Իւրաքանչիւր Սփիւռքահայ Կը Գիտակցի, Որ Հայաստանը Ամէն Բանէ Վեր Է
ՆԱՐԻՆԷ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ Յարգարժա՛ն պրն. Կարապետեան, Երբ առաջին անգամ Հայաստանի նախագահը ձեզ ներկայացուց իբրեւ Հայաստանի վարչապետ, շատերու նման ես ալ լեցուեցայ դրական տպաւորութիւններով: Հետեւելով կառավարութեան նիստերուն ու նախարարները «զօրաշարժ»-ի ենթարկելու ձեր կամքին` յոյսով էի, որ կամաց-կամաց ամէն ինչ պիտի գտնէ իր ճիշդ տեղը: Բնականաբար, ամենեւին չեմ մտածած, որ մօտ ապագային, առաւօտ մը պիտի արթննանք ու մենք մեզ տեսնենք մեր երազած հայրենիքին...




















