Յօդուածներ

Բանավէճ` Կարօ Փայլանի Եւ Թուրքիոյ Վարչապետի Օգնականին Միջեւ

Բանավէճ` Կարօ Փայլանի Եւ Թուրքիոյ Վարչապետի Օգնականին Միջեւ

«ԱԿՕՍ», Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան բանավէճ մը ունեցած է վարչապետի օգնական Հաքան Չաւուշօղլուի հետ: Ի միջի այլոց, Փայլան առարկած է 2018-ի պետական ամավարկի քննարկումներուն ընթացքին վարչապետի օգնականին այն յայտարարութեան, թէ` երկրի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները «մեր կողմէ երաշխաւորուած աւանդներ են» խօսքին: Վարչապետի օգնական Չաւուշօղլու ըսած է. «Երկրին մէջ մնացած փոքրամասնութիւնները մեզի աւանդ են: Պոլիս բնակող փոքրամասնութիւնները աւանդ են մեր պետութեան,...

Տատրակ Կամ Մշոյ Գեղամ.   Վերահաս Աղէտի Մը Արթուն Դիտորդը*

Տատրակ Կամ Մշոյ Գեղամ. Վերահաս Աղէտի Մը Արթուն Դիտորդը

ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Տարօնի Հայ Յեղափոխականը Դժուար է ըսել, թէ Գեղամ ճիշդ ո՛ր թուականին միացած է ՀՅԴ-ին, քանի նոյնքան դժուար է յստակօրէն նշել, թէ ՀՅԴ ո՛ր թուականին հիմնած է իր կանոնաւոր կազմակերպական կառոյցը հայ ժողովուրդի առասպելական այս օրրանին` Տարօնի մէջ, ուր ժամանակին իշխած են Մամիկոնեաններն ու Բագրատունիները: Գիտենք, որ Պերլինի դաշնագիրի (1878) չիրագործուած խոստումներու հետեւանք յուսախաբութիւններն են, որ հայ երիտասարդութիւնը...

Երկու Խօսք

Տեսակէտ. Խենթ Ղեկավարներու Փառատօն

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Վերջին յօդուածիս մէջ ակնարկած էի մնայուն ղեկավար մնալու բարդոյթի հարցը: Ղեկավարներու անուններ նշած էի, եւ բոլորն ալ անխտիր իրենց խօսքով եւ գործով անցնող շաբաթներուն հաստատեցին գրածս: Այս շաբաթ, բարդոյթին կողքին, աւելցաւ խենթ ածականը: Իսկապէս անգամ մը դիտեցէք մեր շուրջը գտնուող ղեկավարներու արտաքին, ֆիզիքական, հոգեկան, մտաւոր, կենցաղային եւ գործնական քայլերը: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր իշխանութեան առաջին օրէն քանի՜...

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Սարգիս Զէյթլեան Դաշնակցական Խմբագիրը, Գործիչը, Ղեկավարը

ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ Մարտի ամպամած ցուրտ օր մըն էր, խենթ քամի մը կը փչէր, երբ երեկոյեան գործէս վերադարձայ: Հազիւ տուն մտած` հեռաձայնը հնչեց: Մայրս էր, հարց կու տար, թէ այդ օր առաւօտ Պուրճ Համուտի մէջ պատահած ոճիրին տեղեա՞կ էի, արդեօք յաւելեալ մանրամասնութիւններ ունէի՞, թէ հօրաքրոջ թոռը` Պուրճ Համուտի ծանօթ գոհարավաճառ Հրանդ Քիւրքճեանը իր գործատեղիին մէջ սպաննուած էր: Պատասխանեցի, որ պատահած ոճիրէն...

Դոկտ. Նորա Արիսեան Ձեռք Ձգած Է  Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց  Եկեղեցւոյ Նորագոյն Լուսանկարները

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Նոյեմբեր Բ. – Տէր Զօրի Պատգամը

3 նոյեմբերին Սուրիոյ բանակն ու դաշնակից ուժերը վերջնականապէս ազատագրեցին սուրիական անապատին մէջ դիմադրողականութեան ու վերածնունդի խորհրդանիշ դարձած Տէր Զօր քաղաքը: Այս յաղթանակը Սուրիոյ ժողովուրդի կեանքին մէջ անկիւնադարձ մը հանդիսացաւ` քանի մը պատճառներով. Այստեղ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ամենավտանգաւոր թաքստոցը մէկանգամընդմիշտ ոչնչացաւ, իսկ օրեր անց անոնց վերջին որջը` Պուքամալը եւս ազատագրուեցաւ ու ՏԱՀԵՇ խարխափած նահանջեց` թալանիչ իր թաթը քաշելով Սուրիոյ քարիւղի հանքերէն ու...

Քեսապ Եւ Քեսապցիք. Երրորդ Տեղահանութեան Երրորդ Տարեդարձ

Իրաքի Քիւրտիստանի Անկախութեան Հանրաքուէի Փորձը

ԿԱՐՕ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի հանրաքուէն իրականանալէն ետք, կարծէք, ժամանակի թաւալումը արագացաւ: Սուրիոյ եօթնամեայ տագնապին վերջին երկու- երեք տարիներուն շաբաթական հերթականութեամբ յիշուեցաւ քիւրտերու եւ կամ անոնց զինուած կազմակերպութիւններուն մասնակցութիւնը այդ պատերազմին Սուրիոյ` Թուրքիոյ հետ սահմանամերձ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ, ուր կարգ մը գիւղերու կամ քաղաքներու մէջ անոնք համեմատական մեծամասնութիւն կը կազմէին (համեմատական բառը կ՛ուզեմ շեշտել եւ ընդգծել): Ասոր զուգահեռ, Իրաքի...

Մեսրոպեան Ուղղագրութիւնը Ու Մեր Լեզուն

Մեսրոպեան Ուղղագրութիւնը Ու Մեր Լեզուն

ՆԱՅԻՐԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Գաղտնիք չէ, որ հայութիւնը աշխարհի ամենահին ազգերից մին է: Հազարաւոր ու հազարաւոր տարիների ընթացքում, մենք պատերազմ ենք մղել, կայսրութիւն ենք ունեցել եւ քրիստոնէութիւն ենք պահպանել: Մեր դարաւոր պատմութեան մէջ շատ են եղել նաեւ ժամանակներ, երբ ասպատակող թշնամիները փորձել են մեզ ընկճել ու ձուլել՝ հայ ու Հայաստան չլինելու դիւային նպատակով: Ի՞նչն է եղել մեր գոյատեւման գաղտնիքը: Այդ առեղծուածը պէտք...

Տատրակ Կամ Մշոյ Գեղամ.   Վերահաս Աղէտի Մը Արթուն Դիտորդը*

Տատրակ Կամ Մշոյ Գեղամ. Վերահաս Աղէտի Մը Արթուն Դիտորդը

ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Այն` Ինչ Չեղաւ Ղեկավարի Մը Մանկութիւնը Գեղամ Տէր Կարապետեան ծնած է 1866-ին,(15) Մշոյ դաշտի Խէյպիան գիւղը, որ կը գտնուի Արածանիի կամ Արեւելեան Եփրատի եզերքին: Մանկութեան այս երկիրը երջանկութեան աշխարհ մը չէ: Հայրը` Կարապետ Յովհաննէսեան (1827-1902), որ նմանապէս ծնած էր Խէյպիան, (աղքատ գիւղ, ուր միայն կորեկի հաց կ՛ուտէին),(16) 1865-ին դարձած էր գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ քահանայ, եւ այդ...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Անդրադարձ. Սէուտական Արաբիա Եւ Շրջանային Ուժի Հաւասարակշռութիւնը

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ Շատեր, նոյնիսկ` Լիբանանի հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի դաշնակիցները, յանկարծակիի եկան, երբ ան իր հրաժարականը յայտարարեց սէուտական պատկերասփիւռի կայանէն` ոչ համոզիչ պայմաններու մէջ: Իր հրաժարականի յայտարարութեան մէջ Հարիրի բուռն կեպով քննադատեց Իրանի քաղաքականութիւնը շրջանի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ` Հըզպալլայի մասնակցութիւնը սուրիական պատերազմին եւ անոր քաղաքական թափանցումը լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ: Նորութի՞ւն` ոչ մէկ, որովհետեւ Հըզպալլա 2013-էն ի...

Ժողովուրդը, Իշխանութիւնը Եւ Ժողովուրդի Թշնամին

Ժողովուրդը, Իշխանութիւնը Եւ Ժողովուրդի Թշնամին

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախուբը կը ներկայացնէ Հենրիք Իբսենի «Ժողովուրդի թշնամին» թատրերգութիւնը: Դէպքը տեղի կ՛ունենայ 19-րդ դարուն Նորվեկիոյ քաղաքներէն մէկուն մէջ, որուն բնակիչներէն մէկը` բժիշկ Սթոքմեն, կը յայտնաբերէ շրջանին ջերմուկներէն մէկուն թունաւորուած ըլլալը: «Մեր» «Ժողովուրդի թշնամին», բեմադրութեամբ Սուրէն Խտըշեանին, տեղի կ՛ունենայ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ եւ կը պատկանի բոլոր ժամանակներուն, այնքան ատեն որ բախում կայ արդար քաղաքացիներու եւ...

Հենրիք Իբսեն. «Ժողովուրդի թշնամին»

Հենրիք Իբսեն. «Ժողովուրդի թշնամին»

 Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ «Ժողովուրդի թշնամին» Իբսենի ամէնէն ժողովրդական թատերախաղերէն մէկն է: Շթոքմանի կերպարը Իբսենի ամէնէն հասկնալի գլխաւոր հերոսներէն է: Հեղինակը ակնյայտօրէն անոր կողմէն է: Շթոքման կը հակադրուի վախկոտ բնակիչներուն: Քանի դեռ դուրս չէ եկած ընդունուած համընդհանուր արժէքներու ծիրէն, ան բարձր դիրք ունի հասարակութեան մէջ, բայց երբ Շթոքման կը սկսի թերութիւններ բացայայտել, հասարակութիւնը յանկարծ կը  մերժէ զայն: Հենրիք Իբսեն Հենրիք Իբսեն...

Անպատժելիութեան Վերջ Դնելու Միջազգային Օր

Անպատժելիութեան Վերջ Դնելու Միջազգային Օր

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը 2013-ին ընդունեց այն բանաձեւը, որ 2 նոյեմբերը կը հռչակէ իբրեւ «Լրագրողներուն դէմ ոճիրներու անպատժելիութիւնը դադրեցնելու միջազգային օր»: Բանաձեւը կոչ ուղղած է անդամ պետութիւններուն` իրականացնելու յստակ միջոցներ, որոնք կը հակադրուին անպատժելիութեան ներկայ մշակոյթին: Թուականը ընտրուած էր 2 նոյեմբեր 2013-ին Մալիի մէջ սպաննուած երկու ֆրանսացիներու յիշատակին: Այս կարեւոր բանաձեւը կը դատապարտէ բոլոր յարձակումները եւ վայրագութիւնները, որոնք...

«Աստուածաշունչի Դաստիարակութիւնը Մեր Ազգային Դաստիարակութեան Անբաժան Մէկ Մասը Պէտք Է Ըլլայ»,   «Ազդակ»-ին Ըսաւ Հրայր Ճէպէճեան

«Աստուածաշունչի Դաստիարակութիւնը Մեր Ազգային Դաստիարակութեան Անբաժան Մէկ Մասը Պէտք Է Ըլլայ», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Հրայր Ճէպէճեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Վերջերս հրատարակած «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» հատորին մասին տեղեկութիւններ ունենալու համար «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Աստուածաշունչի ընկերութիւններու Ծոցի տարածաշրջանի տնօրէն Հրայր Ճէպէճեանին հետ` ծանօթանալու նոր հրատարակութեան նպատակին, բովանդակութեան եւ լոյս ընծայման աշխատանքներուն: «ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» նոր հատորի հրատարակութեան մասին: ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ.- «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը», որ լոյս տեսաւ քանի մը շաբաթ առաջ, հրատարակութիւնն է Աստուածաշունչի ընկերութիւններու...

Տատրակ Կամ Մշոյ Գեղամ.   Վերահաս Աղէտի Մը Արթուն Դիտորդը*

Տատրակ Կամ Մշոյ Գեղամ. Վերահաս Աղէտի Մը Արթուն Դիտորդը*

ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ «Կենսագրական պատրանք» կոչուած երեւոյթին գիտակից ըլլալով հանդերձ, պիտի փորձեմ այս հակիրճ աշխատութեան մէջ ի մի բերել որոշ դրուագներ դէմքի մը` Գեղամ Տէր Կարապետեանի կեանքէն եւ գործունէութենէն: Դէմք մը, որուն գրական եւ քաղաքական յանձնառութիւնները ծանօթ են 19-րդ դարէն 20-րդի դարձակէտի` Օսմանեան կայսրութեան հայ գրականութեան եւ պատմութեան քանի մը հազուագիւտ մասնագէտներու միայն: Իր վաստակը (պատմուածքներ, վէպ, պատմագիտական ուսումնասիրութիւններ, ուղեգրական...

Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի Կիները» Վաւերագրական Ժապաւէնը Ցուցադրուեցաւ Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի Կիները» Վաւերագրական Ժապաւէնը Ցուցադրուեցաւ Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Հինգշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2017-ին Հայկազեան համալսարանին մէջ ցուցադրուեցաւ Հայկազեանի շրջանաւարտ Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի կիները» վաւերագրական ժապաւէնը, որուն ներկայ էին մեծ թիւով ակադեմականներ, դիւանագէտներ, լրագրողներ, քաղաքական գործիչներ, հանրային դէմքեր եւ ուսանողներ: Այս առիթով  Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան յուշանուէրով մը պարգեւատրեց Պարէտ Մարոնեանը` իր ժապաւէնին ընդմէջէն Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայ կնոջ տանջանքները հարազատօրէն ներկայացնելու եւ տարածելու աշխատանքին համար: Իր...

Ցեղասպանութեան Նուիրուած «Ինթենթ Թու Տիսթրոյ»-ը` «Doc La.»-ի Լաւագոյն Վաւերագրական Ժապաւէնը

Ցեղասպանութեան Նուիրուած «Ինթենթ Թու Տիսթրոյ»-ը` «Doc La.»-ի Լաւագոյն Վաւերագրական Ժապաւէնը

«Տետլայն» /Լոս Անճելըս Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Խոստումը» ժապաւէնի արտադրութեան եւ Ցեղասպանութեան ուրացման արշաւին առնչուող «Ինթենթ թու տիսթրոյ» ժապաւէնը ընտրուած է «Doc LA.» շարժապատկերի փառատօնի լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէնը: Ճօ Պերլինկըրի արտադրած եւ բեմադրած այս ժապաւէնին մնացեալ արտադրողներն են` «Խոստումը» ժապաւէնի արտադրիչ Էրիք Էսրայէլեանը եւ Չիփ Ռոզընպլումը: Նշենք, որ նշեալ փառատօնի «Ազատութեան» մրցանակը շահած է Ռակըն եւ Ճօ Հէյլմեններու արտադրած «Էրտողան. բռնատէրի...

Արցախի Ականազերծման Նուիրուած Ցուցահանդէս «Թիւֆէնքեան» Ցուցադրասրահին Մէջ

Արցախի Ականազերծման Նուիրուած Ցուցահանդէս «Թիւֆէնքեան» Ցուցադրասրահին Մէջ

Համադրութեամբ լուսանկարիչ Արա Օշականի, հոկտեմբեր 23-էն սկսեալ լուսանկարչական ցուցահանդէս մը սկսած է Կլենտէյլի «Թիւֆէնքեան» ցուցադրասրահին մէջ` «20/20: Mine Free Karabakh Exhibition» խորագիրին ներքեւ: Արցախի ականազերծման համար դրամահաւաք իրականացնելու նպատակով կազմակերպուած սոյն ձեռնարկին ընթացքին պիտի ցուցադրուին լուսանկարիչ Սքաթ Թիւֆէնքճեանի, Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ կեդրոնի երեխաներուն եւ աշխարհի տարածքին ականազերծման արշաւներու ջատագով Բրիտանիոյ Տայանա իշխանուհիի հաւաքածոյի արխիւային լուսանկարները: Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ եղած...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Վարդգէս Նալպանտեան Կը Պարգեւատրուի «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով 29 հոկտեմբերին Կլենտէյլի Իրանահայ միութեան կեդրոնի սրահին մէջ, Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հիմնադրութեան 70-ամեակի եւ Լոս Անճելըսի Քարէն Եփփէ Ճեմարանի ընկերակցութեան հիմնադրութեան 40-ամեակի զոյգ առիթներով կազմակերպուած յատուկ հանդիսութեան ընթացքին, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի առաջարկով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրուեցաւ Ճեմարանի շրջանաւարտներէն եւ ներկայիս...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Սկանտինաւեան Ընկերվար-Ժողովրդավարութիւն. – Գ. Շուէտի Ընկերվար-Ժողովրդավարական Մտածողութեան Զարգացման Հոլովոյթը

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն ճարտարարուեստը Շուէտ մուտք կը գործէ: Շուէտը, որ ծանօթ էր իբրեւ գիւղատնտեսական երկիր, կ՛ապրէր աղքատութեան մէջ: Հասարակութեան մեծամասնութիւնը, որ կ՛ապրէր աղքատութեան մէջ, որեւէ դերակատարութիւն չունէր քաղաքական կեանքին մէջ, որովհետեւ ընտրական օրէնքին համաձայն,քուէարկութիւնը սահմանափակուած էր միայն բարձր եկամուտ ունեցողներով: Ընկերվար-Ժողովրդավարութեան Թափանցման Տարիներ Հետզհետէ ճարտարարուեստը կը զարգանայ Շուէտի մէջ` իրեն հետ զարգացնելով դրամատիրական յարաբերութիւնները: Պահպանողական կառավարութիւնները յաջորդաբար...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Արդարութեան Պահանջը` Ինտիանա Նահանգի Օրինակով

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Շնորհիւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի (ԱՀԴՅ) հետեւողական եւ ժրաջան աշխատանքներուն` Ամերիկահայութիւնը քաղաքական կարեւոր նուաճում մը արձանագրեց նոյեմբեր 6-ին, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ինտիանա նահանգը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս առիթով, Ինտիանայի նահանգապետ Էրիք Հոլքոմը յատուկ հռչակագրով մը հաստատեց մէկ ու կէս միլիոն հայերու, ինչպէս նաեւ աւելի քան մէկ միլիոն յոյներու, ասորիներու եւ սիրիանիներու դէմ օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած...

Page 757 of 1110 1 … 756 757 758 … 1,110

Արխիւներ