ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
«Բոլոր մեծահարուստները պէտք է հասկանան, որ իրենց ունեցածը կարող է զրոյի վերածուել, եթէ հայրենիքը չպաշտպանուի: Այսօր մենք տեսնում ենք, որ հայրենիքը առաջնագծում պաշտպանում են հիմնականում անապահով խաւերի ներկայացուցիչները, զաւակները: Սա բոլորի համար պէտք է դաս լինի, ահազանգ լինի հէնց այդ անձանց համար, որ ամէն մի լուման պէտք է ուղղել բանակի պաշտպանունակութեան բարձրացմանը: Սերունդների կեանքն ապահովւում է ոչ թէ դիզուած հարստութեամբ, այլ` պաշտպանութեամբ: Եթէ մտածում են, որ այդ հարստութիւնը դիզելով` սերունդէ սերունդ փոխանցելու են, չարաչա՛ր սխալւում են: Սերունդների կեանքն ապահովւում է հայրենիքը պաշտպանելով»: Այս խօսքերը կը պատկանին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանին եւ կ՛արտայայտեն Հայաստանի ժողովուրդի բացարձակ մեծամասնութեան տեսակէտը: Արցախի քառօրեայ պատերազմէն ետք, համացանցային ընկերային ցանցերուն վրայ, մամուլի մէջ եւ գրեթէ ամէն անկիւն նո՛յն խօսակցութիւնն է, նո՛յն հարցադրումները, նո՛յն բողոքը… Ինչո՞ւ հայկական բանակը չէ սպառազինուած գերարդիական զէնքերով: Ինչպէ՞ս անհատ քաղաքացիներ հսկայական հարստութիւն կուտակած են, իսկ պետական պիւտճէն խեղճ է եւ աղքատ: Ե՞րբ պիտի հաշուետուութեան կանչուին պետական պիւտճէն թալանողները, հարկերէն խուսափողները, մինչեւ ակռաները կոռուպցիայի` փտախտի եւ կաշառքի մէջ թաղուած պաշտօնեաները: Միթէ այս մարդոց պատճառո՞վ չէ, որ պետական պիւտճէն խեղճուկ կը մնայ եւ մեր բանակը կը զրկուի գերարդիական զէնքեր ունենալու հնարաւորութենէն:
Եթէ այս օրերուն հետեւիք համացանցի վրայ արծարծուող նիւթերուն, անմիջապէս պիտի անդրադառնաք, որ բոլոր այս մեղադրանքները ուղղուած են իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն: Ընկերային ցանցերու վրայ կ՛երեւին նախարարներու կամ իշխանութեան բուրգին գագաթը գտնուող մերձաւոր մարդոց միլիոններ արժող ապարանքները` Երեւանի եւ եւրոպական այլ քաղաքներու մէջ, կը խօսուի անոնց «օֆշորային» հաշիւներուն, կուտակած միլիառներուն մասին եւ ի վերջոյ` կը տրուի նոյն հարցը. «Զէնքի փող չկա՞յ… բա էս միլիառները որտեղի՞ց էք բերել, ո՞նց էք կուտակել»:
Հայրենիքի պաշտպանութեան համար հայ քաջարի զինուորը ըրաւ ամէն ինչ, նոյնիսկ` անհնարինը, եւ արժանի հակահարուած հասցուց ռուսական, թրքական եւ իսրայէլեան գերարդիական զէնքերով զինուած ազրպէյճանական բանակին: Իսկ ժողովուրդը ինքնակամ ու ինքնաբուխ` մէկ բռունցք դարձաւ ու կանգնեցաւ հայ զինուորին կողքին, եւ հիմա արդէն կը պահանջէ, որ յանուն հայկական բանակի հզօրացման, յանուն հայրենիքի զարգացման, յանուն հայրենիքի գոյութեան` այլեւս ի սպառ վերջ դրուի փտածութեան, զեղծարարութիւններուն, անարդարութեան, թալանին ու հայրենի հարստութեան կողոպուտին:
Քանի դեռ ուշ չէ, ժողովրդային այս պահանջին տէր պէտք է կանգնինք բոլո՛րս` քաղաքական բոլո՛ր ուժերը, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները, հայրենիքի ճակատագիրով մտահոգ իւրաքանչիւր հայորդի` Հայաստանի եւ սփիւռքի բոլոր հարթակներուն վրայ: Այս պատերազմը ինքնամաքրուելու, զգաստանալու առիթ կ՛ընձեռէ Հայաստանի այսպէս կոչուած վերնախաւին: Ինչպէս Արմէն Ռուստամեան կը նշէ. «Հայրենիքը բոլորի համար մէ՛կն է… Այս ամէնը լուրջ դեր է խաղալու, որ լուրջ վերանայումներ կատարուեն մեր ընթացքի մէջ` թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին»:
Գրեցէ՛ք ինծի: