Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշատետր. Ոչինչ

Ապրիլ 8, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռ. Հ.

Երբ կ՛ըսէի, որ մարդիկ կը սխալին, երբ կը պնդեն, թէ «բան մը չեն ըներ», կամ «բան մը չըրին», կամ բնաւ չեն սիրեր «բան մը չընել»-ը, ես ման կու գայի մտածումի աշխարհի մը մէջ, որ կը ջանայ ինքզինք փրկել ընկալեալ սովորութիւններու կամ կաղապարատիպ մտածումներու շրջագծէն: Արդարեւ, ընկալեալ սովորութիւն է, շատերու մօտ կաղապար դարձած մտածում է կարծել, թէ մարդ կրնայ բան մը չընել: Մարդը չի կրնար բան մը չընել, թէ՛ մարմնախօսական տեսակէտէ, թէ՛ հոգեբանական տեսակէտէ, որովհետեւ «բան մը չընել»-ը իրականութեան մէջ կը նշանակէ «ոչինչ ընել»: Մինչդեռ «ոչինչ» ըսուածը գոյութիւն չունի մարդուս կեանքին մէջ: Այսպիսի բանի մը անունը կամ բառը կայ միայն, ինքը չկայ: Չարժե՞ր, որ քիչ մը մտածենք այս մասին ու խոնարհ մարդու մեր մտածումներուն մէջ նոր դռներ բանանք:

Վարժուած ենք մտածելու, որ «Ոչինչ»-ը թերեւս կար այն ատեն միայն, երբ տիեզերքը տակաւին չէր ստեղծուած: Արդարեւ, եթէ կրօնական մերձերցումով կամ գիտական մերձերցումով կը հաւատանք, որ օր մը տիեզերքը ստեղծուեցաւ ոչինչէն, այն ատեն արդէն կ՛ընդունինք, որ «ոչինչ»-ը գոյութիւն ունէր տիեզերքին ստեղծումէն առաջ, եւ այդ ոչինչին մէջէն է, որ ստեղծուեցաւ, կամ այդ ոչինչին վերջ տրուեցաւ, երբ ստեղծուեցաւ տիեզերքը:

Հիմա որքան ալ մեր միտքը զօրենք յստակ պատկերացնելու համար տիեզերքի ստեղծումէն առաջ գոյութիւն ունեցող «ոչինչ» մը, պիտի տեսնենք, որ դժուար է պատկերացնել իրական «ոչինչ» մը, գոյութիւններու բացարձակ բացակայութիւն մը: Մնաց որ, վստահ ալ չենք կրնար ըլլալ, որ տիեզերքի ստեղծումէն առաջ իրապէս «ոչինչ» գոյութիւն ունէր: Կրնանք երբեմն մտածել, թէ մեզի ծանօթ մեր այս տիեզերքին ստեղծումէն առաջ թերեւս ուրիշ տիեզերք մը կար, որ օր մը ոչնչացաւ յանկարծ, մէջտեղէն կորսուեցաւ: Մեզի այդպիսի բան մը չէ ուսուցուած: Մեզ հրաւիրած են հաւատալու, որ տիեզերքը ստեղծուած է ոչինչէն: Տիեզերքի ստեղծումէն առաջ բան մը չկար: Այսինքն ոչինչ կար: Մենք այս վարկածին է, որ կը հաւատանք:

Բայց եկէք, առանց ձանձրանալու մտածումի յոգնութենէն կամ առանց խնդալու մեր միամիտ մտածելակերպին վրայ, հարց տանք, թէ «ոչինչ»-ը ի՞նչպէս գոյութիւն կրնայ ունենալ եթէ «ոչինչ»-ը իսկապէս գոյութիւն չունի. գոյութիւն չունեցող բանի մը գոյութեան մասին կրնա՞նք խօսիլ: «Ոչինչը կար» ըսելը կը հակասէ մտածումի տրամաբանութեան, որովհետեւ ոչինչը չի կրնար «ըլլալ»: Այն բայը, որ անոր կը պատշաճի, «չըլլալ»-ն է, ոչ թէ` «ըլլալը»:

Փիլիսոփայական առումով, գրեթէ անկարելի է պատկերացնել «ոչինչ»-ը: Եթէ մէկու մը հարցնենք, թէ ի՞նչ կը հասկնայ «ոչինչ» ըսելով, պիտի պատասխանէ, որ կը հասկնայ շատ ընդարձակ պարապութիւն մը, որուն մէջ բան մըն ալ չկայ, որուն մէջ ոչ մէկ բան գոյութիւն ունի: Բայց կարելի է առարկել. եթէ ոչ մէկ բան գոյութիւն ունի այդ պարապութեան մէջ, գոնէ այդ պարապութիւնը կայ, եւ ատիկա արդէն գոյութիւն է:

Ընդհանրապէս «չգոյութիւն» բառը կը նկատուի «գոյութիւն» բառին հակառակը: Գոյութիւնը գիտենք, բայց չգոյութիւնը շատ անորոշ գաղափար է մեզի համար: Արդէն հիմնականը «գոյութիւն»-ն է: Միլիոնաւոր տարիներէ ի վեր «գոյութիւն ունեցող» համակարգի մը շատ աննշան մէկ մասնիկը կը կազմենք մենք, բայց մինչեւ մեր յետին բջիջը թաղուած ենք այդ ընդհանուր գոյութեան մէջ: Մարդոց գոյութիւնները վաղանցուկ են, բայց ընդհանուր գոյութիւնը, առ այժմ կը հաւատանք, որ յաւերժական է: Գոյութիւնն է, որ կը տիրապետէ ամէնուրեք առանց ճանչնալու իրեն հակասող չգոյութիւն մը:

Գոյապաշտ փիլիսոփայութեան ախոյեանները, մանաւանդ Ժան Փոլ Սարթր մեզի կը բացատրէր, որ գոյութիւնը երկու տեսակ է: Առաջինը «մէկու մը համար գոյութիւն ունեցող»-ն է, երկրորդը «ինքն իրեն համար գոյութիւն ունեցող»-ն է: Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա: Դժուար չէ բացատրել ու հասկնալ:

Երբ կ՛անցնիմ լերան մը դիմաց ու կը սկսիմ հիացումով դիտել այդ լեռնային տեսարանը, այն ատեն լեռը գոյութիւն կ՛ունենայ ինծի համար: Ասիկա առաջին տեսակն է: Բայց երբ գիշեր կ՛ըլլայ, ու լեռը կը մնայ իր մենութեան մէջ, երբ ոչ մէկը կը տեսնէ զայն, ան այս անգամ գոյութիւն կ՛ունենայ ինքն իրեն համար: Ասիկա ալ երկրորդ տեսակն է:

Գալով չգոյութեան` մենք միշտ ընդուներ ենք «ոչինչ»-ը, բայց` առանց լռիւ թափանցել կարենալու անոր էութեան ու բուն իմաստին մէջ: Իրականութեան մէջ կարեւոր ալ չէ: Ստեղծագործութեան առաջին օրէն ի վեր մարդ արարածը գիտէ, որ կու գայ ոչինչէն ու կ՛երթայ դէպի ոչինչ, բայց երբեք չի մտածեր, թէ ինչպէս պէտք է պատկերացնել այդ ոչինչը:

Մեր հայաստանցի եղբայրները շատ կը գործածեն այս «ոչինչ» բառը:

– Ո՞նց ես:

– Ոչինչ:

Այսինքն.

«Ինչպէ՞ս ես»:

«Լա՛ւ: Բան մը չկայ»:

Այս ոչինչը իրական «բան մը չկայ» չի նշանակեր: Հայաստանցին, երբ «ոչինչ» կ՛ըսէ, ըսել կ՛ուզէ. «Վնասակար կամ կարեւոր բան չկայ»: Այսինքն շատ բան կայ, բայց կարեւոր բան չկայ, անհամ բան չկայ, յիշարժան բան չկայ:

Կարեւորն ալ այս է արդէն:

 

 

Նախորդը

Ներկայի Մէջ Եւ Ապագայի Դիմաց` Հայաստանի Եւ Սփիւռքներու Կուսակցութիւնները

Յաջորդը

Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Պիտի Քննէ Քառօրեայ Պատերազմի 23 Գործ

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?