ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 10 յունուար 2017-ին հրապարակեցին 29 դեկտեմբեր 2016-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզին մէջ ազրպէյճանական ներթափանցման փորձին վերաբերեալ յայտարարութիւն մը, որ յար եւ նման էր ազրպէյճանական ոտնձգութիւններու այլ դէպքերուն վերաբերեալ համանախագահներուն հրապարակած անգոյն եւ անհամ յայտարարութիւններուն:
Տաւուշի մարզին մէջ կատարուած դէպքէն շուրջ երկու շաբաթ ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը հարազատ շարունակութիւնն է համանախագահներուն` նախայարձակն ու զոհը միեւնոյն նժարին վրայ դնելու աւանդութեան: Անարդար այդ կեցուածքը համահունչ է այն հաստատ քաղաքականութեան, որ որդեգրուած այդ մարմինին կողմէ` իր անդամներուն ինքնութենէն անկախ: Համանախագահները կը փոխուին, սակայն այդ ապարդիւն քաղաքական յանկերգը կը յամենայ` Ազրպէյճանը քաջալերելով նորանոր ոտնձգութիւններու եւ մագլցողական քայլերու դիմելու: Միւս կողմէ, կարելի չէ հարց չտալ, թէ յայտարարութեան հրապարակման ուշացումը արդեօք տօնական օրերո՞ւն պէտք է վերագրել, թէ՞ իրողական փաստերը անտեսող այսպիսի անիմաստ ու անարժէք յայտարարութիւն մը բանաձեւելու համար անհրաժեշտ ջանքին ու ժամանակին:
Միջադէպերու հետաքննութեան ԵԱՀԿ-ի գործիքակազմի ստեղծումը այս կեղծ անկողմնակալութեան տապալման միակ յոյսն է: Այդ պարագային միայն կարելի է համանախագահներէն իմաստալից եւ պիտանի յայտարարութեան մը յոյսը ունենալ: Եթէ համանախագահող երկիրները իրապէս յանձնառու են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման, ապա անոնք պէտք է ճնշում բանեցնեն այդ գործիքակազմը նախապէս մերժած, իսկ այժմ անոր ստեղծումը արգելակող բռնատիրական ու ռազմատենչ պետութեան` Ազրպէյճանի վրայ: Ներկայ քաղաքականութեան շարունակումը կը նշանակէ պայթիւնավտանգ սթաթիւս քոյի շարունակում եւ անխուսափելիօրէն մարդկային յաւելեալ կորուստներու արձանագրում: Ուստի, համանախագահներն ու համանախագահող երկիրները ի զուր կը փորձեն իրենց պատասխանատուութիւնը թաքցնել հայկական կողմն ու նախայարձակ Ազրպէյճանը հաւասարապէս մեղադրելով: Ներկայ կացութեան համար մեղադրելիները իրենք են եւ Ազրպէյճանը: