Յօդուածներ

Ազգային Հերոսը Անբաղձալի…

Ազգային Հերոսը Անբաղձալի…

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Պատմութեան մէջ անշուշտ նորութիւն չէ երկրի մը ազգային հերոսին հեղինակազրկումը, նոյնիսկ` վարկաբեկումը: Դէպքերու արագընթաց այս ժամանակաշրջանին մէջ, երբ արժէքներու տապալումի ականատես կ'ըլլանք, որեւէ սրբութիւն երկվայրկեանի մը մէջ կարելի է նսեմացնել: Վերջին ցայտուն օրինակը  Զիմպապուէի նախագահ Ռոպերթ Մուկապէի պարագան է, որուն անդրադարձած են  միջազգային ազդեցիկ գրեթէ բոլոր լրատու միջոցները, յատկապէս` յեղաշրջման առաջին օրերուն: Կը ներկայացնենք հատուածներ` «Նիւ Եորք...

Գերմուշի Մէջ Գտնուող Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին Աւերուած Է Ու Կը Շարունակէ Աւերուիլ

Գերմուշի հայկական եկեղեցին փլուզման վտանգի տակ է: Հակառակ անոր որ 2011 թուականին եկեղեցին եւ անոր յարակից տարածքը զբօսաշրջային կեդրոն յայտարարուած էին, հետագայ 6 տարիներու ընթացքին այնտեղ որեւէ աշխատանք չէ կատարուած: Իսկ գանձագողերուն  փորած խոր փոսերը մեծ վտանգ կը ներկայացնեն եկեղեցիին համար:  Գերմուշի (Գամուրջ, Կամուրջ) Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որ կը  գտնուի Ուրֆա կեդրոնէն 10 քմ դէպի հիւսիս-արեւելք ու կառուցուած է 19-րդ...

Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Տիկնանց Յանձնախումբ.  Ճաշկերոյթ` Վերամուտի Առիթով

Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Տիկնանց Յանձնախումբ. Ճաշկերոյթ` Վերամուտի Առիթով

Ուրբաթ,  10 նոյեմբեր  2017-ին,  վերամուտի  առիթով Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի Տիկնանց  յանձնախումբին կազմակերպած ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի «Քարքեթ Էլ Հաժ»   ճաշարանին մէջ` նախագահութեամբ քոլեճի ծնող Մեղրի Արսլանեանին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետ Ծովիկ Գէորգեանը, որ ողջունեց ներկայ ծնողներն ու բարեկամները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` հաստատելով,  որ ձեռնարկը կը  միտի հաճելի մթնոլորտի մէջ համախմբելու ծնողներն ու բարեկամները,  միաժամանակ իր  հասոյթով...

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի 2017-2018 Տարեշրջանի Սկաուտական Վերամուտ

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի 2017-2018 Տարեշրջանի Սկաուտական Վերամուտ

Շաբաթ, 14 hոկտեմբեր 2017-ի յետմիջօրէին, Շրջանային վարչութեան, շրջանային սկաուտական խորհուրդին ու խմբապետութեան, ծնողներու եւ բարեկամներու հոծ ներկայութեամբ ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի 2017-2018 տարեշրջանը, որ կը զուգադիպի ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին: Ակումբի մայր դրան սեմին ցուցադրուած էր ՀՄԸՄ-ի հսկայ վահանը` կազմուած շիշերու կափարիչներով: Պատրաստուած էին նաեւ ինքնաշարժի փոքր զարդեղէններ, որոնց վրայ ներկուած էր ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան նշանակը, եւ որոնք բաժնուեցան բոլոր ներկաներուն: Դաշտին...

Մկրտութեան Խորհուրդի Վերահաստատման Խոստումի Արարողութիւն` Մեսրոպեանի Մէջ

Մկրտութեան Խորհուրդի Վերահաստատման Խոստումի Արարողութիւն` Մեսրոպեանի Մէջ

7 նոյեմբեր 2017-ը յիշարժան օր մը եղաւ ըլլայ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ անոնց ծնողներուն համար. այդ օր աշակերտները կատարեցին իրենց մկրտութեան խորհուրդի վերահաստատման խոստումը` պատանի տարիքին մէջ խոստանալով ըլլալ այն, ինչ որ իրենց մանկահասակ տարիքին` սուրբ մկրտութեան ատեն կնքահօր բերնով յանձնարարուած էր իրենց` որպէս հաւատաւոր քրիստոնեաներու: Մկրտութեան խորհուրդի վերահաստատման խոստումի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ սուրբ...

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ներկայացուց իր աշխատութիւնը Միջին Արեւելքի տագնապին մասին

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ներկայացուց իր աշխատութիւնը Միջին Արեւելքի տագնապին մասին

Agencia Prensa Armenia, Արժանթինեան «Փայիտոս» հրատարակչատունը անցեալ օգոստոսին լոյս ընծայեց Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի աշխատասիրութիւնը` Միջին Արեւելքի տագնապին մասին: Գիրքը հրատարակուեցաւ «Ամէն ինչ, որ անհրաժեշտ է իմանալ» շարքին մէջ` «Ամէն ինչ, որ անհրաժեշտ է իմանալ Միջին Արեւելքի տագնապին մասին» խորագիրով: Գիրքին մասին անդրադարձաւ արժանթինեան գրաւոր եւ բանաւոր մամուլը, ի մասնաւորի` ամենատարածուն «Քլարին» օրաթերթի շաբաթական յաւելուածը, ուր գրախօսական մը լոյս տեսաւ, նաեւ`...

Խմբագրական.  Անկախութեան Եւ Գերիշխանութեան Խորհուրդով`  Ճգնաժամերը Յաղթահարելու Կամքը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

Խմբագրական. Անկախութեան Եւ Գերիշխանութեան Խորհուրդով` Ճգնաժամերը Յաղթահարելու Կամքը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

Լիբանանի հերթական անկախութեան տօնը այս տարի բոլոր նախադրեալներն ու պատճառները ունէր արժանավայել շուքով եւ համարժէք տարողութեամբ նշուելու: Երկիրը երկար ոդիսականներէ ետք վերադարձած էր բնականոն ընթացակարգային հուն  եւ ըստ այնմ նաեւ կ՛իրականացնէր անընդհատ ձգձգուող, յամեցող, սառեցուած թնճուկներու քայլ առ քայլ լուծումը: Իսլամական պետութեան շիջումին անմիջապէս կը յաջորդէր տարածաշրջանային մակարդակով քաղաքական նոր ճգնաժամի հասունացումը, երբ Ռիատը շեշտակիօրէն նոր սրութիւն կու տար հակաիրանեան...

Ամէնէն Կարեւորը Քաղաքացիական Անվտանգութեան Պահպանումն Է (Լիբանանի Անկախութեան 74-ամեակին Առիթով)

Ամէնէն Կարեւորը Քաղաքացիական Անվտանգութեան Պահպանումն Է (Լիբանանի Անկախութեան 74-ամեակին Առիթով)

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Այս տարի Լիբանանի անկախութեան տօնը կը նշուի բաւականին տագնապալի պայմաններու մէջ: Թէեւ զարմանալի չէ այս երեւոյթը, որովհետեւ վերջին աւելի քան մէկ տասնամեակին ընթացքին երկրին վիճակը նուազ տագնապալի չէր եղած, սակայն այս տարին որոշ չափով իր իւրայատկութիւնը ունի այն իմաստով, որ կը թուէր, թէ անցնող տարուան ընթացքին երկիրը վերջապէս բռնած էր հաստատութենական աշխատանքի բնականոնացման ուղին: Իշխանութեան պետերու մակարդակով կնքուած...

Լիբանանի Անկախութեան 74-ամեակ. Առանց Ինքնիշխան Ղեկավարութեան Ի՜նչ Երկրի Անկախութիւն Կամ Բարե՜ւ Լիբանան

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Հաւանաբար ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, բարե՜ւ լիբանանցի կամ լիբանանցիներ: Թէ ինչո՞ւ կը նշենք կամ կը շեշտենք, այս պարագային, երկրին անունը, պարզապէս որովհետեւ, ըստ մեզի, եւ շատ-շատերու,  տակաւին չունինք այն սրբազան համոզումը, ոչ ալ ըմբռնած ենք այն վճիտ իրականութիւնը, որ Լիբանան իր աշխարհագրական տարածքով, անկախութեամբ, դրօշով, քայլերգով, պատմութեամբ, մշակոյթով, պետական կառոյցներով եւ գերիշխան ապրելու արդար երազո՜վ հանդերձ, չենք ընդունած,...

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտները Այցելեցին Լիբանանի Նախագահական Պալատ

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտները Այցելեցին Լիբանանի Նախագահական Պալատ

Ուրբաթ, 17 նոյեմբեր 2017-ին Ազգային միացեալ վարժարանի երկրորդականի եւ արհեստիցի աշակերտները, ընկերակցութեամբ վարժարանի կրթական պատասխանատու Գրիգոր Էքմաքեանին եւ ուսուցիչներուն, մեկնեցան Լիբանանի նախագահական պալատ, ուր ծանօթացան պալատի բաժանմունքներուն, ժողովասրահներուն եւ մամլոյ ասուլիսի սրահին: Աշակերտները պալատ այցելելով` մօտէն իրազեկ դարձան նախագահական պալատի եւ նախագահներու աշխատանքներուն: Աւարտին, աշակերտները հանդիպում մը ունեցան Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աունի հետ: Այս առիթով, կոկիկ գեղարուեստական յայտագիրէն...

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի.  Ապահովենք Հասարակութեան Մասնակցութիւնը

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Ապահովենք Հասարակութեան Մասնակցութիւնը

Ժողովրդավարական կառավարման համակարգը կիրառած երկրները երբեմն կանգնում են հէնց ժողովրդավարութիւնից բխած դժուարութիւնների առաջ: Հարցը նրանում է, որ ժողովուրդն ինքնին ինչքանով է պատրաստ կիրառել իրեն տրուած լիազօրութիւնները եւ, բնականաբար, պատասխանատուութիւնը կառավարման համակարգում մասնակից դառնալու եւ իր ճակատագիրը տնօրինելու համար: Ժողովրդավարական սկզբունքից ելնելով` այդ լիազօրութիւնից օգտուելը ժողովրդի բացարձակ իրաւունքն է: Ժողովրդավարութեան համակարգի կիրառումը պէտք չէ միայն սահմանափակել ընտրութիւններին մասնակցութեամբ եւ ձայն տալու...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ ՀՅԴ-ի Կազմակերպութեամբ, Վաստակաշատ Բժիշկներ Հանդիպած Են Բժշկական Համալսարանի Ուսանողներու Հետ ՀՅԴ-ի կազմակերպութեամբ, վաստակաշատ բժիշկներ հանդիպած են Բժշկական համալսարանի ուսանողներու հետ: Նոյեմբեր 10-12 ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան հրաւէրով ՀՅԴ Պռօշեանի գրասենեակին մէջ հաւաքուած են Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի մօտաւորապէս 30 ուսանողներ: «Խորհուրդ բժիշկէն» խորագիրը կրող եռօրեայ սեմինար-քննարկումներու ընթացքին ապագայ բժիշկները հանդիպեցան մօտաւորապէս մէկ տասնեակ վաստակաշատ բժիշկներու հետ`քննարկելով...

Պատմական.  Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

Պատմական. Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

Սէուլի Վերագրաւումը Ամերիկեան Եւ Հարաւքորէական Ուժերուն Կողմէ - Ճակատի Գիծի Կայունացում Եւ Դիրքային Կռիւներ 38-րդ Հորիզոնականին Վրայ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ամերիկացի զինուորներ յարձակման պահուն 1951 փետրուարին Չինական եւ հիւսիսքորէական բանակներուն կողմէ Սէուլի գրաւումէն ետք, 1951 յունուարի սկիզբը, ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերը արեւմուտքի մէջ` Սուվոնի շուրջ, կեդրոնական գօտիին մէջ` Վոնճուի շուրջ եւ արեւելեան կողմը` Սամչէքի շուրջ կեդրոնացան: Ճակատի գիծը կայունացաւ: Չինական բանակը...

Լաւալի ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութիւնը նշեց իր 25-ամեակը

Լաւալի ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութիւնը նշեց իր 25-ամեակը

Կիրակի, 19 Նոյեմբեր 2017-ին, Բաստրմաճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լաւալի ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւն, կազմակերպութեամբ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան: Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով բացումը կատարուեցաւ ձեռնարկին, կատարողութեամբ Համազգայինի «Քնար» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ տիկին Լոռի Անթունեանին, դաշնակի ընկերակցութեամբ տիկ. Ռիթա Շամլեանին: Ձեռնարկի բեմավարներ ընկերուհի Մարի Յովհաննէսեան եւ ընկեր Արարատ Թորոսեան բացման խօսքով հանդէս եկան, որոնք ողջունելէ ետք ներկաները, մէջբերեցին Սիմոն Զաւարեանին ուղղուած...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յաչս Պտղատու Եւ Բերքառատ Արցախին

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յաչս Պտղատու Եւ Բերքառատ Արցախին

Քսան տարիէ ի վեր, Նոր աշխարհ հաստատուած հայորդիին համար  «Գոհաբանութեան օր»-ը կը նշանակէ պարզ ու մեկին` «Արցախի օր»: Այդ օր, մեր կիզակէտը «Հայաստան» հիմնադրամի կազմակերպած դրամահաւաք-թելեթոնն է, որ ամբողջ ամերիկահայութեան ուղղուած է: «Հայաստան» հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան լոզունգը «Բերքառատ Արցախ» է, որուն նպատակն է խթանել մշակը, բանուորն ու երկրագործը աւելի՛ եւս կառչած մնալու հողին: Զանազան տարածաշրջաններու ոռոգումն ու...

Նամականի

Անդրադարձ. Հայաստանի Հողագործութեան Բնագաւառի Խնդիրները

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Արմենիա» հեռատեսիլի 11 սեպտեմբեր 2017-ի երեկոյեան լուրերու հաղորդումը անդրադարձաւ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան միամեայ գործունէութեան: Նախարարը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին թուեց գիւղատնտեսութեան մարզի 9 գլխաւոր խնդիրները: Վիճակագրութիւնը կը հրապարակուի տարեվերջին: Նախարար Իգնատի Առաքելեանի մամլոյ ասուլիսը «Գլխաւոր խնդիրներն են` 1.- Գիւղտեխնիկան (հողագործութեան մեքենաները - Յ.Չ.) բաւարար չեն: 2.- Վարկերու տոկոսները բարձր են: 3.- Ոռոգման համակարգը թերի է: 4.- Չկայ հողագործութեան ապահովագրութիւն:...

Փետրուարեան Ընդվզում

Դասեր Քաղելով Բաւարարուի՞նք

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Նախարարը շատ կարճ ժամանակուան մէջ (հազիւ մէկ օր) հասցուց մամլոյ ասուլիս տալ` Լոս Անճելըսի հայկական թերթերու եւ հեռատեսիլի կայաններու մասնակցութեամբ, ապա` հանդիպիլ համայնքին մէջ գործող գլխաւոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ եւ հրապարակային ելոյթ ունենալ` առիթ տալով ներկաներուն հարցումներ ուղղելու: Մամլոյ ասուլիսի եւ իր միւս ելոյթներուն ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը ցուցաբերեց տիրապետում` իր ղեկավարած կառոյցի բոլոր մանրամասնութիւններուն: Ամէնէն կարեւորը այն է,...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Եկեղեցիներու Միութեան Նուիրուած Միջեկեղեցական Արարողութեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովը Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները

16 նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայութեամբ եւ Երուանդ Փամպուքեանի ատենապետութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովի քարտուղարութեան նիստը: Վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անմիջական հովանաւորութիւնը վայելող ներկայ յանձնաժողովին կ՛անդամակցին հայագէտներ ու լեզուագէտներ` սփիւռքի զանազան գաղութներէն: Անոր վարիչ-քարտուղարութիւնը ստանձնած է Ժիրայր Դանիէլեան, որ միաժամանակ Կաթողիկոսարանիս հայագիտական դասընթացքի տեսուչն է եւ դասախօս` դպրեվանքին մէջ: Յանձնաժողովը լծուած...

Հայը… Մենք Ենք

Հայ Երգն Ու Հայկական Ռատիոկայանները

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Պատանեկութեանս տարիներէն մինչեւ կանուխ երիտասարդութեան տարիներս` հայերէն երգ եւ երաժշտութիւն ունկնդրելու պատեհութիւնները հազուադէպ էին, իսկ կանուխ մանկութեանս տարիներուն` շատ աւելի նուազ, քանի որ հազուագիւտ էին ձայնասփիւռ ունեցող ընտանիքները: Լիբանանի պետական ռատիոկայանը ունէր երկու բաժանմունք` արաբական եւ եւրոպական: Կարիքը չկայ յիշեցնելու, որ արաբական բաժնէն կը ձայնասփռուէր միայն արաբերէն երգ ու երաժշտութիւն, իսկ եւրոպականէն` ֆրանսերէն, անգլերէն, իտալերէն, ինչպէս նաեւ` քանի...

Սուրիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Ընդունեց Սուրիա-Հայաստան Գործարար Խորհուրդի Նախագահը

Սուրիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Ընդունեց Սուրիա-Հայաստան Գործարար Խորհուրդի Նախագահը

Հինգշաբթի, 16 նոյեմբեր 2017-ին Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համուտա Սապպաղ ընդունեց Սուրիա-Հայաստան գործարար խորհուրդի անդամներ` խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեանը, խորհուրդի փոխնախագահ Շահէ Եագուպեանը եւ գանձապահ Պատրիկ Այտընեանը, ներկայութեամբ Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեանին եւ յանձնախումբի անդամներուն: Հանդիպումին առանցքը կազմեցին Սուրիա-Հայաստան տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները: Սապպաղ իր խօսքին մէջ հաստատեց երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան կարեւորութիւնը` երկու...

Page 753 of 1110 1 … 752 753 754 … 1,110

Արխիւներ