Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին յաջորդող տարին` 2016-ը, եւս անցաւ իր լաւ ու վատ օրերով, իր նուաճումներով եւ ընկրկումներով, իր հոգերով, տագնապներով, ցաւերով եւ ուրախութիւններով:
Անցաւ 2016-ը, ու պիտի անցնին գալիք տարիները:
Սովորութիւն է տարեվերջին խօսիլ հաշուետուութեան մասին, կատարուածին մասին:
Ու յաճախ, կարծր կ՛ըլլանք բացթողումներուն նկատմամբ, խստօրէն կը մատնանշենք թերութիւնները, կը պախարակենք տկարութիւններն ու զանոնք պատճառող անհատները, կողմերը ու երբեմն ալ յուսահատութեան մահիճին կը յանձնենք մենք մեզ:
Բնական է կատարել այդպէս: Հասկնալի է ու անհրաժեշտ հաշուետուութեան պարագային ըլլալ խիստ, երբեմն անզիջող, պահանջկոտ: Ու այդպէս պէտք է ըլլալ, որպէսզի ազգային հասարակական կեանքը յառաջանայ, հաւաքական գործը զարգանայ, ու վերացուին փոսերը, աստիճանաբար նեղնան խրամատները, եւ յաջողինք մեր զաւակներուն ու թոռներուն ժառանգել աւելի լաւը, աւելի պայծառը, աւելի յուսալին:
Ամանորի նախօրեակին, Լիբանանի հայութեան համար, անհրաժե՛շտ է միաժամանակ արձանագրել դրականը, զարգացումը, անցեալին կատարուած խոստումներուն աստիճանական իրագործումը: Անհրաժե՛շտ է տեսնել խրախուսիչ երեւոյթները, այլոց հետ բաղդատած դրական եւ որակական զարգացումները, իրականացումները, նուաճումները: Անհրաժե՛շտ է տեսնել ու արձանագրել 365 օրերու վրայ ամէնօրեայ հեւքը:
Պիտի չխօսինք լիբանանցի քաղաքացիին համար հանապազօրեայ հաց դարձած տնտեսական, քաղաքական, ընկերային ու ապահովական մտահոգութիւններուն մասին, մտահոգութիւններ` որոնք իրենց ծանր ազդեցութիւնը ունեցան անցնող տարեշրջանի ընթացքին առհասարակ լիբանանցի ժողովուրդին, ու բնականաբար Լիբանանի հայութեան վրայ:
Եւ հակառակ մթագնած երկինքին, բազում տագնապներուն, երբեմն ընկճուածութեան տանող պայմաններուն, անյուսալի անցուդարձերուն, կասկածամտութեան թէ բարոյալքումի առաջնորդող արտայայտութիւններուն, լիբանանահայութիւնը ո՛չ միայն տոկաց ու յարատեւեց, այլ նաեւ արձանագրեց յառաջդիմութիւն, մեծ ու փոքր յաջողութիւններ, նուաճումնե՛ր անգամ:
2017-ի սեմին կանգնած, անվարան ու հպարտութեամբ կրնանք ըսել, որ Լիբանանի հայութիւնը մնաց ու կը մնայ համայն հայութեան պողպատեայ հազուագիւտ սիւներէն մէկը:
Եւ այսպէս, ընդհանրական գիծերու մէջ միայն կատարենք նշումներ:
Գոյատեւեցին մեր ազգային հասարակական բոլոր կառոյցները, յաւելեալ ճիգ ու ջանք դրուեցաւ նոր յաջողութիւններ արձանագրելու համար: Բոլոր յարանուանութեանց, կուսակցական կառոյցներու, մամուլի, լսատեսողական լրատուամիջոցներու, մարզական, ուսանողական, երիտասարդական, բարեսիրական թէ մշակութային այլեւայլ միութիւններու, կրթական հաստատութիւններու առօրեան վերածուեցաւ մեղուաբոյնի, կամաւոր աշխատանքի խորհրդանիշի, հայ մարդու հայեցի ինքնութեան պահպանման ու Հայ դատի պայքարի ամրոցի:
Համահայկական հարցերը մնացին մեր կիզակէտը: Հայաստանն ու Արցախը եղան հետաքրքրութեան ու զոհաբերութեան առանցք. Լիբանանի հայութիւնը բանիւ եւ գործով շարունակեց մասնակցիլ հայութեան գոյատեւումն ու հզօրացումը ապահովող սփիւռքի կողքին երկու անխորտակելի բերդերը քար առ քար ամրապնդելու ճիգերուն: Իւրաքանչիւրը իր կարելիութեամբ, հաւաքական թէ անհատական մակարդակի վրայ իր ճիգը չսակարկեց: Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած քառօրեայ պատերազմով բռնկեցաւ Լիբանանի հայութիւնը եւ ըսաւ իր խօսքը` գործով:
Լիբանանեան մակարդակին վրայ, հայ համայնքի անվտանգութիւնը մնաց կարմիր գիծ: Ոչ ոքի արտօնուեցաւ պառակտել գաղութը, ոչ ոքի արտօնուեցաւ յարձակում գործել Լիբանանի հայութեան վրայ: Պաշտպանուեցաւ ան, ու յարգանք պարտադրեց բոլորին: Ունեցանք հայ ժողովուրդի բարեկամ հանրապետութեան նախագահ մը ու վարչապետ, որոնց մօտ արմատացուեցաւ մեր իրաւունքները պաշտպանելու հայկական վճռակամութիւնը:
Սուրիահայութեան տագնապը միաժամանակ եղաւ Լիբանանի հայութեանը: Տագնապի մէջ եղող լիբանանահայը ոչինչ զլացաւ սուրիահայ իր եղբօր: Տուաւ առատօրէն, տուաւ բազմիցս, իր բերնի պատառէն, իր սեփականէն:
Հայեցի դիմագիծի պահպանումը եղաւ առաջնահերթ գործ եւ ոչ միայն կարգախօս: Բացումը կատարուեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանին, պահուեցան մեր վարժարանները, զարգացում արձանագրեցին անոնք, պահպանուեցաւ հայապահպանման դարբիններուն, մեր ուսուցիչներուն արժանապատուութիւնը, վերականգնեցան իրաւունքները, խոստումները վերածուեցան գործի, ու իրականացան անոնք:
Լիբանանցի հայը պատուով մասնակցեցաւ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն: Քաղաքացիի իր պարտականութեան ըմբռնումով ան միացուց հայ համայնքի քաղաքական ուժ մնալու եւ զայն զօրացնելու գործօնը ու անգամ մը եւս յաջողեցաւ իր արդար մասնակցութեամբ ապահովել անցեալին հետ բաղդատած յաւելեալ յաջողութիւն:
Մարզական, մշակութային ու բարեսիրական միութիւնները իրենց բազմոլորտ, բազմակողմանի եւ վերանորոգ որակական փոփոխութեամբ կազմակերպական նոր հանգրուան բոլորեցին ու լիբանանահայութեան նուիրեցին ո՛չ միայն հաճելի ժամեր ու բերկրանքի առիթ, այլ բարձրօրէն նպաստեցին հայ մարդու հպարտութիւնն ու արժանապատուութիւնը ամրապնդելու գործին:
Տնտեսապէս վատ պայմաններուն մէջ ապրող լիբանանահայութիւնը 2016-ին զարմանք պատճառեց համայն հայութեան, նաե՛ւ իր առօրեային բաժնեկից ոչ հայ զանգուածին: Մեծագումար նուիրատուութիւններ, կուսակցական թէ Հայ դատի նուիրուած դրամահաւաքներ, հայեցի դիմագիծի ամրապնդման համար կալուածներու գնումներ, դպրոցաշինութիւն, Արցախի քառօրեայ պատերազմի պատճառած հետեւանքներու վերացման յատկացուող դրամահաւաք, համահայկական հիմնադրամ, Արցախ ֆոնտ, սուրիահայութեան օժանդակութիւն, յարանուանական ձեռնարկներ, դպրոց, եկեղեցի, մամուլ, միութիւններ, անհատական կարիքներու մատակարարում… իրականութիւններ են, որոնք պիտի մնան Լիբանանի հայութեան պատմութեան ոսկի էջերուն մէջ:
Լիբանանի հայութիւնը գերազանցեց ինքզինք 2015 դեկտեմբերէն 2016 դեկտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին: Հաշուապահական գումարը մասնագիտական կերպով կրնայ երեւիլ, բայց չի զիջիր նուազագոյնը 8 միլիոն տոլարի:
Զգացական արտայայտութիւն չէ կատարուածը:
Լիբանանի հայութիւնը ամուր է:
Լիբանանցի հայը յաւելեալ արժէք է:
Վարանումն ու վհատութիւնը տեղ չունեցան անցնող 12 ամիսներուն լիբանանահայուն կեանքին մէջ:
Ու անհրաժե՛շտ է այսպէս շարունակել:
Միշտ ձգտելով աւելիի՛ն, լաւագոյնի՛ն:
2017-ի սեմին մնանք հպարտ հայեր:
Մնանք նուաճումներ արձանագրող գաղութ:
Մնանք համայն հայութեան ամրոց: