Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կախարդական Փայտի՞կ, Թէ՞ Ճիպոտ

Սեպտեմբեր 20, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0221garoarmenian1ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Նորանշանակ վարչապետ Կարէն Կարապետեան, իր կարգին, կ՛իւրացնէ իր երկու նախորդներու հերթական յիշեցումը, թէ Հայաստանի վարչապետը իր ձեռքերուն մէջ չունի «կախարդական փայտիկ», որով կարենայ երկրի տնտեսութեան հարցերուն արագ լուծումներ բերել: Պարզ խօսքով, հասարակութիւնը սկիզբէն իսկ կը զգուշացուի, որ հրաշքներ պէտք չէ ակնկալել նոր կառավարութենէն, քանի որ հրաշագործներ չկան… Կայ մենաշնորհային համակարգի անելներուն մէջ բռնուած մեր երկրի տնտեսութիւնը, որուն համար պէտք եղած դարմանները, լաւագոյն պարագային, կրնան միայն դանդաղ եւ աստիճանական ըլլալ եւ պէտք է համբերել: Այս է պատգամը, որ ցարդ կը հնչէ վարչապետին կողմէ, եւ սխա՛լ է այս պատգամը:

Կասկած չկայ, որ ամէն կառավարական դահլիճ պէտք ունի որոշ ժամանակի, որպէսզի իր առաջադրանքներու օրակարգը սկսի վերածել աշխատանքային գործընթացի եւ շօշափելի արդիւնքներու: Վարչապետը ունի՛ այդ տրամաբանական լուսանցքը` առանց նմանօրինակ հաստատումներ ընելու: Եւ կարիքը չունի իր «թիկունքը ապահովելու», երբ դեռ ոչինչ դրուած է սեղանի վրայ` որպէս ծրագիր եւ որպէս առաջադրութիւն: Մանաւանդ որ ան ունի արդիւնաշատ գործի հաստատուած վիճակացոյց մը եւ վարչագէտ մարդու մեծ համբաւ: Ըսել, որ իր կառավարութիւնը չունի «կախարդական փայտիկ», պարզապէս համազօր է ըսելու, որ ինք եւս մաս կը կազմէ ցարդ գործող կառավարման մշակոյթին եւ ի վիճակի չէ որեւէ արմատական տարբերութիւն առաջարկելու: Տարբերութի՛ւն,  որով իր վարչակազմը փայլի, եւ որուն վրայ մեր ժողովուրդը դնէ իր պատմական գրաւը:

Ո՛չ, պրն. վարչապե՛տ, ձեր ժամանակը պիտի ըլլայ խիզախումի ժամանակ մը մեր երկրին համար: Ձեր օրակարգը պիտի ըլլայ «դրական փոփոխութիւններ»-ու այն մեծ օրակարգը, զոր պրն. նախագահը հանգամանօրէն ճշդած է իր փետրուար 12-ի յայտարարութեամբ: Այդ մեծ շրջադարձն է, որ խոստացուած է մեր ժողովուրդին, եւ այդ հանգրուանն է, զոր դուք պիտի նուաճէք անյապաղ եւ ամէն գնով: Սահմանադրական փոփոխութիւնները այդ ընդհանրական պայմանագի՛րն է, որ նուիրագործեցին ժողովուրդի պատմական քուէով, եւ այդ չափանիշներն են, որ հաստատուած են մեր ժողովուրդին կողմէ ձեզի եւ հասարակութեան համար: Անոնք ձեր ձեռքերուն մէջ դրած են այն հուժկու օրինական ճիպոտը, որով ձեր կառավարութիւնը մեծ սկիզբ մը պիտի դնէ մենաշնորհային համակարգի անդամահատման գործին: Մեր տնտեսութիւնը պէտք է ազատուի այդ համակարգի ճիրաններէն,  որպէսզի դուք կարողանաք արդարացնել ձեր վրայ դրուած յոյսերը: Եւ այդ բանին համար դուք ունիք հզօրագոյն այն «կախարդական փայտիկ»-ը, որ մեր ժողովուրդէն ձեզի տրուած բացառիկ լիազօրութիւնն է` մեր երկրի կեանքը փոխելու եւ մեր երկիրը առաջնորդելու դէպի լիիրաւ եւ արդար իրաւակարգ: ԴՈՒՔ ԿՈՉՈՒԱԾ ԷՔ ԱՅԴ ՄԵԾ ԳՈՐԾԻՆ ՀԱՄԱՐ ԵՒ ՈՉ` ԵՐԿՐԻ ՏԵՂՔԱՅԼԸ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ: Այդ մարտահրաւէրն է, որուն դուք եւ ձեր կառավարութիւնը խիզախօրէն պիտի ընդառաջէք եւ ճամբայ հանէք մեր երկրի տնտեսութեան կենսական տեղաշարժը եւ սկսիք կասեցնել աշխատուժի խուճապահար գաղթը: Յաջողութիւն կը մաղթենք ձեզի եւ բարի՛ երթ:

 

 

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Պարտուեցաւ, Արցախ Յաղթեց. Հարցը Լուծուած Է

Յաջորդը

Տեսակէտ. «Առաքինութիւն»

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?