Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ. ԿԱՐԻՆԷ ԹՈՐՈՍԵԱՆԻ ԱՅՑԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

December 19, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կրթութեան ազգային հիմնարկի նախադպրոցական եւ տարրական բաժինի վարիչ Կարինէ Թորոսեան Պէյրութ հրաւիրուեցաւ` Ճեմարանի մէջ մայրենիի դասաւանդման դասալսումներ կատարելու համար:

Կ. Թորոսեան տարբեր դասալսումներ կատարեց Ճեմարանի եւ ազգային վարժարաններու մանկապարտէզի, տարրականի եւ նախակրթարանի դասարաններուն մէջ, սփիւռքեան պայմաններուն մէջ` մայրենիի մատուցման ձեւերուն, ինչպէս նաեւ անոր ընկալման եւ գործածութեան չափին մասին իրազեկ դառնալու համար: Ապա ան աշխատանքային 3 սեմինարներ վարեց հայերէնի ուսուցիչներուն հետ, երեք տարբեր հանգրուաններով:

Առաջին սեմինարով, ան շեշտը դրաւ մատուցելիք դաս մը արդիւնաւէտ  դարձնելու կարեւորութեան վրայ  եւ բոլոր ուսուցիչները հրաւիրեց, որ մտածեն  դաս մը արդիւնաւէտ դարձնելու միջոցներուն մասին: Ուսուցիչները դասի արդիւնաւորման այլազան ձեւերուն մասին իրենց միտքերը եւ փորձառութիւնները փոխանցեցին մտագրոհի եղանակով: Անոնք խումբեր կազմելով` փորձեցին մշակել դասի բնաբան մը պարզաբանելու եղանակ մը, ապա հաւաքաբար համադրեցին խումբերու առաջարկները: Բոլոր ձեւերն ալ պէտք է ընթանան աշակերտակեդրոն ուսուցումով, այսինքն` կարեւորելով աշակերտի ինքնուրոյն աշխատանքի եւ մտքի զարգացման խթանումը, միշտ հրաժարելով ժամանակավրէպ դարձած ուսուցչակեդրոն դասախօսական ուսուցման ոճերէն:

Երկրորդ սեմինարը յատկացուած էր մանկապարտէզին: Կ. Թորոսեան շեշտեց, որ մանկապարտէզի ծրագրին մէջ պէտք է կարեւորել խօսքի զարգացումը երեխաներուն մօտ դասարանային բոլոր աշխատանքներուն ընթացքին, որովհետեւ խօսքի ուսուցումը անհատի ձեւաւորման եւ ազգային մշակոյթի իւրացման հիմնական նախապայմանն է: Սեմինարի աւարտին, ան մասնակցող բոլոր դպրոցներու մանկապարտէզներուն բաժնեց տարբեր ուսումնասիրութիւններ` «Զարգացնող Միջավայրը Մանկապարտէզի Մէջ» եւ «Վաղ Գրաճանաչութեան Ուսուցումը Մանկապարտէզին Մէջ» խորագիրներով:

Երրորդ սեմինարը յատկացուած էր ԽԻԿ համակարգով դասաբլանի մը գործնական պատրաստութեան: Այսինքն` դասին նիւթը հանդիսացող բնաբանի մը տարբեր միաւորները կը ծրագրուին եւ կը կիրարկուին  Խթանման, Իմաստաւորման եւ Կշռադատման երեք յաջորդական փուլերով:

Խմբական աշխատանքով մը ուսուցիչները ընթերցանութեան  դասի մը խթանման փուլը  բնութագրեցին, աշակերտներուն միտքերը  խթանելու միջոցները արտահանելով պատմուածքի վերնագրին, պարունակութեան եւ պատկերազարդումին օգտագործումով: Իմաստաւորման փուլը  բնորոշուեցաւ աշակերտներուն լուռ ընթերցումով, որպէսզի ամէն աշակերտ փորձէ ինքնուրոյն կերպով հոն պահուած միտքերը գտնել: Լուռ ընթերցումէն ետք, ուսուցիչը ի՛նք պէտք է ընթերցէ պատմուածքը,  հատուած առ հատուած, ճիշդ առոգանութեամբ ու կշռոյթով: Ապա ան իր հարցադրումներով, աշակերտներուն պէտք է օգնէ, որ պատմուածքէն փոխանցուող բոլոր յոյզերն ու զգայութիւնները որոնեն: Միաժամանակ, ուսուցիչը նոր բառերու իմաստը պէտք է փոխանցէ աշակերտներուն: Եւ այսպէս, պատմուածքի բոլոր հատուածներուն մէջ գտնուող գաղափարները եւ կերպարներու բնութագրումը բացայայտելէ ետք, ուսուցիչը կրնայ անցնիլ կշռադատման փուլին, ուր աշակերտները կը պատրաստուին գիրքի հարցումներուն պատասխանելու` գրաւոր կերպով:

Երեք սեմինարներու աւարտին, Կ. Թորոսեան ուսուցիչներուն փոխանցեց ուսումնական ծրագիրներու եւ դասաւանդման մեթոտներու վերաբերեալ ծաւալուն ուսումնասիրական  եւ գործնական նիւթեր:

Կարինէ Թորոսեան դասախօսական ելոյթ մը ունեցաւ ծնողներուն համար, ուր ան արծարծեց  երկու գլխաւոր խնդիրներ: Նախ խօսեցաւ անհամաձայն ամուսիններու ստեղծած ժխտական ազդեցութեան մասին` երեխաներու հոգեմտաւոր զարգացման վրայ եւ կարգ մը լուծումներ առաջարկեց:

Ապա ան ծնողներու անսխալ հայերէնախօսութեան դերը կարեւորեց վաղ մանկութեան շրջանին, որպէսզի երեխային խօսքի զարգացումը ճիշդ  ուղիներով ընթանայ, եւ մենք պահպանենք մեր լեզուն իր ամբողջական հարստութեամբ: Դասախօսութենէն ետք ան ծնողներուն բաժնեց «Երեխաներու զարգացման ուղենիշեր»  վերնագրով փոքրիկ ուղեցոյց մը:

Շուրջ երեք շաբաթ տեւած ուսումնասիրութենէ ետք, Կարինէ Թորոսեան ըսաւ. «Ճեմարանն ուղղակի «շնչում է» հայեցի կրթութեամբ, հայրենասիրութեամբ, ամէնուր թեւածում է հայաշունչ ոգին: Հաւատացած եմ` բոլորս պէտք է ապրենք այն գիտակցութեամբ, որ ժողովուրդն ամուր է իր արմատներով, լեզուով եւ մշակոյթով: Մենք պէտք է սրբացնենք մայրենին եւ հասկանանք, որ շատ լեզուներ իմանալով հանդերձ, պէտք է խօսենք ու մտածենք հայերէն»:

Նախորդը

ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ԶՕՐ. ՓԱՆՈՍ ՄԱՆՃԵԱՆ` ԻՐ ՀԱՐԱԶԱՏ ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ` ՆԱՀԱՏԱԿ ԵՒ ՆՆՋԵՑԵԱԼ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.