Յօդուածներ

Պայքար, Որ Պիտի  Յաղթական Աւարտ Ունենայ

Պայքար, Որ Պիտի Յաղթական Աւարտ Ունենայ

Բաց Նամակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին ԲԱԲԿԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ Շնորհազարդ վեհափառ Տէր, Այս օրերին ուշադրութեամբ հետեւում եմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմական նստավայր Սիսը իր իսկական տէրերին վերադարձնելուն վերաբերող` Եւրոդատարանին ուղղուած Ձեր արդար եւ հիմնաւորուած պահանջատիրութեանը եւ դրա շուրջ շարունակուող զարգացումներին: Ինձ հասկանալի եւ ընկալելի են Ձեր հիասթափութիւնը, վրդովմունքն ու վիրաւորանքը, քանզի քաջատեղեակ եմ, թէ հայրենանուէր ու ազգօգուտ ինչ...

Սարգիս Զէյթլեան Դաշնակցական Խմբագիրը, Գործիչը, Ղեկավարը

Սարգիս Զէյթլեան Դաշնակցական Խմբագիրը, Գործիչը, Ղեկավարը

ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ 1979-ին էր: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը հետզհետէ կը թէժանար: Ռազմական գործողութիւնները կը սպառնային նաեւ հայկական թաղերուն, որոնք ամէն գնով պէտք էր պաշտպանել` յաւելեալ թիւով տղաք պարտականութեան կանչելով, ինչ որ կ՛ենթադրէր ապահովում յաւելեալ զէնքի եւ զինամթերքի, որոնց ձեռքբերման անհրաժեշտ գումարը գոյացնելու աշխատանքը ԿԿ-ը վստահեցաւ պարոններ` Սուրէն Խանամիրեանէ, Ոսկեբերան Արզումանեանէ, Լեւոն Պէրպէրեանէ, Մասիս Ալեքսանդրեանէ եւ մեթր Վարդգէս Շամլեանէ կազմուած հանգանակիչ յանձնախումբի...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Նախագահը Հանդիպում Ունեցած Է Համաշխարհային Ճանաչում Ունեցող Հայ Գիտնականներու Հետ Նախագահ Սերժ Սարգսեան 6 նոյեմբերին  իր գրասենեակին մէջ ընդունած է համաշխարհային ճանաչում ունեցող գիտնականներ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամներ Եուրի Օգանէսեանը եւ Անի Աբրահամեանը, որոնք Երեւան եկած էին մասնակցելու համար նոյեմբեր 6-8 տեղի ունեցած Համահայկական գիտաժողովին: Երկու գիտնականները նաեւ պիտի մասնակցին  Ա. Ի. Ալիխանեանի անուան ազգային...

Պատմական.  Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

Պատմական. Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

Չոսին Ջրամբարի Կռիւները Եւ Սէուլի Գրաւումը Չինական Ու Հիւսիսքորէական Ուժերուն Կողմէ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մարինզներ Չոսին ջրամբարին մօտ Քորէայի հիւսիսային գօտիին մէջ, Չոնկչոն գետի ափերուն, 1950 նոյեմբերի վերջաւորութեան մղուած բուռն կռիւներէ ետք ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերը պաշտպանական նոր գիծեր հաստատեցին, իսկ չինացիք աշխատեցան կտրել ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերու ճանապարհները: Թրքական զօրագունդը զօրավար Թահսին Եազըճըի հրամանատարութեամբ կեդրոնացաւ Վավոն գիւղին շուրջ, կասեցնելու համար...

Ակնարկ.  Ռիատի «Չափաւորականութեան»  Թրքական Մեկնաբանումը

Ակնարկ. Ռիատի «Չափաւորականութեան» Թրքական Մեկնաբանումը

Ներսէուտական իրադարձութիւնները, Լիբանանի վարչապետին Ռիատ կանչուիլն ու այնտեղէն հնչած յանկարծակի հրաժարականով Լիբանանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը ստացած են ո՛չ միայն շրջանային, այլ նաեւ միջազգային հնչեղութիւն: Բացի այն իրողութենէն, որ այս նիւթերու մասին մեկնաբանական լրատուութիւնները արդէն քանի օրէ ի վեր կը զբաղեցնեն համաշխարհային լրատուամիջոցներու լուրերու առաջին հորիզոնականները, մէկ առ մէկ գերտէրութիւններու ներկայացուցիչները ստեղծուած ճգնաժամի շուտափոյթ լուծումի առաջադրանքը կը շեշտեն, հիմնականին մէջ գոնէ...

Տատրակ Կամ Մշոյ Գեղամ.   Վերահաս Աղէտի Մը Արթուն Դիտորդը*

Տատրակ Կամ Մշոյ Գեղամ. Վերահաս Աղէտի Մը Արթուն Դիտորդը

ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Վերահաս  Աղէտի Մը Արթուն Դիտորդը. Գրել`  Յիշատակագրելու Համար Իբրեւ Տարօնի գրագէտը` Գեղամ այդ հողին կապուած է կենդանի, մարմնեղէն կապով մը: Մանկութենէն ի վեր շրջած է ամէն կողմ. ունի անոր ամբողջական ճանաչումը: Տարօնը կը կազմէ բնական շրջանակը իր պատմուածքներուն, որոնց մէջ կ՛ոգեկոչէ անոր հրաշալի բնանկարները, անոր լեռներուն` Սիփանի, Նեմրութի եւ Պինկէօլի անտառներն ու լիճերը կենդանացնող առասպելները, մարդն ու...

Սարգիս Զէյթլեան Դաշնակցական Խմբագիրը, Գործիչը, Ղեկավարը

Սարգիս Զէյթլեան Դաշնակցական խմբագիրը, գործիչը, ղեկավարը

ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ Իբրեւ «Յուսաբեր»-ի խմբագրութեան անդամ, ընկ. Զէյթլեան դաշնակցական գործիչի իր մկրտութիւնը մամուլի բնագաւառին մէջ ստացած ըլլալով՝ բարձրօրէն կը հաւատար դաշնակցական մամուլի դերակատարութեան, ոչ միայն հայ հասարակութեան գաղափարական ու ազգային-քաղաքական ուղի ջամբելու տեսակէտէն, այլեւ՝ մեր մշակութային արժէքներու պահպանման ու զարգացման, ինչպէս նաեւ հայերէն լեզուամտածողութեան ճշգրիտ կիրարկման գծով: Քաջ գիտէր, որ Դաշնակցութեան գաղափարական ու քաղաքական գիծերու անշեղ պահպանումը մամուլին ու մամլոյ...

Պաշտպանութեան Վարդապետութիւնը

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Պատերազմի մէջ գտնուող երկիր մը չի կրնար իր պաշտպանական ուժը սոսկ ռազմական տեսանկիւնէ գնահատել: Մեր հայրենիքի պայմաններուն մէջ գտնուող երկրի մը ղեկավարները պարտաւոր են զինուորագրուիլ պաշտպանութեան վարդապետութեան մը, որ նկատի կ՛առնէ ազգի ամբողջական ներուժի օգտագործումը: Ազգի ամբողջական ներուժին տիրապետելու համար իշխանութեան գլուխ կանգնողները պարտաւոր են երկրին մէջ ստեղծել բարոյահոգեբանական այնպիսի՛ մթնոլորտ մը, որ հայրենիքի պաշտպանութեան գործը դառնայ բոլո՛ր...

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Սեւ-­Քա­րե­ցի ­Սա­գօ (­Ծո­վա­նեան ­Սար­գիս, 1870-1908). ­Ֆե­տա­յա­կան Շարժ­ման դաշ­նակ­ցա­կան նա­խա­կա­րա­պետ­նե­րուն ա­ռինք­նող դէմ­քը

Ն. Պ. Նո­յեմ­բեր 13ի այս օ­րը կ­’ո­գե­կո­չենք ան­մեռ յի­շա­տա­կը մեր ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին ա­մէ­նէն ա­ռինք­նող դէմ­քե­րէն՝ 19րդ ­դա­րա­վեր­ջին թափ ա­ռած հա­յոց ­Ֆե­տա­յա­կան ­Շարժ­ման ան­կեղծ զի­նո­ւո­րի անն­կուն նա­խա­կա­րա­պետ­նե­րէն Սեւ-­Քա­րե­ցի ­Սա­գո­յի։ Սեւ-­Քա­րե­ցի ­Սա­գօ ա­ռաս­պե­լա­տիպ ֆե­տա­յիի ա­ւանդ կտա­կեց հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն՝ ­Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ծնուն­դը հու­նա­ւո­րող ­Սար­գիս ­Կու­կու­նեա­նի ար­շա­ւա­խում­բին իր մաս­նակ­ցու­թե­նէն (քսան տա­րե­կա­նին) մին­չեւ ­Տա­րօ­նի մէջ 1898ի իր ձեր­բա­կա­լու­թիւ­նը ու ե­րեք տա­րո­ւան բան­տար­կու­թիւ­նը թրքա­կան...

Խմբագրական «Վէմ»-ի. – Հայաստան-Քրտստան. Բանտարկուած Հարեւանութիւն

Խմբագրական «Վէմ»-ի. – Հայաստան-Քրտստան. Բանտարկուած Հարեւանութիւն

Բանալի բառեր. Իրաքեան Քիւրտիստան, Արեւելեան հարց, Հայկական հարց, քրտական հարց, Սեւրի պայմանագիր, Հոյպուն, Ապտիւլլա Օճալան, Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւն, Ժողովուրդների դեմոկրատական կուսակցութիւն, Ուիլսընեան Հայաստան: Իրաքեան Քիւրտիստանի սեպտեմբերի 25-ի հանրաքուէով սկիզբ առած խոր յեղաբեկումները վերջին ամիսներին մեր տարածաշրջանում արձանագրուող աշխարհաքաղաքական լուրջ փոփոխութիւնների առաջին ծիծեռնակներն են: Ծաւալուող գործընթացների հիմքում ընկած են ինչպէս տարածաշրջանի որոշ երկրների ընթացիկ-քաղաքական հաշուարկները, այնպէս էլ ողջ Մերձաւոր-Միջին Արեւելքի վերաձեւման...

Թաթուլ Հաճեան Փրակայի Մէջ Նուաճեց Եւրոպական «Քրիսթալ Սթար» Միջազգային Երաժշտական Փառատօնին Բաժակը

Թաթուլ Հաճեան Փրակայի Մէջ Նուաճեց Եւրոպական «Քրիսթալ Սթար» Միջազգային Երաժշտական Փառատօնին Բաժակը

2-3 նոյեմբեր 2017-ին Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական 13-րդ «Քրիսթալ սթար» միջազգային երաժշտական, պարի եւ թատերական փառատօնը: Թաթուլ Հաճեան (կիթառ) ներկայացուց Հայաստանը` գեղարուեստական ղեկավար ունենալով Արմանտօ Ղուկասեանը: Թաթուլ վարպետօրէն կատարեց Տոմենիքօ Սքարլաթիի «Սոնաթա K239» եւ Վիչենթէ Ասենչոյի «La Frisanca» բարդ ստեղծագործութիւնները: Եւրոպայէն` Գերմանիա, Սլովենիա, Ուքրանիա, Ռուսիա, Իտալիա եւ այլ երկիրներէ իրենց մասնակցութիւնը բերին թիւով 37 կատարողներ: Յուրախութիւն տայ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Պարը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պարը

ԱՆԻ ԱՊԱՃԵԱՆ Եւ անընդհատ պարեցին Բոլորաձեւ եւ ուղիղ Կեանքի պարը հեշտագին: Երազկոտ, անջատուած ամբոխէն Իրարու հետ պինդ, ուրախ, Մօտ ու հեռու հայեացքներէ: Սրտի զարկերը զուգահեռ կ՛ընթանան Երգի լարերուն: Ամբոխը լարուած մեքենայ, Ցնծութեան կանչերով Կը թնդացնէ սրահը շարժուն Մինչ անոնք կը ձուլուին դանդաղօրէն... 2017    

Թաւրիզի Հայագիտական Առաջին Գիտաժողովը

Թաւրիզի Հայագիտական Առաջին Գիտաժողովը

ԹԵՀՐԱՆ («Ալիք»). Ատրպատականի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած Հայագիտական Ա. գիտաժողովի վերջին եւ եզրափակիչ նիստը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 16 հոկտեմբեր 2017-ին, Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայի հրաշակերտ վանքին մէջ: Գիտաժողովին մասնակից հայագէտները, որոնք գիտաժողովի առաջին օրն անցուցած էին  Ազգային առաջնորդարանի «Համազասպ Ոսկանեան» սրահին մէջ, շաբաթ եւ կիրակի օրերու ընթացքին առիթ ունեցած էին այցելելու Ատրպատականի պատմական թեմի փառքը կազմող վանքերը` Ս....

Պաշտօնական Վերամուտ` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի

Պաշտօնական Վերամուտ` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի 2017-2018 տարեշրջանի պաշտօնական վերամուտը տեղի ունեցաւ կիրակի, 29 հոկտեմբեր 2017-ին: Արդարեւ, կիրակի կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին մասնաճիւղի բոլոր խումբերը, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, տողանցեցին Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղերուն մէջ: Պուրճ Համուտի փողոցներէն Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ տողանցող ՀՄԸՄ-ականները կատարեցին դրօշակի արարողութիւն ու բացուած յայտարարեցին վերամուտն ու օրուան հանդիսութիւնը: Դրօշակի արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ աստիճանատուչութիւն: Արարողութեան...

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Միսաք Թորլաքեան (1888-1968). Հայկական Նեմեսիսի անվեհեր բազուկը եւ Դաշնակցական ահաբեկիչի պայծառ դէմքը

Ն. Պ. Հայ ժողովուրդի հերոսական ծնունդներու անմոռանալի փաղանգին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Միսաք Թորլաքեան, որուն մահուան տարելիցն է այսօր` Նոյեմբեր 12: 12 Նոյեմբեր 1968ին, Քալիֆորնիոյ մէջ, ութսուն տարեկան հասակին, առյաւէտ փակուեցան ցաւատանջ աչքերը Ազգային Հերոսին: Ցաւատանջ աչքեր՝ որոնք մանուկ տարիքէն զարհուրանքով տեսած էին ե՛ւ Համիտեան կոտորածները, ե՛ւ 1915ին թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրը, ե՛ւ հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի...

Տատրակ Կամ Մշոյ Գեղամ.   Վերահաս Աղէտի Մը Արթուն Դիտորդը*

Տատրակ Կամ Մշոյ Գեղամ. Վերահաս Աղէտի Մը Արթուն Դիտորդը

Գեղամի հետեւեալ կենդանագիրը կը պարտինք ֆետայի եւ քաղաքական գործիչ Ռուբէնին (1881-1951) 55, որ 1906-1908 պատասխանատուութիւններ ստանձնած է Գեղամին հետ. Ան հին յեղափոխական էր, բայց մարտական գործիչներէն տարբեր հայեացքներ ունէր, Հրայրի նման զգուշ էր ու կողմնակից` խաղաղ միջոցներու: Ան մեծ յոյս ունէր եւրոպական պետութեանց միջամտութեան վրայ ու կը հաւատար հասնիլ բարենորոգումներու իրագործման` առանց ըմբոստութեան ու արիւնահեղութեան: Ան կանգնած էր յեղափոխութեան ու...

Սարգիս Զէյթլեան Դաշնակցական Խմբագիրը, Գործիչը, Ղեկավարը

Սարգիս Զէյթլեան Դաշնակցական Խմբագիրը, Գործիչը, Ղեկավարը

ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ Ընկ. Զէյթլեան կը հաւատար, որ լիբանանահայ գաղութը իր դրուածքով կրնար յատուկ դերակատարութիւն ունենալ սփիւռքահայ միւս գաղութներու կազմակերպական ու Հայ դատի պահանջատիրական աշխատանքներուն մէջ` մասնաւորաբար գաղութներու կրթական, մամուլի, վարչական եւ այլ բնագաւառներէ ներս մարդուժ տրամադրելով: Այդ համոզումով ալ աշխատանքի լծուեցաւ: Իր հերթապահութեան օրով «Ազդակ»-ը օժտուեցաւ նոր տնօրէնով` Երուանդ Փամպուքեան: Խմբագրութեան միացաւ Պօղոս Սնապեանը: Աշխատանքի հրաւիրուեցան երիտասարդ աշխատակիցներ, ու թերթը...

Օրերուն Հետ.  Ազգային Ընդհանուր Ժողովին Առիթով

Օրերուն Հետ. Ազգային Ընդհանուր Ժողովին Առիթով

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Դեկտեմբեր 5-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ  պիտի գումարուի Ազգային ընդհանուր ժողով` քննելու համար թեմական հարցեր. ժողովը նաեւ  լուսարձակի տակ պիտի առնէ հայօճախները յուզող այլազան խնդիրներ: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վարչական ու հոգեւոր հովանին վայելող թեմերու երեսփոխանական ժողովները հայօճախներու ընդհանրական հարցերով զբաղա՞ծ են եւ պատգամաւորները համապատասխան եզրակացութիւններով զինուա՞ծ պիտի ներկայանան հոն, թէ՞ ոչ, չենք գիտեր: Գիտենք սակայն, որ բոլոր շրջաններն ալ քիչ-շատ...

Ազգը Միացնող Քայլերու Ակնկալութեամբ (Չարտասանուած Խօսք`  Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովին)

Հայաստանեան Խճանկար

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Երեւանի Աղբը Լիբանանեան Ընկերութիւն Մը Կը Հաւաքէ Գիւղատնտես Ֆետի Ասսաֆն ու իր կինը առաջին անգամն է, որ Հայաստան կ՛այցելեն: Հիացած են Հայաստանով: Տեսած են` Խոր Վիրապը, Նորավանքը, Արենիի քարայրը, Տաթեւի ճոպանուղին եւ վանքը, Գեղարդի վանական համալիրը, Սեւանը, Գօշավանքը, Հաղարծինը եւ Դիլիջանի «դրախտ»-ը: Շրջած են նաեւ քաղաքամայր Երեւանի մէջ եւ հիացած` քաղաքի երթեւեկի կանոնաւորութեամբ, ապահովութեամբ ու մաքրութեամբ: Երբ իր...

Թաւրիզի Հայագիտական Առաջին Վեհաժողովը

Թաւրիզի Հայագիտական Առաջին Վեհաժողովը

Թեհրան («Ալիք»). Ատրպատականի Ազգային առաջնորդարանը կը տեղեկացնէ, որ  ուրբաթ, 13 հոկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին Ատրպատականի Ազգային առաջնորդարանի «Համազասպ Ոսկանեան» սրահին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Թաւրիզի հայագիտական առաջին գիտաժողովին հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ թեմակալ առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ կազմակերպութեամբ Թեմական խորհուրդին: Տարբեր երկիրներէն ժամանած օտար հայագէտներ կը մասնակցէին սոյն գիտաժողովին հայագիտութեան կալուածը շօշափող այլազան նիւթերով` հայկական ձեռագրագիտութիւն, պատմութիւն, վաւերագրութիւն, ազգագրութիւն,...

Page 756 of 1110 1 … 755 756 757 … 1,110

Արխիւներ