Անդրադարձ. Վերյիշելով 1955-1965 Պէյրութը Եւ Երկաթուղին
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Մանկութեանս, զարթուցիչ ժամացոյցի կարիքը չենք ունեցած, քանի որ ամէն առաւօտ ժամը 6:45-ին մազութով բանող եւ Հալէպէն եկող ճամբորդատար գնացքը` օթոմոթրիս, մեր Էշրեֆիէի տան շուրջ հարիւր մեթր դէպի ստորոտը գտնուող Խալիլ Պատաուիի երկաթուղիէն կ՛անցնէր եւ իր երկարատեւ ու խլացուցիչ ճչակը կը հնչեցնէր կարճ ընդմիջումներով: Մինչ ամբողջ գիշերը կ՛ունկնդրէինք մեր տունէն տեսանելի Պէյրութ-Նահր գետի գորտերուն կռկռոցը, եւ երկու անգամ ալ...




















