Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կորուստներուն Կորուստը

Ապրիլ 7, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅՈՒՇԻԿ ՂԱԶԱՐԵԱՆ 

Ես քեսապցի եմ:

Գիտէ՞ք` ինչ կը նշանակէ քեսապցի ըլլալ… Վստահաբար աւելի նշանակութիւն ունի, քան` խնձորի պարտէզ ունենալը, ամառները Քեսապ անցընելը, քանի մը բառ քեսպնօք ջարդելը, կամ քեսապցիներուն կէսը ազգականներդ ըլլալը (միւս կէսն ալ` խնամիներ): Այս բոլորէն շա՜տ, շա՛տ աւելի…

«Շատ աւելին» զգացած եմ միշտ, բայց բնաւ յստակ ձեւ կամ անուն չէ ունեցած ինծի համար մինչեւ… 21 մարտ 2014…

Որքան տառապած եմ, դպրոցի օրերէն սկսեալ, ընկերներուս բացատրելու, թէ ես քեսապցի՛ եմ: «Այսինքն ո՞ր գաւառէն եկած էք հոս» կ՛ըլլար հարցումին շարունակութիւնը: Եկուր ալ բացատրէ: Հալէպի մէջ ընդհանրապէս «ո՞ր երկրացի ես» հարցումին պատասխանը պէտք է ըլլայ` սասունցի, ուրֆացի, տիգրանակերտցի, այնթէպցի կամ այլ լսուած ու չլսուած կորսուած գաւառցի մը, բայց Քեսապը չէ կորսուած: Անիկա հո՛ն է, կարճ ճամբով` Հալէպէն երեք ժամ անդին: Ո՞վ չի կրնար հասնիլ Քեսապ, բայց ոչ ոք կրնայ հասնիլ Սասուն, Ուրֆա, Տիգրանակերտ, Այնթէպ կամ այլ լսուած ու չլսուած կորսուած գաւառները… Ճակատագիրի ինչ-ինչ խաղով` իմ հայրենիքս կորսուած գաւառ մը չէ… Եկո՛ւր ալ բացատրէ…

Մինչեւ 21 մարտ 2014…

Մինչեւ այն օրը, երբ ճակատագիրի ինչ-ինչ խաղով իմ հայրենիքս ալ կորսուեցաւ, ես ալ հետը… Հոգիիս սիւներէն մին փլաւ… Կարելի՞ է բացատրել անբացատրելին, նկարագրել աննկարագրելին, տրամաբանել անհեթեթը… Թերեւս գայ այն օրը, երբ կարենամ այդ երեք ամիսներու ապրումներս ձեւով մը արտայայտել:

Երբ սկսայ այս յօդուածը գրելու, կը յուսայի, որ հոս պատահէր այդ մէկը, բայց անգամ մը եւս զգացումներս ու մուսաներս դաւաճանեցին ինծի: Որքա՜ն խաբուսիկ են բառերը, եւ որքա՜ն մակերեսային են հոգիի պոռթկումները հայրենիքի՛ կորուստին դիմաց: Դէպքէն երկու տարի առաջ արդէն կորսնցուցած էի հայրս, սակայն միայն այդ երեք ամիսներուն ընթացքին էր, որ ինքզինքս ամբողջովին, իսկապէս եւ լիարժէքաբար որբ զգացի: Ամէն կորուստ կը նսեմանայ հողի՛ կորուստին դիմաց: Եւ այդ երեք ամիսներուն ընթացքին դադրեցայ քեսապցի ըլլալէ եւ եղայ իր կողմնացոյցը կորսնցուցած թափառական հայ…

Այսօր, երբ յետադարձ նայուածքով կը յիշեմ այդ երեք ամիսները, առաւել խորութեամբ կ՛ապրիմ մեր ազգային ողբերգութիւնը: Կ՛ուզեմ այս անգամ ե՛ս հարց տալ իմ սասունցի, ուրֆացի, տիգրանակերտցի, այնթէպցի կամ այլ լսուած ու չլսուած կորսուած գաւառցի հայուն, թէ դուն ինչպէ՛ս կ՛ապրիս առանց հայրենիքի: Անոր համա՞ր երգերդ մելամաղձոտ են… Անոր համա՞ր շռայլօրէն ամէն բան կը բաշխես շուրջդ… որովհետեւ կորուստներուն կորուստը ճանչցողին համար ա՛լ սուղ բան չկա՞յ…

«Շատ բան»-ը կորսնցուցի, բայց շատ բան ալ հասկցայ: Հասկցայ, թէ ինչո՛ւ այսպէս ենք, ինչո՛ւ աշխարհը այսպէս է… Բայց տակաւին չեմ հասկցած, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ կը զիջին հողը, որ արդէն իրենց ոտքերուն տակ է: Չեմ հասկցած, թէ ինչո՛ւ հայրենակորոյսի վիճակին մէջ կը մտնեն կամովին: Ի՞նչը պիտի զիջիք, վասն ինչի՞… Դուք ձեզ մի՛ առաջնորդէք հոգիներու նախճիրին: Ձեր ոտքերը ամո՛ւր, ամուր փակցուցէք հողին, որովհետեւ ոտքերուն տակէն երբ հողը սահի, կ՛որբանա՜նք, կը խեղճանանք, կը հատուինք ու կը կրճատուինք: Մեր բառերը կ՛ըլլան սակաւ եւ նայուածքը` խամրած:

Ես քեսապցի եմ: 21 մարտ 2014-էն մինչեւ 21 յունիս ես որբ էի:

 

 

Նախորդը

Հողին Պատգամը

Յաջորդը

Հեմինկուէ՞յն Ալ Կ՛արժեզրկեն…

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?