Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Հիւրասիրութիւն

Սեպտեմբեր 12, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Հեռաձայնել ու հարցնել` «Հիւր կ’ընդունի՞ք»:

Նման սովորութիւն գոյութիւն չունէր այդ օրերուն Լիբանանի մէջ:

Հազուագիւտ էին հեռաձայն ունեցողները այդ ժամանակներուն:

Ամէն ընտանիք, ամսուան մէկ օրը, որոշուած թուական մը կը տրամադրէր հիւրեր ընդունելու: Իրենց մօտիկ բարեկամներն ու ծանօթները գիտէին այդ թուականը, եւ, ըստ «օրէնքի», ամսուան այդ օրը նախընտրելի էր, որ այցելեն, քանի տանտիրուհին հիւր ընդունելու պատրաստութիւններ տեսած` այդ օր տունը կը մնար, եւ իր բարեկամուհիները ընդունելով` հաճելի օր մը կ՛ունենար: Հեռաձայնները բաւական ընդհանրանալէն ետքն ալ հին սովորութիւնը կը շարունակուէր, սակայն կային այնպիսի անձեր, որոնք  որեւէ օր, որեւէ ժամուն, առանց ժամադրութեան, յանկարծ կը բախէին իրենց բարեկամին կամ ծանօթին տան դուռը:

«Այս կողմերէն կ’անցնէի, ըսի` բարեւ մը ըսեմ ու ճամբաս շարունակեմ»:

Նոյնիսկ ազնւութիւնը չէին ունենար հարցնելու. «Կարելի՞ է», «Հիւր կ’ընդունի՞ք», կամ` «Չե՞մ խանգարեր»:

Անկոչ հիւրերէն շատեր նոյնիսկ ուշադրութիւն չէին դարձներ իրենց այցելութեան ժամուն եւ տան դուռը կը բախէին կէսօր ժամանակ, երբ տնեցիք կը պատրաստուէին ճաշի նստելու, կամ` արդէն ճաշի սեղանի վրայ են:

«Հրամէ, միասին ճաշենք»-ը, ընդհանրապէս չէր մերժուեր:

Ճաշին կը յաջորդէր «մարսողական» սուրճը, բնականաբար` ծխախոտի ընկերակցութեամբ:

Կը պատահէր, որ այցելէին եւ տունը մարդ չգտնելով` «պարապը զարնէին»: Նախքան մեկնիլը պայման էր տնեցիներուն տեղեկացնել, թէ անկոչ հիւրեր ունեցած են, որոնք յուսախաբ վերադարձած են:

Լուացքի ունելի մը կը զետեղէին տան դրան բռնիչին` որպէս պատգամ, ըսելու` «Եկանք, տունը չէիք»:

«Եկանք»: Ովքե՞ր էին այդ եկողներ: Ո՛չ անուն, ո՛չ մականուն: Ամէն «պարապը զարնող» այցելու նոյն ձեւը որդեգրած էր` տեղեկացնելու իր անյաջող այցելութեան մասին: Կարծէք` մեծ յանցանք էր առանց ժամադրութեան անկոչ հիւր մը ակամայ ճամբած ըլլալը:

* * *

Խնայողութեան համար դրամատուներու մէջ հաշիւ բանալու սովորութիւնը տակաւին չէր ընդհանրացած:

Քանի մը իգականներէ բաղկացած «խնայողութեան ընկերութիւն» մը կը կազմէին եւ կու տային «Շիրքեթ» անունը:

Շաբաթական դրութեամբ հաւաքուած գումարը նոյնիսկ տոկոսով փոխ կու տային վստահելի անձերու, եւ տարեվերջին իւրաքանչիւր անդամ խնայած կ’ըլլար կոկիկ գումար մը:

«Շիրքեթ»-ի անդամ կիները, շաբաթը անգամ մը, կարգով, կը հաւաքուէին իրենց անդամներէն մէկուն տունը:

Հիւրասիրութիւնները կը սկսէին «Բարի եկաք»-ի ու կ’աւարտէին «Երթաք բարով»-ի սուրճերով, որոնց հետ ծխախոտ հրամցնելը պայման էր:

«Սալոն»-ի կեդրոնի սեղանին վրայ ափսէի մը մէջ շարուած կ’ըլլային ամէն տեսակի ծխախոտեր: Նոյնիսկ ծխելու սովորութիւն չունեցողները «չմերժելու համար» հատ մը կը վառէին:

Ընդհանրացած սովորութիւն էր «լոխում»-ով «Ղանտուր» պիսքուիթներով «սանտուիչ»-ի հիւրասիրութիւնը, որուն կը յաջորդէր թութի կամ կիտրոնի օշարակները:

«Փնտռուած» հիւրասիրութիւն էր նաեւ, վրան քանի մը կտոր ընկոյզով կամ սնուպարով կաթնապուրը:

Տօնական օրերու հիւրասիրութիւնները շատ աւելի ճոխ կ’ըլլային:

Սուրբ Ծնունդի տօնը շնորհաւորող այցելուներուն կը հրամցուէր մատնոցէն քիչ մը աւելի մեծ, փոքրիկ բաժակներով քոնեակ եւ նուշով պատուած շաքար, կամ շոքոլա` խմիչքէն ետք «բերաննին անուշցնելու»:

Զատկուան տօներուն նմանապէս կը հրամցուէին քոնեակն ու շաքար-շոքոլան, առաւել` Զատկուան «քեխկէ», եւ ներկուած հաւկիթ մը` այցելուին ընկերակցող փոքրիկին (կամ փոքրիկներուն):

* * *

Զուտ լիբանանեան սովորութիւն էր «սըպհիյէ»-ն, զոր հայ իգականները երկար տարիներ որդեգրած էին:

Այդ շրջանին հազուագիւտ էին գործի գացող կիները: Ամէն առաւօտ դրացիի մը տունը հաւաքուելով` գաւաթ մը սուրճի շուրջ զրուցելու լաւագոյն ձեւն էր: Սուրճին անբաժան մասնիկն էր ծխախոտը:

Առաւօտներու իգականներու իրարու այցելութիւնը կ’անուանէին «սըպհիյէ», որ կու գայ արաբերէն «սապահ» բառէն, որ կը նշանակէ առաւօտ:

Բնականաբար ներկայ չեմ եղած իգականներու «սըպհիյէ»-ի մը, սակայն կրնամ ենթադրել անոնց խօսակցութեան նիւթը: Քիչ մը հեռատեսիլի յայտագիրներու քննարկում, քիչ մը բամբասանք, քիչ մըն ալ իրենց չհասկցած քաղաքական անցուդարձերու «վերլուծում»:

«Սըպհիյէները շատ չէին երկարեր: Առաւելագոյնը` կէս ժամ, ապա իւրաքանչիւրը կ՛անցնէր իր գործին` տունը կարգի դնել, ու ապա` ճաշի պատրաստութիւն:

Դուրսէն ճաշ ապսպրելու սովորութիւն տակաւին գոյութիւն չունէր:

Ներկայիս իգականները բոլորն ալ աշխատող են, եւ կը կասկածիմ, որ այդ սովորութիւնը տակաւին կը շարունակուի: Եթէ հանգստեան կոչուած տարեց տանտիկիններ, եթէ տակաւին հաւատարիմ են այդ «աւանդութեան», այդ ուրիշ հարց:

Շաբաթը անգամ մը տարբեր տեսակի «հաւաք»-ներ կը կազմակերպէին հաւատացեալ եւ ապաշխարած կիներու խմբակներ: Վստահաբար ո՛չ սուրճ, ո՛չ ալ ծխախոտ կը հրամցուէր: Հաւանաբար թէյ եւ` կտոր մը անուշեղէն:

Քանի մը ժամ միասին կ’անցընէին` Աւետարան կամ Աստուածաշունչ կարդալով: Փողոցէն անցած ժամանակ յաճախ ականջնիս կը հասնէր նաեւ իրենց երգեցողութիւնը:

«Յիսուսի ենք այսօր»:

* * *

Մեր շէնքը բնակող կին մը, աղջիկները ամուսնացուցած, ամուսինը գրեթէ միշտ տունէն բացակայ, իր ձանձրոյթը փարատելու որպէս միջոց` ժամանակը կ’անցընէր կարգով դրացիներուն տուները այցելելով:

Կարծես նախապէս ծրագրուած ըլլար «յայտագիր»-ը, թէ ո՛ր օրը, ո՞ր ժամուն, ո՞ր դրացիին պիտի այցելէր:

Մեզի վերապահած էր շաբաթ օրերը, երեկոյեան ժամը 8-ին, ճիշդ այդ ժամուն, երբ կը սկսէր հեռատեսիլի ամենասիրած եւ լման շաբաթ մը անհամբեր սպասած երաժշտական փել-մել յայտագիրը, որ իր տեսակին մէջ միակն էր այդ շրջանին:

Հազիւ մեր տունէն ներս մտած, տակաւին չնստած, աչքերը հեռատեսիլին, կը սկսէր հրամաններ արձակել. «Այս պարապ բաները դիտելու` մարդավարի բան մը բացէք ալ դիտենք»: «Մարդավարի բաները» արաբական յայտագրէն, «Ապու Մըլհեմ» կամ «Ապու  Սելիմ»-ն էր: Լման շաբաթ մը անհամբեր սպասած յայտագիրս, ակամայ, կը զիջէի, եւ ստիպուած` կը դիտէի «մարդավարի» յայտագիրները:

Յաջորդ շաբաթ օր թատրոնի նոյն արարը կը կրկնուէր:

Վերջապէս օր մը յանդգնութիւնը ունեցայ պնդելու, թէ  ի՛մ նախընտրած յայտագիրս պիտի դիտեմ:

Այդ օրուան այցելութիւնը վերջինը եղաւ:

* * *

Հայկական հիւրասիրութիւններուն ամենաճոխն է հայաստանեանը:

Նոյնիսկ ներկայիս` «Զանգելու ի՞նչ հարկ կայ, ա՛յ մարդ»:

Օրական 24 ժամ իրենց տան դուռը բաց է, եւ` հիւր ընդունելու պատրաստ:

Պարզ այցելութիւն մը անմիջապէս կը վերածուի կեր ու խումի: Գաւաթ մը սուրճով հիւր ճամբելը, ամենամեծ անարգանքն է հայաստանցիին համար:

Այցելու հիւրին հետ «հաց ուտել»-ը պայման է:

Խմիչք (հայկական քոնեակ կամ վոտքա), խորոված, մրգեղէններու տեսակներ իրարու կը յաջորդեն: Գրեթէ «պայթելու» վրայ ես, երբ կը հասնին անուշեղէնները. «Այս մէկը ես սարքած եմ, անպայման համտեսիր», «Էս մէկալը` «Նափոլէոն», շատ լաւն ա, մեր հարսն ա սարքել»:

Մերժելը անարգանք է:

Մասնակցիլը` տանջանք:

Ի՜նչ մեծ տարբերութիւն` հայկական եւ ամերիկեան հիւրասիրութիւններու միջեւ:

Օտարներուն մօտ անկարելի է առանց հեռաձայնելու եւ ժամադրուելու այցելու ընդունիլը: Հազիւ ժամանած` «Սուրճ մը կրնա՞մ հրամցնել»:

Մերժումի պարագային, «ստիպել» բայը գոյութիւն չունի իրենց մօտ:

Հազուադէպ երեւոյթ է սուրճէն զատ տարբեր հիւրասիրութիւն մը: Հաւանաբար գաւաթ մը ջուր, եթէ այցելուն ծարաւ է: Կը պատահի նաեւ, որ «Քոք» կամ «Փեփսի» մը հրամցնեն, սակայն` ոչ յաճախ:

Ամենաերկար նստող հիւրը առաւելագոյնը կէս ժամէն պէտք է մեկնի:

Հայերուս քով հիւրը ճամբու դնելն անգամ արարողութիւն է: Կը սպասենք մինչեւ ինքնաշարժ նստիլը, ապա ինքնաշարժը բաւական մը հեռանալէն ետք է, որ մեր տան դուռը կը գոցենք, իսկ ամերիկացին, այցելուն հազիւ ոտքը տան դրնէն դուրս դրած, արդէն դուռը փակած է:

«Դարձեալ հրամեցէք» գոյութիւն չունի իրենց մօտ:

Գործատեղիիս մէջ սեւամորթ գործընկերոջ մը աղջիկը վկայուած է երկրորդական  վարժարանէն, եւ հաւաքոյթ մը կազմակերպած են իրենց տան պարտէզին մէջ:

Երկուշաբթի առաւօտ, տակաւին գործի չսկսած, «բերնին ջուրերը» վազելով, մեզի կը նկարագրէ հաւաքոյթի «ճոխ» սեղանը:

«Միայն տեսնէք, որքան առատ էին ուտելիքները.

փիցցա, հեմպըրկըր, հաթ տակ, քոք, փեփսի, ո՞ր մէկը յիշեմ:

«Պաղպաղակ ալ կա՞ր», հարցուցի` դէմքիս ապշած երեւոյթ մը տալով:

Չպատասխանեց, ինչ որ ենթադրել կու տայ, թէ այդ մէկը բացակայ էր:

Եթէ պատահմամբ օր մը առիթը ունենայ ներկայ գտնուելու հայկական հարսանիքի մը ընդունելութեան, անկասկած լման տարին այդ մասին պիտի պատմէ իր հարազատներուն ու բարեկամներուն:

Փիցցա, հեմպըրկըր եւ հաթ տակ գոյութիւն չունին հայկական սեղաններու վրայ: Փոխարէնը` կարելի է գտնել…

 

Շարքը շա՜տ երկար է:

 

 

Լոս Անճելըս, 2016

Նախորդը

Սուրբ Կարապետ Եկեղեցու Պղնձէ Գաւաթը

Յաջորդը

Ալավերդիի Կիները

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?