Խմբագրական. Յատկանշե՛լ 25-Ամեակը
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 25-ամեակը կը յատկանշուի առաւելաբար նորացուած սահմանադրութեամբ: Խօսքը շեշտակիօրէն կառավարման համակարգի կտրուկ փոփոխութեան մասին է: Հայաստանի Հանրապետութիւնը 25-ամեայ ճանապարհ պէտք է անցնէր ի վերջոյ ընտրելու համար կառավարման խորհրդարանական համակարգը: 25 տարին երկիրներու, պետութիւններու պատմութեան մէջ ակնթարթային նշանակութիւն ունի: Այսօրուան ամէնէն ժողովրդավար դիմագիծ եւ ըստ էութեան համարժէք հասարակարգ ունեցող երկիրները երկար 25-ամեակներ սպասած են, անցած են թագաւորական միանձնեայ դրութիւններէ,...



















