Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանավայել Հրատարակութիւն Մը

Յունիս 14, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ

SCAN_20160609_200945851Գրասեղանիս վրայ է կոկիկ, գեղատիպ հրատարակութիւն մը: Մամուլէն նոր լոյսին եկած: Պարզ ու տպաւորիչ կողքը, մուգ կապոյտ, վրան պարզ, սակայն գրաւիչ անուն մը` ԳԼԱՁՈՐ, էջին կեդրոնը` բոլորակաձեւ լոկօ  մը` «Դպրեվանք Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ», իսկ էջին ներքեւը` «Տարեգիրք դպրեվանուց, ԺԷ. տարի (2015-2016), Պիքֆայա, 2016»: Մուգ կապոյտին վրայ դրոշմուած այս բոլորը, ոսկեգոյն, պարզութեան ընդմէջէն գրաւչութիւն մը կը ներկայացնեն առաջին իսկ հայեացքով:

«Գլաձոր»-ը նոր անուն մը չէ լիբանանահայ մամուլին համար: Արդարեւ, ան 1957 թուականէն սկսեալ լոյս տեսած է իբրեւ պարբերաթերթ` «Հանդէս Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանուց»: Աւելի քան տասնամեայ դադարէ մը ետք, 1984-85 կրթական տարեշրջանին ան վերսկսած է լոյս տեսնել այս անգամ որպէս «Տարեգիրք դպրեվանուց կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ»:

Լիբանանահայ մամուլի պատմութեան համար աշակերտական, դպրոցական պարբերական հրատարակութիւնները նորութիւն չեն: Անոնք կեանքի կոչուած են 1920-ական թուականներուն մեր որբանոցներուն մէջ, սկզբնական շրջանին` խմորատիպ հրատարակութեամբ: Շատ շուտով հայ դպրոցը ունեցած է իր տպագիր պարբերաթերթը: 1960-ական թուականներուն անոնց թիւը եղած է տասնեակներով:

Հետագայի բազմաթիւ գրողներ, մամուլի գործիչներ, մտաւորականներ իրենց առաջին փորձերը կատարած են աշակերտական-դպրոցական այդ թերթերուն մէջ:

Արդեօք կարիքը կա՞յ շեշտելու կարեւորութիւնը նմանօրինակ հրատարակութիւններու:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, իր կարգին, եղած է հանդիսավայրը նմանօրինակ փորձերու, երբեմն խմորատիպ եւ աւելի յաճախ` տպագիր: Իր երկարակեցութեամբ, բովանդակութեան այլազանութեամբ եւ հարստութեամբ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ «Գլաձոր»-ը, որ երկարամեայ իր հրատարակութեան ընթացքին ունեցած է եւ անհատ խմբագիր եւ յաճախ եղած է հաւաքական ճիգի արդիւնք:

Դպրեվանքի հիմնադրութեան 85-ամեակին նուիրուած 2015-2016 թուակիր տարեգիրքը ծնունդ է հաւաքական ճիգի: Արդարեւ, տեսուչ Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեանի գլխաւորած խմբագրակազմը, բաղկացած` դպրեվանքի հինգ ուսուցիչներէ, յաջողած են դպրեվանեցի սաներու մեծ խումբ մը առաջնորդել ուղիղ ճանապարհով: Այդ ցոյց կու տան տարեգիրքի զանազան բաժինները, յատկապէս` «Ընծայարանական ուսանողներու աշխատասիրութիւններ»-ը բաժինը, ուր պատմական, մշակութային եւ գրական-գրականագիտական փորձ-ուսումնասիրութիւնները ո՛չ միայն ուրախութեան ու գոհունակութեան ջերմ զգացում մը կը փոխանցեն ընթերցողին, այլեւ ապագայի յուսալի ակնկալութիւններով կը պարուրեն մեր մտածումները:

Տեսուչ հայր սուրբը ունի «Բարե՜ւ» խորագրուած մուտքի խօսք մը, ուր, իր միջի այլոց, կը գրէ. «ԳԼԱՁՈՐ հայելիին մէջ դուք պիտի ճանչնաք դպրեվանեցին, մտերմանաք անոր հետ ու միշտ վառ յոյսերով նայիք դպրեվանքին, որովհետեւ ԳԼԱՁՈՐ-ի իւրաքանչիւր գրութեան, պարբերութեան ու տողին մէջ պիտի տեսնէք հայ գիրը սրբութիւն հռչակած ու հայ բառը նշխար դաւանող դպրեվանեցի պատանիին բիւրեղ ոգին»:

Հայր սուրբին բնորոշած հայելիին մէջ ոչ միայն մենք` ընթերցողներս` պիտի ճանչնանք դպրեվանքն ու անոր վերապահուած անստգիւտ առաքելութիւնը, այլեւ դպրեվանեցի իւրաքանչիւր պատանի ու երիտասարդ պիտի տեսնեն, պիտի ճանչնան իրենք զիրենք եւ պիտի գիտակցին, թէ ի՜նչ մեծ յոյսեր կապած են իրենց` ե՛ւ եկեղեցին, ե՛ւ հայ ժողովուրդը:

Անցնող 85-ամեայ գործունէութիւնը դպրեվանքին` այս հաստատումին շօշափելի լաւագոյն ապացոյցը կը հանդիսանայ:

Հայր Թորգոմին ու խմբագրակազմի անդամներուն տնօրինումով, խմբագրականին կը յաջորդեն «Մտորումներ նախկին տեսուչներու եւ ուսուցիչներու գրասեղանէն» բաժինը, ուր կ՛երեւին 13 ստորագրութիւններ: Կը հետեւի «Դպրեվանքի 2012-2015 տարեշրջաններու աւարտական սարկաւագներու քարոզներէն» բաժինը: Կրկին` 13 ստորագրութիւն: «Ընծայական ուսանողներու աշխատասիրութիւնները»` 20 ստորագրութիւն: «Ժառանգաւորացի սաները եւ դպրեվանքը» բաժինին մէջ 24 սաներ հակիրճ տողերով կը ներկայացնեն իրենց ապրումներն ու մտածումները դպրեվանքի մասին: Հուսկ կը տրուի Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեանի «Տեսչական տեղեկագիր 85-րդ կրթական տարեշրջանի»-ն, որուն կը յաջորդէ «Քրոնիկ 2014-2015 եւ 2015-2016 տարեշրջաններու» բաժինը, ուր մանրամասնօրէն կը ներկայացուին զոյգ տարեշրջաններու բազմազան եւ բազմաբնոյթ  գործունէութիւնը դպրեվանքին: Հատորը կը փակուի 2012-2015 տարիներու հունձքով, ուր կը ներկայացուին 16 միաբաններ` իրենց նկարներով ու հակիրճ կենսագրականներով:

Ակամայ կը մտաբերեմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնաթերթի` ՀԱՍԿ-ի առաջին թիւին անստորագիր «խմբագրական»-ը, «Ատոք հասկ» խորագրեալ եւ վստահաբար զայն յղացողին` հեռատես ու գիտուն Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեանի գրիչին պատկանող: Աթոռակից կաթողիկոսը կը գրէր.

«Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը… ցորենի հատիկ մը նետեց Լիբանանի ստորոտը, Միջերկրականի եզերքը, Անթիլիասի հողին ծոցը. 1930-ին կազմակերպեց իր թեմերը, հաստատեց իր դպրեվանքը, կարգաւորեց իր կաթողիկոսարանը, հիմնեց իր մատենադարանը, ստեղծեց իր փոքրիկ տպարանը. ցորենի հասկը աճեցաւ այսպէս, եւ պտղաբերեց ատոք «ՀԱՍԿ»-ը…»:

Բաբգէն աթոռակից քանի մը տողերու մէջ կ՛ամփոփէ այն էական տարրերը, որոնք ամրակուռ սիւները պիտի կազմէին վերահաստատուած Կիլիկիոյ դարաւոր կաթողիկոսութեան:

Դպրեվանքը հիմնուած առաջին իսկ օրէն էական տարրերու գլխաւորներէն էր: Նոյնպէս է՛ր «Հասկ» պաշտօնաթերթը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար:

Վերադառնալով «Գլաձոր»-ին:

«Գլաձոր» տարեգիրքի նոր լոյս տեսած հատորը (ԺԷ. տարի, 2015-2016) իր լուրջ եւ հարուստ բովանդակութեամբ (330 էջ) լիբանանահայ պարբերական մամուլին պատիւ բերող իրագործում մըն է, վայել` 85-ամեայ դպրեվանքին, որ իր փառաւոր անցեալով, տպաւորիչ ներկայով եւ մանաւանդ յուսադրող ապագայով կը գօտեպնդէ մեզ:

 

 

 

Նախորդը

Նշմար. «Աննշան Տարածք»

Յաջորդը

Անընդունելիօրէն Ծուռ Բաներ (Որոնք Կը Տկարացնեն Հայկական Ներքին Ճակատը)

RelatedPosts

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին
Անդրադարձ

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?