կը սկսի յաճախել «Ինթըրնեշընըլ քոլեճ»: Ան հասակ կ՛առնէ արուեստը գնահատող ընտանիքի մը մէջ` ընթացքին յաճախելով նաեւ Պէյրութի Սէն Ժոզեֆ համալսարանը, զոր կ՛աւարտէ 1966-ին:

Առաջին անհատական ցուցահանդէսը կը կազմակերպէ 1993-ին, Պէյրութի «Ամաթէօր» ցուցասրահին մէջ: Գոյնի եւ ձեւի կազմակերպուած ու նուրբ զգացողութիւն ունեցող այս գեղանկարիչը իր մահկանացուն կնքեց տարի մը առաջ, իսկ այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած է իր յիշատակին եւ կը նպատակադրէ ընդհանուր գաղափար մը տալ անոր ստեղծագործական կեանքին մասին: Քանի մը տարի առաջ ան յայտարարած էր, որ իբրեւ գեղանկարիչ` իր խօսքը ըսած է արդէն ու ասկէ ետք պիտի նուիրուի գրականութեան:

Ժըպրան Թարազիի արուեստը ճարտարապետական ձեւերու եւ գոյներու փոխյարաբերութեան լուրջ որոնումներու արդիւնք է, ուր գոյներն ու ձեւերը մէկ կողմէ կը տարբաղադրուին եւ միւս կողմէ` իրենց կշռոյթներով կը փորձեն հասնիլ երաժշտականութեան: Ան թէեւ կը յիշեցնէ Քանտինսքին, Մոնտրէան ու այլ վերացապաշտներ, սակայն ոչ մէկուն նման է, այլ ստեղծած է արտայայտուելու իր գեղարուեստական «լեզուն», որ կ՛իմաստաւորուի այնպիսի խորհրդանշաններով, որոնք համամարդկային տարողութիւն ու բնոյթ ունին: Եռանկիւնները, քառակուսիները, ուղղանկիւն-քառանկիւնները զիրար խաչաձեւելով` անընդհատ կը բազմապատկուին, ստեղծելով տարբեր ձեւոյթներ ու տարբեր արտայայտչականութիւն:

Անոր երփներանգ ու լուսաւոր ձեւոյթները կը բովանդակեն նաեւ խորհրդանշաններ` սկսեալ արեւելեան արեւու նշանակէն մինչեւ ծայրագոյն-արեւելեան եին-եանկը: Անոր խորհրդանշաններէն շատեր կ՛առնչուին նաեւ հայկական նշանակներուն, որոնց կը հանդիպինք խաչքարերու վրայ կամ հայկական մանրանկարչական արուեստին մէջ:

Թէեւ կոր գիծերը գրեթէ կը բացակային Թարազիի արուեստին մէջ, սակայն երբեմն անոնք հանդէս կու գան իբրեւ մանրամասնութիւններ ու աւելի կը շեշտեն ճարտարապետական ձեւերու արտայայտչականութիւնը: Իրարմէ յառաջացած անընդհատ բազմացող երանգները յատուկ են նաեւ հայկական մանրանկարչական «խորաններուն»:

Ժըպրան Թարազիի մեկնումով Լիբանանը կորսնցուց հարուստ մշակոյթի տէր արուեստագէտ-մտաւորական մը, որ տակաւին տալիք ունէր արեւելեան մշակոյթին, յատկապէս` գրական անդաստանէն ներս:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ. ՆՈՐՎԵԿԻԱՑԻՔ ՉԵՆ ՀԱՒԱՏԱՐ ՊՐԵՒԻՔԻ «ԽԵԼԱԳԱՐՈՒԹԵԱՆ»

Յաջորդը

«ՃԻՆԻՇԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ\Ի ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԲԱՐԳԱՒԱՃՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՄՍՈՒՐԸ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.