Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալավերդիի Կիները

Սեպտեմբեր 12, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

100_2569_91216

ԴԱՆՕ

Երբ Սագոյին տունը մտայ, ան կը փորձէր օդանաւային տոմսերու վերաբերեալ հարց մը լուծել: Մինչ ես հիւրասենեակը իրեն կը սպասէի, ան մէկ ժամէն աւելի անցուց` հեռաձայնով բանակցելով Էմ. Ի. Էյ.-ի եւ տարբեր ճամբորդական ընկերութիւններու հետ եւ մերթ ընդ մերթ խօսելով Պետոյին հետ:

Սագոն եւ իր կինը, ուրիշ հինգ զոյգերու հետ միասին, շաբաթավերջին Երեւան պիտի մեկնէին. բոլորը հրաւիրուած էին մեր բարեկամներէն մէկուն ծննդեան 60-րդ տարեդարձին:

Հարցը հոն էր, որ Պետոն իր տոմսերը ապսպրած էր` օգտագործելով իր կուտակուած մայլերը, դրութիւն մը, որ չէր արտօներ առաջնակարգ` պիզնես քլասի տոմս ապահովել:

Սագոն կը փափաքէր, որ Պետոն եւ իր կինը ճամբորդէին միւսներուն հետ միասին` պիզնես քլասով:

Ի վերջոյ հարցը ձեւով մը լուծուեցաւ:

Այդ օր, աւելի ուշ, Սագոն եւ ես այցելեցինք Պետոյին. եւ տրուած ըլլալով, որ ես ալ հրաւիրուած էի նոյն տարեդարձին, երկուքը կը պնդէին, որ իրենց միանամ: Ստիպեցին: Ըսին, որ ես պատուոյ հիւր եմ, թէ` ճամբորդութեան վերաբերեալ ծախսերը իրենք պիտի հոգան: Բացատրեցի, որ գործեր ունիմ, թէ` պիտի չկարենամ: Ունէի նաեւ կօշիկի խնդիր մը: Այդպիսի խնճոյքներու մասնակցողներուն կօշիկները 1000 տոլարէն աւելի կ՛արժեն. իսկ ես` 100 եւրոյէն աւելի երբեք չեմ վճարած զոյգ մը կօշիկ գնելու: Ինչպէ՞ս կրնայի այդպիսի մարդոց հետ սեղան նստիլ…

* * *

2013 թուականին առանձնաշնորհը ունեցայ ներկայ գտնուելու Մոսկուայի Սուրբ Պայծառակերպութիւն տաճարի օծման: Արարողութենէն ետք տաճարի բակին մէջ գտնուեցայ մոսկուաբնակ յաջող երեք գործարարներու հետ, որոնք «Ֆորպս»-ի ցուցակին մէջ բարձրագոյն տեղը գրաւած հայերն են: Նկատեցի անոնցմէ մէկը, որ միւսներուն հետ ողջագուրուելէ անմիջապէս ետք նայուածքը ուղղեց դէպի անոնցմէ մէկուն կօշիկներուն, ապա աստիճանաբար բարձրացուց նայուածքը, մինչեւ հասաւ անոր երեսին:

Նայեցայ, թէ արդեօք ինչի՞ կը նայէր, եւ տպաւորուած մնացի մեղրագոյն, շատ նուրբ կօշիկներով, որոնք շինուած էին Լուիզիանայի կոկորդիլոսի թիկունքի մորթով:

Ես երբ մէկու մը հանդիպիմ, առաջին ակնարկս կ՛ուղղուի անոր դէմքին. բայց տարօրինակօրէն այդ մարդիկը կը զննէին իրենց «մրցակիցներուն» հագուստ-կապուստը:

Գիտէ՞ք, նոյնիսկ եթէ ես պատշաճ կօշիկ ունենայի, պիտի չփափաքէի Երեւանի այդ տօնախմբութեան մասնակցիլ: Այդ տեսակի խնճոյքներու ներկայ գտնուիլ` կը նշանակէ մտիկ ընել անվերջանալի բաժակաճառեր, կենացներ եւ որկրամոլութեամբ, ալքոլի մէջ թաթխուած, անմարսողութեամբ անհանգիստ, ամբողջ գիշեր անքուն տապլտկիլ անկողինին մէջ: Տանջա՜նք:

* * *

Քանի մը տարի առաջ ընտանեօք շրջապտոյտ մը կատարեցինք Հայաստան եւ Արցախ: Ալավերդի քաղաքին մօտ հանդիպեցանք ծեր կնոջ մը, որ ճամբուն եզրին կանգնած` կը սպասէր: Վարորդէն խնդրեցի, որ կառքը կանգնեցնէ: Դժկամակեցաւ: Ազնուօրէն պնդեցի: Կեցանք, առինք կինը: Տղուս հետ միասին վերցուցինք կնոջ պատկանող 50 քիլոնոց ալիւրի տոպրակը, դրինք կառքին սնտուկը եւ նոյն ձեւով ալ զայն իջեցուցինք կնոջ գիւղի տան առջեւը, ուր ան կ՛ապրէր իր մօր եւ քրոջ հետ: Հոն անդրադարձայ, որ կինը, որ մինչ այդ «մայրիկ» կը կոչէի, կրնար տարիքով ինձմէ փոքր ալ ըլլալ: Արդարեւ, իր մայրը իմ մօրս տարիքը ըլլալու էր. դաժան կեանքը հալումաշ ըրած էր զիրենք:

Կ՛ապրէին տան մէջ երեքով` առանձին: Երկու քոյրերը իրենց ամուսինները կորսնցուցած էին, մէկը Ղարաբաղ, միւսը` Մոսկուա: Մէկը յանուն հայրենիքի, միւսը` կիրքերու: Անոնք կը սնանէին իրենց երկու հաւերուն ածած հաւկիթներով, իրենց տան պարտէզի բանջարեղէններով եւ «տոպրակի» ալիւրով, որ ինչպէս կիներէն մէկը բացատրեց, միակ բանն էր, որ դուրսէն իրենց տունը կը մտնէր:

Սագոն եւ Պետոն իմ լաւագոյն ընկերներս են. երկուքն ալ բարեսիրտ եւ շատ առատաձեռն են: Ամէն տեղ կու տան: Այսուհանդերձ, ես չէի կրնար անոնց միանալ, մասնակցիլ այդ խնճոյքին: Այդ իրիկուն ծախսուած գումարը վստահաբար շատ աւելի էր Ալավերդիի տան ամբողջ կեանքի ելեւմուտէն, այն գումարէն, որ այդ երեք կիները պիտի ծախսէին իրենց համակ կեանքի ընթացքին:

Պիտի փափաքէի գիտնալ, թէ Ազգային ժողովի պատգամաւորներէն քանի՞ն արդեօք եղած է Ալավերդի եւ կամ` եղա՞ծ է այդպիսի բնակարանի մը մէջ:

* * *

Այժմ, նոր ստացած, ես կը դիտեմ տարեդարձի խնճոյքին նկարները. կը մտածեմ բոլոր այն գեղեցիկ կօշիկներով խեղճ մարդոց մասին, որոնք ներկայ էին հոն. կը մտածեմ մեր խեղճ ընկերոջ մասին, որ իր տարեդարձէն երկու շաբաթ առաջ տօնած էր իր մօր 80-ամեակը, նո՛յն սրահին մէջ, հէնց նո՛յն մարդոց հետ:

Կը մտածեմ մեր իշխանաւորներուն մասին, ինչպիսի՞ ճառեր գրել, որոշումներ կայացնել… Անկախ այս պարտաւորութիւններէն եւ այս բոլորին վրայ, ըստ երեւոյթին, անոնք ներկայ կը գտնուին Երեւանի հարսանեկան, ծննդեան տարեդարձներու եւ նշանադրութեան խնճոյքներու:

Եւ այդպիսի երեկոյթներու, ճոխ խնճոյքներու, կերուխումներու պատճառած տանջանքներէն ետք անոնք պէտք է նաեւ մտածեն հեռո՜ւ, շա՛տ հեռու, տարբեր աշխարհներու մէջ ապրող մարդոց մասին, այնպիսի մարդոց, ինչպիսիներն են Ալավերդիի կիները…

Պէյրութ, մայիս 17

 

 

 

Նախորդը

Հայկական Հիւրասիրութիւն

Յաջորդը

Մտաւորական Շարժ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?