Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտորումներ Սփիւռքեան Հարցերու Վրայ (Ե.)- Եզրակացութիւն

Յունիս 13, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Սփիւռքը ինքնանպատա՞կ է: Այս հարցումը հռետորական դրուածքով եւ ժխտական պատասխանի յանգելու իր շեշտով անհեթեթութեան սաղմը կը կրէ իր մէջ: Անշուշտ որ ինքնանպատակ չէ,  այնպէս, ինչպէս ինքնանպատակ չեն ամէն յղացք ու գաղափարներ, ամէն օրէնք ու կրօններ եւ ինչ որ հնարուած է մարդուն կողմէ: Ամէն ինչ մարդուն համար է: Գերագոյն նպատակը մա՛րդն է ու մարդուն կեանքը: Այս իմաստով ալ սփիւռքի կեանքին երկարաձգումը նպատակ է եւ անոր կազմակերպումը` կարեւոր: Գիտենք, որ մեր կեանքն ալ օր մը իր վախճանին պիտի յանգի: Ուրեմն ի՞նչ, այժմէն իսկ վե՞րջ տանք անոր…:

Կարգապահութիւնը, այսինքն կազմակերպուածութիւնը տիեզերական պարտադրանք է: Պէտք է մշտատեւ վերանորոգել սփիւռքի կազմակերպումը` ինքզինքին մէջ, ինքզինքին համար ալ` ըստ ժամանակի պահանջին ու ստեղծուած պայմաններուն:

Բ. Սփիւռքահայու հոգին ծովու ալիքներու նման երբեմն մակընթացութիւն կ’ունենայ  դէպի հայրենիք, բայց անտեսանելի մագնիս մը կարծէք ետ կը մղէ զայն դէպի սփիւռք: Յունաստանի, Քանատայի թէ  Լիբանանի մէջ պարզապէս «հայ» է ան, իսկ երբ Հայաստան կը գտնուի, «յունահայ» է, «քանատահայ» ու «լիբանանահայ»:  Սփիւռքահայու հոգեբանական այս ալեկոծումը, ինքզինքին հետ կռիւը  հետզհետէ կը մեղմանայ, կը տկարանայ, նոյնիսկ կրնայ մարիլ այն չափով, որ`

1.  Սերունդներու հերթափոխութիւն կը կատարուի, (ներկայինը` յետեղեռնեան հինգերորդ սերունդն է):
2.  Վերանկախ Հայաստանի ղեկավարութիւնը քաղաքական ու ընկերային իր վարքագծով կը գործէ սփիւռքահայու ըմբռնումներուն ու ձգտումներուն  հակառակ ուղղութեամբ :

Հոգեբանական այդ երկփեղկուածութիւնը կը կազմէ սփիւռքահայութեան հասարակաց  գիծը: Ատկէ անդին անոր մասին կարելի չէ ընդհանրացումով խօսիլ:

Գ.  Սփիւռքահայութիւնը տարբեր ինքնութիւններով զարգացող  բազմալեզու , բազմամշակութային ազդեցութիւններու ենթակայ բազմաշերտ  իրականութիւն մըն է` հայ ազգի երկու երրորդը ներկայացնող համրանքով: Իր կարելիութիւններով եւ մասնագիտական տարբեր բնագաւառներու մէջ աճող իբրեւ մարդուժի աղբիւր կարեւոր ազդակ է ան եւ ունի ուժականութիւնը` գործնապէս նպաստելու  Հայաստանին, ազգային պետականութեան ամրապնդման, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ղարաբաղեան դատին եւ ազգային-քաղաքական ներկայ ու հեռահար նպատակներու իրացման պայքարին: Անհրաժեշտ է մտքերու մէջ ամրագրել ու միշտ շեշտել, որ Հայաստանն է սփիւռքի տեւելիութեան երաշխիքը: Սփիւռքի գոյութիւնը կ՛իմաստաւորուի, ներգործօն դերակատարութիւնը կ’ապահովուի այնքան ժամանակ, որ ան կառչած կը մնայ Հայաստանին , միացեալի մեծ նպատակին եւ իր կարելիութիւնները կ՛ուղղորդէ դէպի հայրենիք:

Նոյնպէս, Հայաստանին պա՛րտքն է եւ սփիւռքին համար պէ՛տք մը` յստակացնելու, թէ հայրենի հասարակութեան ու քաղաքական վերնախաւի մտապատկերին մէջ ինչպիսի՞ ընկալում ձեւաւորուած է սփիւռքի մասին: Հայաստանին համար ի՞նչ կը նշանակէ կազմակերպուած սփիւռք եւ ինչպիսի՞ յարաբերութիւններ կը պատկերացուին ապագային` պարզելով միաժամանակ գործադաշտերն ու գործամիջոցները:

Դ. Յարաբերաբար դիւրին է խոկալ, մտորումներ ունենալ, սփիւռքի դիմագրաւած դժուարութիւններուն համար տրամաբանական կամ անհեթեթ լուծումներ առաջարկել եւ զանոնք գրի առնել: Աւելի դիւրին է գրուածը կարդալ: Դժուարը եւ լլկող մտատանջութիւնը սակայն կը գտնուի սա պարզ հարցումին մէջ, թէ` մեր ո՞ր կեդրոնները  պիտի քննեն-զտեն սոսկական անհատներու,  խորհրդաժողովներու կամ մասնագիտական խումբերու  կողմէ բանաձեւուած ու ներկայացուած  առաջարկները, այդ առաջարկներէն տրամաբանականն ու իրագործելիները պիտի իւրացնեն, ծրագիր ու աշխատանքի յայտագիր պիտի պատրաստեն ու գործնական քայլերու ձեռնարկեն: Սփիւռքեան գործող կառոյցնե՞րը, որոնք ընթացիկը հազիւ թէ կը մատակարարեն, յաճախ` կաղացումով: Գիտենք, որ անոնք սպառումի եզրին են, եթէ չենք ընդունիր, որ սպառած են արդէն, յոգնած ու գրեթէ ամլացած, անհաղորդ` նորին ու նոր տեսլականներու:

Յամենայն դէպս սփիւռքեան խնդիրներու քննութիւնն ու լուծումը մտային մեծ ճիգի եւ մնայուն, տեւական փնտռտուքի կը կարօտին: Փնտռտուքը նոր առաջարկներ կը ծնի, նոր ճամբաներ կը բանայ: Բայց հարցումը կը մնայ անպատասխան. ո՞վ, որո՞նք պիտի ստանձնեն գործը, պատասխանատուութիւնը…

 Աթէնք, 27 մարտ 2016

Նախորդը

Ընդունելով Ցեղասպանութեան Իր Մեղսակցութիւնը` Գերմանիա Այժմ Պէտք Է Հատուցում Կատարէ Հայ Ժողովուրդին

Յաջորդը

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Ընկերային Ծառայութեան Նուիրուած Սեմինար

RelatedPosts

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին
Անդրադարձ

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?