Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Ապրիլ Դ. – Ցաւակցութիւնը Քաղաքական Խիզախ Կեցուածքով Կ՛արտայայտուի

Մայիս 6, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան քանի մը տարիէ ի վեր հայ ժողովուրդին ցաւակցութիւն յայտնելու անյաջող փորձեր կը կատարէ:

Անոր ցաւակցութիւնը, որքան որ ձեւական, նոյնքան ալ ընդվզեցուցիչ է:

Ան առաջին հերթին կե՛ղծ է, որովհետեւ քաղաքական դէմքերու ցաւակցական խօսքերը, եթէ նոյնիսկ զուտ քաղաքական նպատակներով ըլլան, առնուազն ենթահող մը պէտք է ունենան: Այդ ենթահողը բարի կամքի գործնական դրսեւորումն է: Եթէ այլ երկիրներու նախագահներ ցաւակցութիւն կը յայտնեն, անոնք նուազագոյնը իրողութիւնները նկարագրելու համարձակութիւնը կ՛ունենան, եթէ նոյնիսկ քաղաքական հաշուարկներով չօգտագործեն ցեղասպանութիւն բառը:

Բարի կամքի դրսեւորումը կ՛ըլլայ հարցերուն հետ հաշուի նստելով, արդարութիւնը վերականգնելու գէթ փոքր քայլերու դիմելով, ոչ թէ պատմութիւնը նենգափոխելով, հայ ժողովուրդին խլուած իրաւունքները ուրանալով եւ աշխարհի տարածքին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար տարուող աշխատանքները, նոյնիսկ ցոյցերը, ժապաւէններու ցուցադրութիւնները խափանելով:

Այս իմաստով Էրտողանի ցաւակցական բեմագրութիւնը դրական ոչ մէկ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ հայ հանրութեան կամ նոյնիսկ արեւմտեան շրջանակներուն վրայ, որոնց` վերջին ամիսներու Թուրքիոյ նախագահին հետ լարուածութիւնը իր գագաթնակէտին հասած է արդէն:

Երկրորդ. Թուրքիոյ մէջ հայերուն ներդրումին մասին խօսելով` Էրտողան չ՛ակնարկեր իսկ, թէ ո՛ւր է այսօր այդ ներդրում ունեցող հայերուն մեծամասնութիւնը, ինչպէ՞ս գնահատուած է անոր ներդրումը իր նախնիներուն կողմէ եւ ինչպէ՞ս կը գնահատուի այսօր իր վարչակարգին կողմէ: Ինչո՞ւ ճշմարտախօս թուրք մտաւորականներ կը հալածուին, ինչո՞ւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եկեղեցական կալուածներու վերատիրացման դատը կը մերժուի եւ այլն:

Երրորդ. ցաւակցական խօսքին մէջ ոչ թէ միայն անհիմն, այլ սխալ տեղեկութիւններ կը ներկայացուին, երբ կ՛ըսուի, թէ` «Ինչպէս երէկ, այնպէս ալ այսօր, հայերը ըլլալով մեր երկրի հաւասար եւ ազատ քաղաքացիներ, կարեւոր դերեր կը ստանձնեն մեր ընկերային, քաղաքական եւ առեւտրական կեանքի զանազան մարզերուն մէջ»:

Օսմանեան կայսրութեան օրերուն հայերը ո՛չ ազատ, ո՛չ ալ հաւասար քաղաքացիներ նկատուած են: Անոնք «ռայա» կոչուած ու հալածուած են: Ի զուր չէ, որ հայ պատուիրակութիւններ դիմած են արեւմտեան երկիրներու ներկայացուցիչներուն, պահանջած բարենորոգչական նուազագոյն ծրագիրներու իրագործում, քաղաքացիական իրաւունքներու յարգում, փոխարէնը, սակայն, ջարդուած ու տեղահանուած են Օսմանեան կայսրութեան ու Աթաթուրքի իշխանութեան օրերուն: Օսմանցիներ եւրոպական պետութիւններու հետ կնքուած համաձայնութիւններով հայերու համար բարեկարգումներ խոստանալով հանդերձ, զանոնք չգործադրելու համար միջոց որոնած են  եւ  Հայոց ցեղասպանութիւնը համարած են այդ միջոցը:

Տակաւին չենք խօսիր ներկայ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ քաղաքացիներու իրաւունքներուն մասին:

«Համաշխարհային Ա. պատերազմի անբարենպաստ պայմաններուն մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած օսմանեան միլիոնաւոր քաղաքացիները» ըսելով`  Թուրքիոյ նախագահը հաւասար նժարներու մէջ կը փորձէ դնել  օսմանցիներուն կողմէ Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ սպաննուած մեր ժողովուրդի զաւակները եւ պատերազմի զոհերը` ծրագրուած ցեղասպանութիւնը քողարկելու ձախող փորձ մը կատարելով:

Հայոց ցեղասպանութիւնը  թէեւ այսօր Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ իր սերտ գործակիցներուն կողմէ կ՛ուրացուի, սակայն աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ բնակութիւն հաստատած հայերու տեւական եւ հետեւողական աշխատութիւններուն եւ թափած ջանքերուն շնորհիւ 20-րդ դարու այս առաջին ցեղասպանութիւնը երբեք  մարդկային յիշողութեան փոշիներուն տակ պիտի չմնայ, եւ խղճմտանքի տէր ժողովուրդներու երեսփոխանական ժողովները  պիտի շարունակեն ճանչնալ Հայոց  ցեղասպանութիւնը ու յայտարարել,  թէ 1915 թուականին հայեր ցեղասպանութեան ենթարկուած են:

Եւ այնքան ատեն որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան իրերայաջորդ կառավարութիւնները կ՛ուրանան,  թուրքեր իրենց արիւնոտ անցեալին հետ չեն հաշտուիր,  մեր ցաւը իր սաստկութեամբ պիտի շարունակուի:

Երբ հաւաքականութիւն մը,  կառավարութիւն մը չ՛ընդունիր կամ չ՛ուզեր ըմբռնել,  որ ինք անցեալին ոճիր մը գործած է,  ան հակամէտ է նոր ոճիրներ գործելու:

Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, քանիցս փաստեց այս իրողութիւնը, վերջինը` Սուրիոյ մէջ:

Հայկական թաղամասերու, Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի ռմբակոծումը քաղաքացիական պատերազմի հետեւանք չէր ու չէր կրնար ըլլալ:

Հայահալած այս քաղաքականութեան որդեգրումը ինչպիսի՞ ցաւակցութեան ենթահող կրնայ հանդիսանալ:

Ցաւակցութիւնը քաղաքական խիզախ կեցուածքով  ու ոճիրներու սանձումով կ՛արտայայտուի միայն:

«Գ.»

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնակներ

Յաջորդը

Աւելի Քան 1500 Թորոնթոհայեր Մասնակցեցան Կարօ Փայլանի Հետ Հանդիպումին

RelatedPosts

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին
Անդրադարձ

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?