Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ապրիլ 2… Խորհրդարանական Համակարգին Ազդանշանը

April 10, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ապրիլ 2-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք չէ դիտել քաղաքական նեղ ակնոցով, այսինքն այս կամ այն դաշինքն ու կուսակցութիւնը համաձայնութիւններ կնքած են եւ` բեմ բարձրացած:

Ո՛չ… սովորական կերպով խորհրդարան մը ընտրելու համար չէր կազմակերպուած կիրակի, ապրիլ 2-ի ընտրութիւնը:

Այլ պատմական օր մըն էր այդ օրը, որովհետեւ Հայաստանը առաջին անգամ ըլլալով որդեգրած էր ժողովրդավարական հիմքերու վրայ հիմնուած խորհրդարանական համակարգը, հակառակ անոր որ իր շրջապատին մէջ հակառակ մթնոլորտն է, որ կը տիրէ: Յառաջիկայ շաբաթներուն Թուրքիոյ մէջ պիտի կատարուի ճակատագրական հանրաքուէ, որուն միտք բանին այն է, որ Էրտողան կը մտադրէ ամէն գնով ձեռք ձգել մոգական մենատիրութիւնը` իր երազած սուլթանութիւնը հիմնելու եւ կառավարելու համար: Անտեղի է անդրադառնալը Ազրպէյճանին, ուր նախագահ Ալիեւի բառարանին եւ համայնագիտարանին (եթէ անշուշտ կը կարդայ… այդ մէկն ալ հարցական է) մէջ գոյութիւն չունին կամ հաւանաբար պատռուած ու փճացուած են ժողովրդավարութեան հետ կապ ունեցող որեւէ տեղեկութիւն:

Ապրիլ 2-ի ընտրութիւններու նախօրեակին յստակ էր, որ դիւրին պիտի չըլլար մէկ օրէն եւ մէկ ընտրութիւնով բոլորովին բարեփոխել օրէնքները:

Ամէնէն աւելի լաւատեսն իսկ քաջատեղեակ էր, որ ընտրական այս նոր օրէնքն ու գործընթացը պիտի չկարենան (եւ հաւանաբար ապագային ալ հարիւր առ հարիւր տոկոսով պիտի չկարենան) առաջքը առնել ընտրակաշառքին:

Դիտորդներն ալ կը հաստատեն, որ զեղծարարութիւնները կարելի չէ եղած կասեցնել` հակառակ արդի սարքաւորումներու հաստատման: Դժբախտաբար սովորութիւն մըն է համաձայնութիւնը կանխաւ կատարելու քուէ գնողի եւ վաճառողին միջեւ, եւ այս մէկը դարմանելու համար կարիք կայ ժամանակի եւ յստակ ու թափանցիկ գործելաձեւի, որուն համար հետեւողական աշխատանք ունին կատարելիք այդ 101 խորհրդարանականները` մէկդի դրած իրենց անձնական հաշիւները:

Ի վերջոյ, երբ նոր սահմանադրական օրէնքները որդեգրուին, դատական իշխանութիւնը գործադիրէն ամբողջութեամբ անկախ է եւ ինքնաբերաբար պիտի երաշխաւորէ պետական իշխանութեան դատական, գործադիր եւ օրէնսդիր բնագաւառներու փոխադարձ հաւասարակշռութիւնն ու հակակշիռը:

Այդ 101 խորհրդարանականներէն պիտի բխի երկրին իշխանութիւնը, եւ այսպէս պիտի ստեղծուի այնպիսի կառոյց մը, որուն որոշիչ գործօնը հաւաքական իշխանութիւնն է եւ ոչ թէ այս կամ այն անհատը:

Թիւերն ու թուականները զարմանալիօրէն կը զուգադիպին: Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմն ալ պատահած էր տարի մը առաջ` 2 ապրիլ 2016-ին եւ ընտրուած խորհրդարանականներու չափ, հարիւրէ աւելի հերոսներ զոհուած էին:

Սլոյեան, Ուրֆանեան, Զոհրապեան, Շահբազեան, Հաջեան, Բալայեան, Գաբոյեան… շարքը երկար է, այդ դիւցազուն տղոց թափած արիւնը աւիշն է դէպի արդարութիւն ուղղուող Հայաստանին: Իսկ ՀՅ Դաշնակցութեան համար, աւելի մանրամասնելով, այս թուականը ունի նաեւ այլ նշանակութիւն մը` 2 ապրիլ 2013-ին է, որ անարգ ոճիրի զոհ գացած էր Պռօշեանի գիւղապետ եւ Արցախի ազատամարտիկ Հրաչ Մուրատեանը:

Այս հերոսներուն կերտած վեհ կամքով կարելի պիտի ըլլայ հաշուետուութեան կանչել բոլոր հիմնական ու առաջնահերթ հարցերը:

Այժմ, յստակօրէն հասկնալի է, թէ ի՜նչ իրադարձութիւններու լոյսին տակ, շարունակ անձը հաւաքականէն աւելի բարձր գերադասող ՀՀ նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան եւ իր քոնկրեսական կուսակցութիւնը եղան այս ընտրութիւններուն իսկական պարտեալները:

3 ապրիլ 2017

 

Նախորդը

Հայկական Առածն Ասում Է. «Ոչխարի Հօտը Գայլին Պահ Մի՛ Տուր»

Յաջորդը

Տեսակէտ. 21-րդ Դարի Փոփոխութիւնների Պարտադրանքի Տակ…

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.