Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. «Մոնսանթօ». Չարիք Մը, Որ Հիմա Եւ Ընդմիշտ Դուրս Պէտք Է Մնայ Հայաստանէն

Նոյեմբեր 16, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Նոյեմբեր 1-ին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Երեւանի մէջ կազմակերպած էր խորհրդաժողով մը, որ նպատակ ունէր ներդրումներ կատարել հայաստանեան գիւղատնտեսական մարզին մէջ: Ամերիկեան դեսպանատունը Հայաստանին ներկայացուց «Մոնսանթօ» ընկերութիւնը, որպէսզի ներդրումներ կատարէ յիշեալ մարզին մէջ: «Մոնսանթօ»-ն ամերիկեան համաշխարհային ընկերութիւն մըն է, որուն գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Միզուրի նահանգին մէջ:

«Մոնսանթօ»-ն կը զբաղի սերմացուի եւ բուսական աշխարհի ծինային նախագծումով: Շինային նախագծում կը նշանակէ` վերաբաղադրուած «Տի. Էն. Էյ.»-ներու եւ «Առ. Էն. Էյ»-ներու, ծինային կերտուածքներու (բջիջէն) առանձնացման եւ ձեռնածութիւններու ենթարկման, ծինային այլ կերտուածքներու մէջ ներմուծման մեթոտներու եւ ճարտարարուեստի ամբողջութիւն: Ծինային ճարտարագիտութեան նպատակն է փորձառական մեթոտներու միջոցով տարրալուծարանային պայմաններու մէջ ստեղծել ծինային նոր յատկանիշներով օժտուած կերտուածքներ:

Ծինային փոփոխութեան ենթարկուած կերտուածքը (Genetically modified organism) այն է, որ ծինային կերտուածքը արհեստականօրէն փոխուած է ծինային ճարտարագիտութեան մեթոտներով: Այս եզրը կը կիրարկուի բոյսերու, անասուններու եւ մանրէներու ու ժահրերու համար:

«Բնապահպանական բժշկութեան ամերիկեան ակադեմիա»-ն կը ստիպէ բժիշկներուն  ծինային փոփոխութեան չենթարկուած սնունդ պատուիրել հիւանդներուն: Անոնք (Բնապահպանական բժշկութեան ամերիկեան ակադեմիա) յիշած են ուսումնասիրութիւններ, որ ծինային փոփոխութեան ենթարկուած կերտուածքը կը պատճառէ մարմնական վնասուածք, աղիքներու ու ստամոքսային եւ դիմադրողական համակարգի խանգարումներ, արագ ծերացում եւ սեռային անկարողութիւն: Նաեւ, Ամերիկեան հանրային առողջութեան ընկերութիւնն ու Ամերիկացի հիւանդապահներու ընկերակցութիւնը քանի մը բժշկական խումբերու կողքին, կը դատապարտեն  կովերու աճին վերաբերող հորմոնը, ծինային փոփոխութեան ենթարկելը, որովհետեւ ծինային փոփոխութեան ենթարկուած կովերու կաթը աւելի շատ IGF-1 հորմոն կը պարունակէ իր մէջ, ինչ որ քաղցկեղ կը պատճառէ:

Բոլոր նշուած տուեալները փաստացի են եւ ոչ միայն տեսութիւններ. «Տը ֆուտ էնտ քեմիքըլ թոքսիքոլոժի» պաշտօնաթերթը հրապարակեց առնէտներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը եւ յանգեցաւ հետեւեալ եզրակացութիւններուն. 50% արու եւ 70% էգ առնէտներ վաղաժամօրէն մահացան, իսկ ծինային փոփոխութեան ենթարկուած եգիպտացորէն կերած առնէտները երիկամներու եւ լեարդի վնասներ ունեցան:

Բոլոր նախորդ տողերը առողջապահական բնագաւառին կը վերաբերէին: Ինչ կը վերաբերի տնտեսականին, նոյն ահռելի վիճակն է: Գիւղատնտեսական ոլորտի սեփականաշնորհումի դրօշակիր ըլլալով` «Մոնսանթօ» ընկերութիւնը եգիպտացորենի, սոյայի եւ բամպակի շուկայի մենաշնորհին տէրը (Միացեալ Նահանգներու մէջ) դարձած է (ըստ «Ալթերնեթ» պարբերաթերթին):

Մէկ կողմէ վնասելով Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի առողջութեան, իսկ միւս կողմէ` խոչընդոտ դառնալով արդար շուկայական մրցակցութեան համակարգին, «Մոնսանթօ»-ն եւ իր նման ծինային փոփոխութեան ենթարկուած կերտուածքներ արտադրող ընկերութիւնները կը հանդիսանան մեծագոյն վտանգ ո՛չ միայն հայաստանցի քաղաքացիին եւ ընկերային-տնտեսական արդարութեան համար, այլ նաեւ` աշխարհի եւ մարդկութեան համար, եւ անոնց դէմ պատժական քայլեր պէտք է առնուին:

 

 

Նախորդը

Մաշկերտցի Միրաքեանների Պատմութիւնը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի 90-Ամեակին Առիթով. Դաշնակցական Համեստ Ընկերոջ Յիշատակին

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?