Քաղաքական Անդրադարձ. Ոչ Մարդասիրական Քաղաքականութիւնը
ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ Փիթըր Ուվին իր «Aiding Violence; the Development Enterprise in Rwanda» խորագիրով գիրքին մէջ կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս մարդասիրական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ ժխտական դեր ունեցան Ռուանտայի ցեղասպանութեան մէջ: Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցաւ 1994-ին: Շուրջ 100 օրուան ընթացքին մարդասիրական կազմակերպութիւններու եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան խաղաղապահ ուժերուն աչքին առջեւ սպաննուեցաւ մօտ 1 միլիոն անձ, որոնց մեծամասնութիւնը թութսի ցեղախումբին կը պատկանէր: Ռուանտայի...


















