Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. «Աննշան Տարածք»

June 14, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ Ք.

13254383_1225760150782180_4374449206709213415_n

Ռազմական գործողութիւններուն  բնականօրէն մաս կը կազմեն յառաջխաղացքն ու հողային նուաճումները, ինչպէս նաեւ` նահանջը եւ հողային կորուստները: Առաջին պարագային ցնծութիւնն է եւ հպարտութիւնը, իսկ երկրորդի`  հրամայաբար պատճառներուն յստակացումն է եւ ուժերը վերագտնելու-վերահաւաքելու անհրաժեշտութիւնը:

Ապրիլի սկզբին Ազրպէյճանի շղթայազերծած դաւադիր ու հարուածային պատերազմին հողային տարածք կորսնցուցինք, որ սակայն թշնամիին յուսացած ծաւալը չունեցաւ` շնորհիւ հերոսական բանակի մահագնաց հայ զինուորին, որ իր կեանքով կասեցուց թշնամիին յառաջխաղացքը: Կասեցումը արժեց հարիւրէ աւելի երիտասարդներու մատղաշ  կեանքերը:

Ճմլուած հոգիով եւ կապարի ծանրութիւն մը լեզուիդ վրայ, թերեւս ընդունիս, ինչ որ պատահեցաւ, ու ըսես, թէ պատերազմ էր եւ հայրենի հողը պաշտպանելու սրբազան պարտականութիւնն էր հայ զինուորին առաքելութիւնը, զոր ան կատարեց այնպիսի արութեամբ, որմէ նոյնիսկ հերոսներ պիտի  օրինակուին: Յարգա՜նք անոր:

Անընդունելին, նոյնիսկ անմարսելին, Հայաստանի քաղաքական այրերու եւ ղեկավար տարրին շրթներէն լսուող բնորոշումներն են` հողային մեր կորուստին համար: Քիչ բացառութեամբ,  գրեթէ բոլո՜րը` վերէն վար, հեռատեսիլէն թէ մամուլին տրուած հարցազրոյցներու կամ ասուլիսներու ընթացքին նոյն ծամօնն է անոնց բերնին` «աննշան տարածք», «անկարեւոր յենակէտեր», «ռազմավարական նշանակութենէ զուրկ դիրքեր», եւ այսիմաստ այլ որակումներով կը բնորոշեն կորուստը 800 հեկտար հողային տարածութեան:

Դժուար է գիտնալ, թէ այս մարդոց համար ինչ իմաստ  ունի Արցախի սահմանադրութիւնը, որ իբրեւ հայրենի հող ամրագրած է թշնամիին գրաւումին ենթարկուած այդ «աննշան տարածք»-ը, եւ որու միջազգային ճանաչման գործին լծուած են ե՛ւ իրենք, ե՛ւ բոլոր հայերը, ամէնուրեք:

Այդ «աննշան տարածք»-ը, «անկարեւոր յենակէտեր»-ը պաշտպանելո՞ւ համար զոհուեցան ուրեմն մեր հերոս տղաքը: Ինչե՜ր կ՛ըսուին ու թութակաբար կը կրկնուին:

Հայրենիքի ամէն մէկ թիզ հող արժէ՛ք է, կարեւո՛ր է, ռազմավարական նշանակութի՛ւն ունի բոլոր ազգերուն համար ու բոլոր ժամանակներու մէջ: Դիրք ու պաշտօն կամ հանգամանք ոչ ոքի իրաւունք կու տան, որ այսպէս թեթեւամտութեամբ ճշդէ-գնահատէ, թէ հայրենի հողին ո՞ր մասը կարեւոր է եւ ո՞րը` անկարեւոր:

Եռաբլուրին հանգչող անմահները այդ «աննշան տարածք»-(ներ)ը ազատագրելու համար զոհուեցան 24-25 տարի առաջ, իսկ այս ապրիլին նոյն այդ «աննշան տարածք»-(ներ)ը պաշտպանելու համար հարիւրէ աւելի մեր նորագոյն հերոսները իրենց կեանքը մատաղ ըրին: Զգաստացէ՛ք:

Հողը մեթր առ մեթր կ՛ազատագրուի թշնամիէն, նոյնպէս մեթր առ մեթր կը գրաւուի:

Յայտնօրէն, խաթարուածութիւնը (կոռուպցիան)  կաշառքէ, պաշտօնի շահագործումէ, մենաշնորհային չարաշահումէ ու զեղծարարութիւններէ անդին, թափանցած է այս մարդոց մտածելակերպին մէջ ու խաթարած է նաեւ ազնուագոյն զգացումներն ու բարոյական ըմբռնումները:

Ազգին վստահութիւն ներշնչողը կը մնայ հայրենի հողին պաշտպանութեան նուիրուած հայ զինուորն է ու անոր քաջութիւնը:

 

 

Նախորդը

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն . Մխիթարեան Միաբանութեան Ժամանակաւոր Նոր Վարչութիւնը

Յաջորդը

Դպրեվանավայել Հրատարակութիւն Մը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.