Տեսակէտ. Պոլսոյ Կրօնական Ժողովի Որոշումը…
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Երկար քաշքշուքէ ետք Պոլսոյ Կրօնական ժողովը Արամ արք. Աթէշեանը նշանակեց կամ աւելի ճիշդը վերանշանակեց Պոլսոյ պատրիարքարանի փոխանորդ: Թուրքիոյ իշխանութեան «խնդրանք»-պարտադրանքը իրագործուեցաւ շնորհիւ Պոլսոյ պատրիարքարանի Կրօնական ժողովին եւ աշխարհական կարգ մը ջոջերու միջամտութեան, ինչպէս` Պետրոս Շիրինօղլու եւ նմանները: Տասը միլիոն հայութեան կամքը ոտնակոխող այս որոշումը միա՛յն թրքական իշխանութիւնները գոհացնող քայլ մըն է: Յիշեցնելու գնով ըսենք. Ա.- Երբ Գերմանիոյ խորհրդարանը...



















