Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Անդրադարձ. Ոչ Մարդասիրական Քաղաքականութիւնը

Նոյեմբեր 27, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Փիթըր Ուվին իր «Aiding Violence; the Development Enterprise in Rwanda» խորագիրով գիրքին մէջ կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս մարդասիրական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ ժխտական դեր ունեցան Ռուանտայի ցեղասպանութեան մէջ:

Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցաւ 1994-ին: Շուրջ 100 օրուան ընթացքին մարդասիրական կազմակերպութիւններու եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան խաղաղապահ ուժերուն աչքին առջեւ սպաննուեցաւ մօտ 1 միլիոն անձ, որոնց  մեծամասնութիւնը թութսի ցեղախումբին կը պատկանէր: Ռուանտայի կառավարութիւնը մենաշնորհն էր հութու ցեղախումբին եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, որոնք ծրագրեցին ցեղասպանութեան ենթարկել թութսիները:

Հետաքրքրական է, որ թութսիներու ցեղասպանութեան մեթոտը շատ մօտ էր Հայոց ցեղասպանութեան: Ցեղապաշտութիւնը եւ ատելութինը հսկայ դեր ունեցան այս ահաւոր ոճիրին մէջ, ապա հութու կառավարութիւնը գրաւեց թութսիներուն կալուածները եւ զանոնք բաժնեց հութուներուն:

Պատմութեան ընթացքին միշտ ալ հակամարտութիւն տեղի ունեցած էր այս երկու ցեղախումբերուն միջեւ, սակայն պելճիքական գաղութատիրութիւնը մեծապէս օժանդակեց, որ հութուները թափանցեն երկրի բանալի ասպարէզներուն մէջ եւ մեկուսացնեն թութսիները:

Երբ Ռուանտա անկախութիւն ստացաւ, արեւմտեան երկիրները սկսան հսկայական դրամական օժանդակութիւն տրամադրել կառավարութեան. 1994-ին Ռուանտայի պիւտճէին 70 առ հարիւրը ֆինանսաւորուած էր մարդասիրական կազմակերպութիւններուն կողմէ: Այս կազմակերպութիւնները կը բարելաւէին կառավարութեան դիմագիծը` միջազգային ատեաններուն մէջ եւ աչք կը փակէին կառավարութեան ոճիրներուն դիմաց: Իսկ երբ արդէն յստակ էր, որ երկրին մէջ կատարուածը ծրագրուած ցեղասպանութիւն է, այս կազմակերպութիւնները ոչ մէկ ճիգ թափեցին կասեցնելու անմարդկային ոճիրները, այլ ընդհակառակն, անոնք շարունակեցին իրենց բացասական աշխատանքը:

Հետաքրքրական է, որ նոյնիսկ Աֆղանիստանի պատերազմին ընթացքին արեւմտեան ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը ամսական կը յատկացնէին ո՛չ միայն աֆղան մուժահետներու ընտանիքներուն, այլ նաեւ` անոնց, որոնք կը կռուէին խորհրդային ուժերուն դէմ: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները կորսնցուցած էին իրենց չէզոքութիւնը եւ դրամական օգնութիւն տրամադրելով մուժահետներուն, գաղթականներուն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու քողին տակ անոնք զուտ հակախորհրդային քաղաքականութիւն կը հետապնդէին եւ երկրին մէջ պատերազմին անուղղակիօրէն միջամուխ կ՛ըլլային:

Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր, որ բոլոր մարդասիրական ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները այսպէս են: Բազմաթիւ մարդասիրական կազմակերպութիւններ նոյնիսկ զոհեր տուին իրենց գործին ժամանակ, իսկ սուրիական տագնապին ընթացքին այս կազմակերպութիւնները ունեցան իրենց ժխտական կամ դրական դերը: Սակայն ժամանակը հասած է, որ վերատեսութեան ենթարկուին այս կազմակերպութիւններուն առաքելութիւնը եւ անոնց ետին կանգնող անձերն ու նպատակները:

Մարթին Լութըր Քինկ ըսած է. «Եթէ անարդարութեան ժամանակ դուն չէզոք ես, ապա դուն բռնակալին կողմնակից ես»: Այսօրուան իրավիճակը դժբախտաբար այս է. մարդասիրական քաղաքականութիւնը վերածուած է ոչ մարդասիրական քաղաքականութեան մը, եւ մեծ երկիրները իրենց քաղաքական օրակարգերը յառաջ մղելու համար ի նպաստ իրենց կ՛օգտագործեն այսպիսի կազմակերպութիւններ:

Yeghia.tash@gmail.com

Նախորդը

Տարածաշրջանային Հիմնահարցերու Քննարկումը` «Հայ Դատն Այսօր» 13-րդ Խորհրդաժողովի Ընթացքին

Յաջորդը

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւին Առիթով

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?