Յօդուածներ

Նշմար.  Ոչ Թէ Դափնեպսակ Մը, Այլ`  Ճշմարտութեան «Դառն Պտուղը»

Նշմար. Ոչ Թէ Դափնեպսակ Մը, Այլ` Ճշմարտութեան «Դառն Պտուղը»

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ֆրանչիսկոս պապը 2 հոկտեմբերին պիտի այցելէ Պաքու: Անոր այցելութիւնը բնականաբար իր վրայ պիտի հրաւիրէ միջազգային լրատուամիջոցներուն ուշադրութիւնը, ինչ որ Ազրպէյճանի համար կը ստեղծէ քարոզչութեան առիթ մը: Խորքին մէջ, սակայն, այդ այցելութիւնը աւելի վտանգ է, քան` օրհնութիւն: Պաքու մինչեւ 2 հոկտեմբեր երկարող ժամանակը պիտի օգտագործէ նախապատրաստական քարոզչութիւն կատարելով այդ այցելութեան յաւելեալ փայլք ու կշիռ ապահովելու: Ազրպէյճանցիները այդ քարոզչութիւնը կատարելով,...

Տարեդարձները Պէտք Է Առիթ Ըլլան Ե՛ւ Արցախի, Ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու Իշխանութիւններուն Ականջալուր Ըլլալու Ժողովուրդին Դժգոհութիւններուն». Կիրօ Մանոյեան

Տարեդարձները Պէտք Է Առիթ Ըլլան Ե՛ւ Արցախի, Ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու Իշխանութիւններուն Ականջալուր Ըլլալու Ժողովուրդին Դժգոհութիւններուն». Կիրօ Մանոյեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններուն 25-ամեակին առիթով Հայաստանի մէջ «Վանայ ձայն»-ին կատարած հարցազրոյցներու ծիրին մէջ կը ներկայացնենք  ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանին հետ տեղի ունեցած հարցազրոյցը` Հայ դատի աշխատանքներուն, Արցախի քառօրեայ պատերազմին եւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն մասին: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ամփոփենք Հայ դատի աշխատանքները Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման 100-ամեակէն ետք:...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա «Հեքիաթը Կը Կանչէ» Թատերախաղի Բեմադրութիւն Օգոստոս ամսուան սկիզբէն մինչեւ սեպտեմբերի առաջին շաբաթը ՀԲԸՄ-ի մատենագիտական յանձնախումբը  անվճար, շաբաթական հերթականութեամբ, կազմակերպեց «Հեքիաթը կը կանչէ» թատերական ձեռնարկը: Իւրաքանչիւր ելոյթի ընթացքին մեծ մայրիկի պատմողական ոճով կը ներկայացուէին զանազան հեքիաթներ` հայ փոքրիկը առնչելու հայ գիրքի ու գրականութեան հարուստ աշխարհին: Մեծ մայրիկի օգնականներն էին` զատկաճճին, շնիկը, ծաղրածուն եւ այծիկը: Դերակատարները դպրոցական աշակերտներ...

Վերադարձ Հարազատ Քեսապ

Վերադարձ Հարազատ Քեսապ

ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ Որոշած էի Քեսապ երթալ: Քանի մը տարիներէ ի վեր չէի գացած պատերազմին պատճառով: Բացակայութիւնս երկար տեւած էր: Երբ սկսայ բարեկամներուս ըսել` «Քեսապ պիտի երթամ», ամէն մէկը բան մը ըսաւ` «Ի՞նչ կայ այս կացութեան, ի՞նչ գործ ունիս, հապա՞ եթէ բան մը պատահի հոն եղած ժամանակդ, ի՞նչ պիտի ընես»: Որոշումս յստակ էր. երթալ: Աստուծոյ վստահելով` ճամբայ ելայ: Ուրախութիւնս անսահման...

Հայ Երգը Քեսապի Մէջ Վերստին Հասաւ Կասիոսի Գագաթը

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Տասը եւ վեց տարիներ առաջ (2000 թ.) Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» Քեսապի մասնաճիւղի վարչութիւնը հրաշալի գաղափարը կ՛ունենար Քեսապ հրաւիրելու տաղանդաւոր երաժշտագէտ-խմբավար տիկին Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանը, որպէսզի երգ ու երգեցողութիւն սորվեցնէ Քեսապի մանուկներուն եւ պատանիներուն: Եւ այսպիսով ծնունդ առաւ «Կանթեղ» մանկապատանեկան երգչախումբը, որ անընդհատ վեց տարիներ` մինչեւ 2006 թուականը ելոյթներ ունեցաւ (2012-ին եւս ունեցաւ մէկ ելոյթ խմբավարութեամբ` Միւռոն քհն. Աւետիսեանի`...

Տէրսիմի Հայերը

Տէրսիմի Հայերը

ԿԷՕՔՉԵՆ Պ. ՏԻՆՉ Պատմական ցնցումներով լի շրջանի` անցեալի վշտերով մարդիկ` Տէրսիմի հայերը: Նրանք յիշում են ցնցումներով լի իրենց կեանքը: «Աքթիւել»-ը Տէրսիմում զրուցել է հայերի հետ: Առաջին անգամ քննելով իրենց ինքնութիւնը` պատմում են իրենց գլխով անցածի մասին «Եթէ երկնքում խըզըրն էլ լինեմ, դարձեալ ասում են` հայ է», «մայրս քիւրտ է, սակայն հօրս ընտանիքը հայ է: Սեպտեմբերի 12-ին ենք իմացել, որ հայ ենք, մինչ այդ մեզ քիւրտ էինք համարում: Պետութիւնը գիտէր, որ մենք հայ ենք, մինչդեռ մենք չգիտէինք: Այդ ժամանակ Անգարայում էի...

Վրաստան. Ջիւանիի Օրը Նշուած Է Աննախընթաց Ու Բացառիկ Ձեռնարկներով

Վրաստան. Ջիւանիի Օրը Նշուած Է Աննախընթաց Ու Բացառիկ Ձեռնարկներով

Թիֆլիսի, Ախալքալաքի շրջանի Կարծախ գիւղի եւ Ախալքալաք քաղաքին մէջ 26-27 օգոստոսին տեղի ունեցած են Ջիւանիի օրուան տօնակատարութիւնները: Այս մասին յայտնած են «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնարկէն` նշելով, որ ձեռնարկներուն շարքը բացառիկ էր ու աննախընթաց: Տրուած է այցելութիւն` Թիֆլիսի մէջ գտնուող Ջիւանիի շիրիմին, կատարուած է Ջիւանիի տուն-թանգարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւն եւ առաջին անգամն ըլլալով` աշուղական մրցոյթ: Ներկայ եղած են մտաւորականներ, հոգեւորականներ, արուեստագէտներ, երաժշտագէտներ,...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Թուրքիա Գաղտնի Համաձայնութիւն Կնքած Է «Իսլամական Պետութեան» Հետ` Սուրիա Իր Խաբուսիկ Ներխուժման Վերաբերեալ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Սուրիա եղած է միջազգային ռազմական եւ քաղաքական տարաբնոյթ դաւադրութիւններու կեդրոն` 2011 թուականի «քաղաքացիական պատերազմ»-ի սկիզբէն ի վեր: Զանազան հակամարտող կողմերու շարքին են Հըզպալլան, Իրանը, «ՏԱՀԵՇ»-ը, Իսրայէլը, Յորդանանը, քիւրտ զինեալները, Լիբանանը, Քաթարը, Ռուսիան, Սէուտական Արաբիան, այլազան ահաբեկիչներ` աշխարհի չորս կողմէ, Սուրիան, սուրիական ընդդիմադիր խումբերը, Թուրքիան, Միացեալ Նահանգները եւ ՕԹԱՆ-ի այլ պետութիւններ: Վերջին չարագուշակ...

Եւ Հազարաւոր Լռութիւններ Ճիչի Կը Վերածուեն…

Եւ Հազարաւոր Լռութիւններ Ճիչի Կը Վերածուեն…

ՔՆԱՐ ԹԱԴԵՒՈՍԵԱՆ մայոր Վերջերս Երեւանում լոյս տեսաւ  յայտնի  թուրք պատմաբան, ցեղասպանագէտ, դոկտոր, փրոֆեսէօր Թաներ Աքչամի «Հայերի բռնի իսլամացումը. լռութիւն, ժխտում եւ ուծացում» վերնագրով գիրքը, որը 2014 թուականին թուրքերէնով հրատարակուել էր Պոլսում: Այժմ գիրքը հասանելի է նաեւ հայ  ընթերցողին` Արեւմտահայոց հարցերի ուսումնասիրութեան կենտրոնի աշխատակիցների ջանքերի շնորհիւ եւ «Ժիրայր Նշանեան» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ: Գրքի թարգմանիչն է թուրքագէտ, պ. գ. թ. Մելինէ Անումեանը, իսկ...

Հայաստանի Արդարադատութեան Նախարարը` Երազանքների, Գեղեցկութեան Եւ Յաջողութեան Մասին.  «Ազդակ»-ի Յատուկ Հարցազրոյցը

Հայաստանի Արդարադատութեան Նախարարը` Երազանքների, Գեղեցկութեան Եւ Յաջողութեան Մասին. «Ազդակ»-ի Յատուկ Հարցազրոյցը

Պատրաստեց` ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեանը ծնուել է 1983 թուականի դեկտեմբերի 4-ին, Երեւանում: Երկրի քաղաքական ասպարէզում ամենաերիտասարդ քաղաքական գործիչներից մէկը նաեւ հիանալի զրուցակից է, ումից շարունակ կարելի է սովորել: Այսպիսով ներկայացնում ենք նախարար Արփինէ Յովհաննիսեանի հետ  օրերս իրականացրած բացառիկ հարցազրոյցը: «ԱԶԴԱԿ».-  Մանկութեան ձեր երազանքը ո՞րն Էր: Արդեօք այդ երազանքնե՞րն են ապագան կառուցում: ԱՐՓԻՆԷ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ.- Մանկութեան երազանքներ շատ եմ...

10 Յունիս 1909. Լոյս Տեսաւ Դաշնակցական Մամուլի Ճակատը Լուսաւորող Պոլսոյ «Ազատամարտ» Օրաթերթը

Նշան Պէշիկթաշլեան (1898-1972). «Նուրբ Երգիծանք»-ի Սփիւռքահայ Իշխանը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Սեպտեմբեր 7-էն 8-ի լուսցող գիշերը, 44 տարի առաջ, Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ մեր կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ հայ գրականութեան երախտաւորներէն Նշան Պէշիկթաշլեան, որ սերունդներու յիշողութեան մէջ յաւերժ պիտի ապրի իբրեւ հայկական երգիծանքի վերջին իշխանը: Միայն երգիծագիր չէ Նշան Պէշիկթաշլեան, նաեւ բանաստեղծութեանց, վէպերու եւ թատերախաղերու հեղինակ է: Իր կեանքի վերջալոյսին ան հռչակուեցաւ նաեւ իբրեւ հմուտ թատերագէտ` հայ գրականութեան կտակելով շուրջ...

Կը Փակենք, Հա՛ Կը Փակենք

Մտաւորական Շարժ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Միշտ բողոքած ենք, որ մեր մտաւորականութիւնը կրաւորական է, լուսանցքի վրայ կանգնած` կը հետեւի ազգային իրադարձութեանց եւ իր ծանրակշիռ ձայնը կը զլանայ բարձրացնել համազգային նշանակութեամբ խնդիրներու վերաբերեալ: Նաեւ ափսոսանք արտայայտած ենք, որ մտաւորականները, նոյնիսկ` անոնց ամէնէն վաւերականները, նոյն իրենց կրաւորականութեան պատճառով կորսնցուցած են իրենց վարկն ու հեղինակութիւնը եւ զրկած են մեզ բարոյական կարեւոր կողմնորոշիչներէ: Չորեքշաբթի Երեւանէն խրախուսական ձայներ հնչեցին`...

Ալավերդիի Կիները

Ալավերդիի Կիները

ԴԱՆՕ Երբ Սագոյին տունը մտայ, ան կը փորձէր օդանաւային տոմսերու վերաբերեալ հարց մը լուծել: Մինչ ես հիւրասենեակը իրեն կը սպասէի, ան մէկ ժամէն աւելի անցուց` հեռաձայնով բանակցելով Էմ. Ի. Էյ.-ի եւ տարբեր ճամբորդական ընկերութիւններու հետ եւ մերթ ընդ մերթ խօսելով Պետոյին հետ: Սագոն եւ իր կինը, ուրիշ հինգ զոյգերու հետ միասին, շաբաթավերջին Երեւան պիտի մեկնէին. բոլորը հրաւիրուած էին մեր բարեկամներէն...

Խենթանոց

Հայկական Հիւրասիրութիւն

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Հեռաձայնել ու հարցնել` «Հիւր կ’ընդունի՞ք»: Նման սովորութիւն գոյութիւն չունէր այդ օրերուն Լիբանանի մէջ: Հազուագիւտ էին հեռաձայն ունեցողները այդ ժամանակներուն: Ամէն ընտանիք, ամսուան մէկ օրը, որոշուած թուական մը կը տրամադրէր հիւրեր ընդունելու: Իրենց մօտիկ բարեկամներն ու ծանօթները գիտէին այդ թուականը, եւ, ըստ «օրէնքի», ամսուան այդ օրը նախընտրելի էր, որ այցելեն, քանի տանտիրուհին հիւր ընդունելու պատրաստութիւններ տեսած` այդ օր տունը...

Սուրբ Կարապետ Եկեղեցու Պղնձէ Գաւաթը

Սուրբ Կարապետ Եկեղեցու Պղնձէ Գաւաթը

ՇԵՐԵՖ ՔԱՐԹԱԼ Էզբիդերը (գիւղ, որը նախկինում գտնուել է Շապին Գարահիսարում, իսկ ներկայում Սեբաստիայում է, «Ակունք»-ի խմբ.) 1915 թ. ապրիլին հանգցուած մոմի ծխով թաղւում էր մթութեան մէջ: Մարդիկ չէին կարողանում հասկանալ խռովայոյզ լռութեան մէջ ընկղմուած այդ իրադրութիւնը: Սուրբիկը` հազիւ 18 տարեկան, Սուրբ Կարապետ եկեղեցու քահանայի` Գարեգինի դուստրն է: Նշանուած է Սարգիս անունով մի երիտասարդի հետ: Քահանայ Գարեգինը մի փոքրիկ խումբ է...

Այս Անկիւնէն.  Խօսք Շնորհաւորական Ու Դրուատական

Քաղուած Կամ Չքաղուած Դասեր

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ «Այս օրերուն բոլորին աչքերը գամուած են իրենց հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ` հետեւելու համար Ողիմպիական խաղերուն: Հպարտ ենք մեր մարզիկներով, հպարտ ենք մեր մետալներով, հպարտ ենք մեր յաջողութիւններով: Յարակարծաբար կը մոռնանք, որ աւելի հեռուն երթալու համար առաջի՛ն քայլը ճիշդ պէտք է առնել` ունենալ կեանքի ամուր խարիսխ մը. առողջարար սննդառութիւն մը, հարազատներու նեցուկը, նպատակայարմար գործիքները` մարզուելու համար»: Կարծեցիք, որ հա՞յ մըն է...

Նուէր Հայտոսթեանի Յիշատակին  (Հեռակայ Զրոյց)

Նուէր Հայտոսթեանի Յիշատակին (Հեռակայ Զրոյց)

Կեանքի մէջ, թէեւ հազուագիւտ, բայց անպայման կը հանդիպինք անհատականութիւններու, որոնք ո՛չ միայն իրենց ողջուց քեզի կը պարգեւեն օրհնաբեր ներկայութիւն, այլ նաեւ` իրենց բացակայութեան: Դէպի անդենական ճամբորդութեան ընթացքին անոնք քեզի հետ կ՛ըլլան, կ՛ապրին ու կը շնչեն գրեթէ ամէնօրեայ հետեւողութեամբ` ժառանգ թողած ըլլալով հիւլէ մը իրենց ազնիւ հոգիէն, մասունք մը` պայծառ մտքէն եւ բիւրեղացած ներաշխարհ մը` էութենէն: Սիրելի՛ մեծ մայր, նման մտորումներ...

Սթափէ, Եւրոպա՛

Սթափէ, Եւրոպա՛

ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ Եւրոպան արդեօք գիտէ՞, թէ ո՛վ է թուրքը, որ կը փորձէ մտնել Եւրոպայի ծոցը, այն ժահրոտ օձը, որ իր մահաբոյր թոյնը պիտի սրսկէ Եւրոպական Միութեան մարմնին մէջ, եթէ փաթթուի անոր վիզին: Այն թուրքն է, որ արիւնաթաթախ ձեռքերով միշտ պատրաստ է իր գազանային ախորժակով ամէն ժամանակ ու ամէն դարուն միայն յօշոտել եւ արիւն հոսեցնել, ապա` չքմեղանաք եւ ուրիշ զոհեր փնտռել:...

Ի՞նչ Էր Բացայայտում  ԼՂ Հարցով  ՀՅԴ Յայտարարութիւնը

Ի՞նչ Էր Բացայայտում ԼՂ Հարցով ՀՅԴ Յայտարարութիւնը

ԳԷՈՐԳ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ Արցախի անկախութեան 25-ամեակին ԼՂ հիմնահարցի կարգաւորման վերաբերեալ ՀՅԴ յայտարարութիւնը մնաց կուսակցութեան կողմից սեպտեմբերի 2-ին կազմակերպուած տօնական միջոցառման ստուերում: Այդ յայտարարութեամբ ՀՅԴ-ն ձեւակերպեց ոչ միայն ԼՂ հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացից իր ակնկալիքները, այլեւ` իր համար բանակցութիւններում հայկական կողմի հնարաւոր զիջումների սահմանները: Ըստ այդմ, «Արցախեան հարցի կարգաւորման որեւէ համաձայնութիւն պէտք է ճանաչի Արցախի վերամիացումը Հայաստանին եւ կամ առնուազն` Արցախի անկախութիւնը, Արցախի...

Ըսինք` 100-Ամեակ.  Ցեղասպանութեան Դէմ Յաղթանակը Մենք Մեզի Դէմ Տարուած Պայքարի Յաջողութիւնն Է

Բաժակին Լեցուն Եւ Դատարկ Մասերը Միաժամանակ Տեսնելու Փորձ Մը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ» Ազգովին բռնուած ենք համաշխարհայնացման, քաղքենիացման, դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան, բարօրութեան երազի եւ զբօս-ժամանցի ուռկանին մէջ, ուր կայ եսի անսահմանափակ փոթորկում եւ գոհունակութիւն: Այս քաղաքակրթական «խաղ»-ը չի վտանգեր մեծ, կայուն, հզօր եւ բազմանդամ ժողովուրդները: Անոնց քաղաքակրթութիւնը եւ մշակոյթը տիրապետելու եւ ուրիշները իրենց մէջ լուծելու համապարփակ կարողութիւն ունին: Այս` ի հեճուկս ժամանակավրէպ համարուող արժէքներու. ազգ, ազգային լեզու, շարունակութիւն ըլլալու կամք, յաճախ...

Page 894 of 1110 1 … 893 894 895 … 1,110

Արխիւներ