Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Բակօ Սահակեան Բարերարներուն Հետ Քննարկած Է Արցախի Մէջ Գործադրուող Բարեսիրական Ծրագիրները Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է Միացեալ Նահանգներէն եւ Հայաստանէն Արցախ գտնուող խումբ մը բարերարներ: Անոնք քննարկած են Արցախի մէջ շարք մը բարեսիրական ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցեր: Յատուկ ուշադրութեամբ անդրադարձած են ստեղծուած ընկերային հարցերուն: Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է բարերարներուն` Արցախի զարգացման մասնակցելու համար` զայն նկատելով...




















