Յօդուածներ

«Որ Ոչ Լուիցէ Ունկամբ` Լուիցէ Թիկամբ» (1)

Յ. ԱԴԱՄԵԱՆ Երիտասարդութիւնը ազգի մը շարժիչն է, եւ առանց անոր աշխուժ ներկայութեան` ազգ մը կամ հաւաքականութիւն մը գիտակցօրէն պէտք է պատրաստուի կնքելու իր մահկանացուն: Քաղաքականացած երիտասարդութիւն ունենալը նախապայմանն է աշխուժ երիտասարդութիւն պատրաստելու: Իսկ քաղաքականացած երիտասարդ ունենալու համար պէտք է պատրաստել բարոյականի տէր երիտասարդութիւն մը: Երկրագործութիւնը, որ աշխարհի հնագոյն արհեստներէն է, մարդկութեան տուած է փաստացի եւ լաւ օրինակներ, որոնցմէ մէկը նոյնիսկ...

Ակնարկ` Քեմալականութիւնը Կը Փոխարինուի Էրտողանականութեամբ

ՑՈԼՔ - Ի՞նչ է քեմալականութիւնը: Աթաթուրքի հաստատած քեմալականութիւնը կարելի է խտացնել 6 գաղափարներու մէջ. 1.- Հանրապետականութիւն, որ փոխարինեց Օսմանեան կայսրութեան խալիֆայական դրութիւնը, 2.- Ժողովրդականութիւն, որուն միջոցով ժողովուրդը եղաւ քաղաքացի` ձերբազատելով մենիշխանական սուլթաններէ, կրօնաւորներու իշխանութենէն եւ ցեղախմբային դրութենէն, 3.- Ազգայնականութիւն, որուն միջոցով թուրք ցեղին կը պատկանին բոլոր անոնք, որոնք Թուրքիոյ քաղաքացի են, 4.- Աշխարհականութիւն, որ կ’արգիլէ կրօնական միջամտութիւններ` պետական եւ կառավարական...

Կարդալով Յարութիւն Թորոսեանի «Անկարելի Սէր» Յուշագրական Սիրավէպը

Կարդալով Յարութիւն Թորոսեանի «Անկարելի Սէր» Յուշագրական Սիրավէպը

ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Ամէն անգամ որ մտնեմ «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, պահ մը կանգ կ՛առնեմ պատէն կախուած Յարութիւն Թորոսեանի կտաւին առջեւ: Հոն գտնուող խմբագիրները վարժուած են արդէն, որ անպայման հիացումս պիտի արտայայտեմ, եւ մտիկ կ՛ընեն առաջին անգամ լսած ըլլալու ներողամիտ ժպիտով: Քանի մը օր առաջ գեղանկարը տեղը չէր: Պարզուեցաւ, որ պատին նորոգութեան պատճառով ան վար առնուած էր: Առիթ եղաւ կարդալու ետեւի գրութիւնը` «Փողոցի...

Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանն Ու Թուրքերը

Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանն Ու Թուրքերը

ԱՆԱՀԻՏ ՊԱԼԵԱՆ Մոնրէալի աշխուժ համազգայնականներէն Տիրուկ Մանճիկեանը, որ կը համադրէ «Թէյ, սուրճ եւ կարծիքներ» ակումբի երեկոները, հետաքրքրական նիւթերով իր շուրջ կը համախմբէ մշակութասէր հանրութիւն մը: Ան չորեքշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ առիթ ընծայեց, որ մոնրէալահայեր ծանօթանան լիբանանցի հռչակաւոր մտաւորական Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանին: Երեկոն ընթացք առաւ Համազգայինի Մոնրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի ատենապետ Թամար Շահինեանի բացման խօսքով:...

Վանայ Լիճին Յատակը Ուրարտական Ամրոց Կը Յայտնաբերուի

Վանայ Լիճին Յատակը Ուրարտական Ամրոց Կը Յայտնաբերուի

«ՍՓՈՒԹՆԻՔ ԱՐՄԷՆԻԱ».-Հայկական հին լեռնաշխարհի մարգարիտին` Վանայ լիճին յատակը վերջերս յայտնաբերուած էր ամրոց մը, որ ամենայն հաւանականութեամբ կը պատկանի ուրարտական ժամանակաշրջանին: Պատմական ամրոցը ունի մօտաւորապէս 3000 տարուան պատմութիւն: 6000 տարուան պատմութիւն ունեցող Վանայ լիճին մակարդակը պատմական որոշ ժամանակաշրջանի մը բաւական իջած է, եւ մարդիկ հոն կառուցած են զանազան շինութիւններ: Աւելի ուշ, երբ ջուրին մակարդակը դարձեալ բարձրացած է, բնակչութիւնը ետ քաշուած է,...

Փեքինի Մէջ` Արքայական Ընդունելութիւն Թրամփի, Բայց…

Փեքինի Մէջ` Արքայական Ընդունելութիւն Թրամփի, Բայց…

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր կնոջ հետ Փեքինի մէջ արժանացաւ արքայական ընդունելութեան եւ հիւրասիրութեան, սակայն, ինչպէս միջազգային մեկնաբաններ կը նշեն, գործնական գետնի վրայ նուաճում մը չարձանագրեց: Յաճախ կը պատահի, որ ղեկավարներու այցելութիւնները եւ հանդիպումները աւելի քարոզչական, քան առարկայական, գործնական բնոյթ ունենան: Այս պարագային աշխարհի ամէնէն հզօր երկու ղեկավարները նկատուող Թրամփ եւ Ցզինփին, ըստ երեւոյթին, այլ հաշիւներ...

Երկու Խօսք

«Ժողովուրդի Թշնամին»

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ 2017-2018 թատերական տարեշրջանի բացումը կատարեց Համազգայինի «Գասպար Իփեկեան» թատերախումբը` բեմադրութեամբ Սուրէն Խտըշեանի Հենրիք Իբսենի «Ժողովուրդի թշնամին» թատերախաղով` թարգմանութեամբ Լեւոն Շանթի: Մեր օրերուն, երբ բոլոր արժեչափերը խախտած են, եւ մարդիկ ժողովրդավարութեան եւ հանդուրժողութեան անունով աղէտներ կը գործեն, նման ներկայացում մը հանդիսատեսին հրամցնելը կրկնակի արժէք ունի: Պէտք է ըսել, որ վերջին տարիներուն Համազգայինի «Գասպար Իփեկեան» թատերախումբի վարչութեան երիտասարդ տարբեր բեմադրիչներով...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Նախաձեռնութեամբ` Առողջապահական Դասախօսութիւններ

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Նախաձեռնութեամբ` Առողջապահական Դասախօսութիւններ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ արդէն ընթացք առած են տարբեր նիւթերով օգտաշատ դասախօսութիւնները: «Հերաթափութիւն եւ մորթի փոփոխութիւններ» Չորեքշաբթի, 1 նոյեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ «Հերաթափութիւն եւ մորթի փոփոխութիւններ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց տոքթ. Քարլոս Եունես: Բացման խօսքը ներկայացուց առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Դանիոյ Լուտերական Եկեղեցին Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Դանիոյ Լուտերական Եկեղեցին Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը

Շաբաթ, 11 նոյեմբեր 2017-ին, Արամ Ա. հայրապետը ընդունեց Դանիոյ Լուտերական եկեղեցին ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Քսան անձերէ բաղկացած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` հոգեւորականներ, համալսարանի դասախօսներ եւ եկեղեցւոյ զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներ: Հանդիպումին պատուիրակութեան խօսնակը ուրախութիւն յայտնեց Դանիոյ ժողովուրդին ու յատկապէս անոր եկեղեցւոյն համար սիրելի եկեղեցական կեդրոնի մը մէջ գտնուելուն համար: Ան յիշեց պատմական սերտ կապերը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Դանիոյ Լուտերական...

«Մենք Այսօր Ամէն Տեղ Պէտք Ունինք Հայ Երիտասարդութեան Գործօ՛Ն Ներկայութեան, Ձայնի՛ն, Մասնակցութեա՛ն».  Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Մենք Այսօր Ամէն Տեղ Պէտք Ունինք Հայ Երիտասարդութեան Գործօ՛Ն Ներկայութեան, Ձայնի՛ն, Մասնակցութեա՛ն». Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումին, ուրբաթ, 3 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ համալսարանականներու հունձքին 2016-2017 կրթական տարեշրջանին գնահատանքի երեկոն: Այս առիթով իր արտասանած պատգամին մէջ հայրապետը բարձր գնահատեց ձեռնարկը եւ ուսանողներուն յաջողութիւնը` զայն նկատելով ոչ միայն անհատական յաջողութիւն, այլ նաեւ` գաղութին յաղթանակը: Նորին սրբութիւնը ընդգծեց, որ ուսանիլը...

Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Աշակերտութիւնը Այցելեց Լիբանանի Նախագահական Պալատ

Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Աշակերտութիւնը Այցելեց Լիբանանի Նախագահական Պալատ

Երկուշաբթի, 13 նոյեմբեր 2017-ի առաւօտեան Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի միջնակարգ եւ երկրորդական դասարաններու աշակերտները իրենց դաստիարակներուն եւ վարժարանի տնօրէնին հետ ուղղուեցան Պաապտա` այցելելու Լիբանանի նախագահական պալատ: Այցելութիւնը, որ անակնկալ էր աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին համար, կազմակերպուած էր Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով: Աշակերտները առիթ ունեցան շրջելու եւ ծանօթանալու նախագահական պալատի տարբեր բաժանմունքներուն: Աշակերտները այցելեցին նաեւ կառավարութեան ժողովասրահ, ուր անոնց առիթ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Ո՛չ, Երազ Չէ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ո՛չ, Երազ Չէ

ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ Դարերէ ի վեր հայը կ՛երազէր ունենալ ազատ հայրենիք մը, կը պաշտէր հողը, ուր կ՛ուզէր ապրիլ խաղաղ, շինել, ստեղծել եւ ոչ ոքի ենթարկուիլ: Ահա հայուն էութիւնը` Հայկ նահապետէն ի վեր: Բայց բախտը միշտ դաւաճանած է իրեն ու բաժինը հանած` ցաւ ու լաց, քանդում եւ սպանութիւն. սրտին մէջ կարօտ կեանքին` միշտ երազելով, թէ ե՛րբ ազգին զաւակները մէկ ուժ ու մէկ...

Խմբագրական.  Ընթացակարգային Եւ Քաղաքական  Բնոյթի Հարցադրումներ

Խմբագրական. Ընթացակարգային Եւ Քաղաքական Բնոյթի Հարցադրումներ

Պաշտօնական Ռիատի առած քայլին հետեւանքները կը թուի, որ երկարատեւ դրոյթ ունին: Օրերու թաւալումը աւելիով կը համոզէ, որ տասը օր առաջ հրաժարական ներկայացուցած Լիբանանի վարչապետին տունդարձը, հակառակ յայտարարութիւններուն եւ պահանջներուն, մօտալուտ չէ, ինչ որ իր հերթին դուռ կը բանայ անմիջական պատասխաններ սպասող հարցադրումներու: Քաղաքական հետեւեալ բեմագրութիւններուն կրնանք ականատես ըլլալ: Առաջին. վարչապետը, հիմնուելով իր կեանքի սպառնալիքի գոյութեան մասին կատարած յայտարարութեան վրայ, կ՛առկախէ...

Տատրակ Կամ Մշոյ Գեղամ.   Վերահաս Աղէտի Մը Արթուն Դիտորդը*

Տատրակ Կամ Մշոյ Գեղամ. Վերահաս Աղէտի Մը Արթուն Դիտորդը

ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Գեղամ իրաւաբան ալ չէ, սակայն կ՛ուսումնասիրէ մահմետական կրօնին ու օսմանեան արդարադատութեան սկզբունքները` փորձելով բացատրել հողային սեփականութեան հարցը: Օսմանեան կայսրութեան մէջ ամԷնուր սեփականութիւնը կը հաստատուի պետութեան կողմէ երաշխաւորուած թափուով 114: Հոն, ուր չկայ նման փաստաթուղթ, հողը կը «պատկանի» անոնց, որոնք ժառանգած են զայն, մշակած են ու հարկ վճարած` անոր համար: Արեւելեան վիլայէթներու մէջ հողային հարցը կը բացատրուի մէկ...

Երկու Խօսք

«Ազդակ»-ի 90-Ամեակին Առիթով. Դաշնակցական Համեստ Ընկերոջ Յիշատակին

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Ընդհանրապէս յուշարձանները կը նուիրուին հերոսներու, մտաւորականներու, գործիչներու, քաղաքական եւ կուսակցական անձնաւորութիւններու: «Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով «Ազդակ»-ի խմբագրութեան հետ խորհրդակցաբար եւ պատկան մարմիններու արտօնութեամբ, Պուրճ Համուտի կեդրոններէն մէկուն առջեւ զետեղուեցաւ «Ազդակ»-ի աւելի քան տասնեակ տարիներու ցրուիչ, մինչեւ իր մահուան նախօրեակին պարտականութեան գիտակցութեամբ գործը կատարած Ափոլլոյին (Սարգիս Տուտագլեան) արձանը: Այս քայլը կրկնակի իմաստ ունի: Դաշնակցական համեստ գործիչը անմահացնելու եւ անոր ընդմէջէն...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Տեսակէտ. «Մոնսանթօ». Չարիք Մը, Որ Հիմա Եւ Ընդմիշտ Դուրս Պէտք Է Մնայ Հայաստանէն

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Նոյեմբեր 1-ին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Երեւանի մէջ կազմակերպած էր խորհրդաժողով մը, որ նպատակ ունէր ներդրումներ կատարել հայաստանեան գիւղատնտեսական մարզին մէջ: Ամերիկեան դեսպանատունը Հայաստանին ներկայացուց «Մոնսանթօ» ընկերութիւնը, որպէսզի ներդրումներ կատարէ յիշեալ մարզին մէջ: «Մոնսանթօ»-ն ամերիկեան համաշխարհային ընկերութիւն մըն է, որուն գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Միզուրի նահանգին մէջ: «Մոնսանթօ»-ն կը զբաղի սերմացուի եւ բուսական աշխարհի ծինային...

Մաշկերտցի Միրաքեանների Պատմութիւնը

Մաշկերտցի Միրաքեանների Պատմութիւնը

ՅՈՎՍԷՓ ՀԱՅՐԵՆԻ Արաբկիրի հայկական գիւղերից մէկում` Մաշկերտում տեղի ունեցած դէպքերի մասին տեղեկութիւններ ենք գտնում Աննա Միրաքեանի յուշագրութեան մէջ: Միրաքեան ազգանունը պէտք է որ կապ ունենայ Տէրսիմում յայտնի հայկական աշիրեթի հետ: Տէրսիմի ներքին շրջաններից դէպի Չարսանճաքի գիւղեր եւ Քըղիի կողմեր ցրուած Միրաքեանների նման որոշ ընտանիքներ եւս, հաւանական է, որ եկած լինեն Արաբկիրի գիւղեր: Աննա Միրաքեանը, ով նոյն գիւղի Գոգիգեան ընտանիքի աղջիկ...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Հայաստանի Մասին Խօսի՞լ, Խանդավառուի՞լ, Թէ՞ Տէր Ըլլալ Եւ` Հզօրացման Ծառայ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ամառը աւարտած է: Զբօսաշրջային արձակուրդը, համաժողովները եւ համագումարները վերջ գտած են: Հայաստան իր առօրեային մէջ է, աշխատանք, կեանքի դժուարութիւններ, սահմանի պաշտպանութեան մտահոգութիւն, երբեմն ալ` թշնամիի կոյր գնդակի զոհ գարուն կեանք մը: Ամէն գոյնի զբօսաշրջիկները, հայրենասիրութեամբ բաբախողներ եւ հոն կանգ առնողներ, իրենք իրենց փրկարարի հռոմէացի ծերակուտականի պարեգօտ շնորհած իմաստուններ եւ դրամատէրեր` վերադարձած են իրենց աշխարհները, իրենց առօրեայի հայրենիքները, վերագտնելու...

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեան (1882-1918). Ա­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան կեր­տու­մին զո­հա­բե­րո­ւած ա­խո­յեա­նը

Ն. Պ. Նո­յեմ­բե­րի այս օ­րե­րուն, 1918 թո­ւա­կա­նին, նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նը ծանր ցնցու­մի եւ խոր սու­գի մէջ էր։ Նո­յեմ­բե­րի 14ին (նո­րա­յայտ տո­ւեալ­նե­րով՝ ամ­սու 11ին), եղ­բայ­րաս­պան փամ­փուշ­տի զոհ գնաց վար­չա­պետ Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան գլխա­ւոր դէմ­քե­րէն՝ աշ­խա­տան­քի եւ հան­րա­յին խնա­մա­տա­րու­թեան նա­խա­րար ­Խա­չա­տուր Կար­ճի­կեան։ Նո­րաս­տեղծ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան երկ­րորդ՝ Յ. Քաջազնունիի հա­մախմ­բա­կան (կոա­լի­սիոն) կա­ռա­վա­րու­թեան ժա­մա­նակ էր։ Խ­նա­մա­տա­րու­թեան նա­խա­րա­րի իր ա­ռանձ­նա­սե­նեա­կին մէջ, գրա­սե­ղա­նի ե­տին...

Տատրակ Կամ Մշոյ Գեղամ.   Վերահաս Աղէտի Մը Արթուն Դիտորդը*

Տատրակ Կամ Մշոյ Գեղամ. Վերահաս Աղէտի Մը Արթուն Դիտորդը

ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Բարբառ, Լեզու, Մշակոյթ Դասուած «գաւառագիր» հեղինակներու` Թլկատինցիի եւ Ռուբէն Զարդարեանի 100 կողքին, Գեղամ նկարագրած է հայ կեանքը` արեւելեան Անատոլուի հեռաւոր նահանգներուն մէջ` օգտագործելով բարբառային արձակ մը 101, 1889-էն սկսեալ: Տարօնի բարբառը արդէն իսկ գրաւած էր հայ լեզուագէտներու ուշադրութիւնը եւ ծնունդ տուած` կարգ մը ուսումնասիրութիւններու եւ հրատարակութիւններու, ինչպէս, օրինակ`  հանրայայտ Հրաչեայ Աճառեանի աշխատութիւնները 102: Սակայն այս լեզուագէտները առաւելաբար...

Page 755 of 1110 1 … 754 755 756 … 1,110

Արխիւներ